«Ելի՛ր, լուսաւորուէ՛, որովհետեւ քու լոյսդ եկաւ եւ
Տիրոջ փառքը քու վրադ ծագեցաւ» (Ես 60.1)
Հաւատացեա՛լ հայորդիներ,
Աստուծոյ ստեղծագործութեան առաջին օրուան առաջին արարքը լոյսի ստեղծումն էր: Երբ համատարած խաւար էր, Աստուած նախ եւ առաջ լոյսը ստեղծեց` որպէս Իր ինքնութեան յայտնութեան ամենաառաջին նշանը, եւ որպէսզի ստեղծուելիք մարդը Իր լոյսովը ապրի: Եւ Աստուած Իր ստեղծած մարդը դրաւ արեւելքի մէջ հաստատուած դրախտին մէջ, ապրելու եւ վայելելու ստեղծագործութեան բարիքները: Մարդը իր Արարիչին կամքին հակառակ գործեց եւ անհնազանդ գտնուեցաւ, ուստի արտաքսուեցաւ աստուածային լոյսէն ու փառքէն, ինկաւ մեղքին ու մահուան` խաւարին մէջ, ինչպէս որ Տիրոջ փառքէն Արուսեակը անգամ մը ինկած էր (Ես 14.12): Մարդը մնաց լքուած, անտեսուած ու անզօր` առանձինն վերաշահելու Տիրոջ լոյսն ու փառքը:
Այս պատճառով այսօ՛ր մարդասէրն Աստուած Իր Որդիին մարդեղացումով ու ծնունդով վերստին Իր սէրը կը յայտնէ մարդուն եւ մեզի կը մօտենայ մեզ փրկելու յաւիտենական կորուստէն:
Այսօր բազմագութն Աստուած Իր օգնութեան ու օժանդակութեան ձեռքը կ՛երկարէ անկեալ մարդկութեան, որպէսզի մեզ մեղքի տիղմէն ու խաւարէն, մահուան մոռացութենէն ու մթութենէն դուրս` Իր Լոյսին բերէ:
Այսօր երկրորդ Ադամը` Յիսուս Քրիստոս, Ս. Կոյս Մարիամի միջոցով մեր մարմինէն մարմին կ՛առնէ եւ զայն էապէս ու խորապէս պայծառակերպելով` մեզ վերստին Աստուծոյ պատկերին ու նմանութեան լոյսով արքայութեան ու դրախտին ժառանգորդ կը դարձնէ:
Այսօր աստուածայայտնութեան փրկագործական լոյսի խորհուրդով կը փափաքինք սկսիլ մեր նոր ու նորոգուող կեանքը, յուսադրող նոր տարիով մը, մշտանորոգ պատգամովը մեծ մարգարէին` Եսայիի, որուն ճամբով ողջ մարդկութեան կ՛աւետուի գալուստը Փրկիչին` Օծեալին, որ Իր յաւիտենական լոյսով պիտի նորոգէ տիեզերքը ու ստեղծագործութեան պսակը եղող մարդը: Ամովսի որդին ապագայատեսիլ խօսքերով կը հրաւիրէ իր հաւատակիցները` դուրս ելլելու եւ յառաջանալու յուսահատութեան թունաւոր մթնոլորտէն, վեր բարձրանալու կրաւորական ու անիմաստ սպասողական վիճակէն, ծագելու` լուսաւորուելու եւ ընդունելու նոր ծագող Տիրոջ փառքը:
Արդարեւ, մարգարէին խօսքը ազդեցիկ ու յուսադրող էր իր օրերուն. նոյն թարմութիւնը ունեցաւ քրիստոնէութեան սկզբնաւորութեան. այսօր եւս կը շարունակէ մնալ եւ պահել իր այժմէական ու դրական ազդեցութիւնը ժամանակակից հաւատացեալին համար, որովհետեւ անոր հիմնաւորումը ո՛չ թէ երկրաւոր կամ նիւթեղէն լոյսի մը կամ փրկութեան յոյսի մը գալուստով պայմանաւորուած էր, այլ նոյնինքն Տիրոջ լոյսին ու Աստուծոյ փառքին` Ամենազօրին յաղթական միջամտութեամբ իր ժողովուրդի կեանքին ընթացքին. «Քու ողորմութեամբդ առաջնորդեցիր այս ժողովուրդը, որ դուն փրկեցիր» (Ելք 15.13):
Այս տարուան պատգամին համար նկատի ունեցանք հոգեւոր խորհրդածութեան բանալի ու բնաբան վերի խօսքերը, որովհետեւ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան ժամանակամիջոցին երկինքին մէջ մոգերուն եւ Պաղեստինի վրայ երեւցող Բեթղեհէմի աստղը աւետումն էր Լոյսի ծնունդին:
Այս իւրայատուկ աստղին երեւումին մասին խոկում կատարելէ առաջ, պահ մը դառնանք մարգարէական պատգամին եւ քանի մը մատնանշումներ կամ յիշեցումներ կատարենք: Այսօր մեծ մարգարէն մեզ կը հրաւիրէ` «ելի՛ր» կամ «ե՛լ», այսինքն` նստած, թմրած ու անշարժացած տեղէդ, ոտքերուդ վրայ կանգնէ նոր կեանքի մը համար, Աստուծոյ փառքին զօրութեամբ լուսաւորուած: Այս խօսքը լաւագոյնս հասկնալու համար տեսնենք նմանօրինակ արտայայտութիւններ մասնաւորաբար Նոր Կտակարանին մէջ:
Յիսուս տասներկու տարեկան Յայրոսի ննջող` մեռած աղջկան նոյն բառը կը գործածէ` «կումի՛, ե՛լ» (Մր 5.41) եւ զինք կեանքին կը վերադարձնէ: Յովհաննու Աւետարանին մէջ արձանագրուած կը գտնենք Բեթհեզդայի (հինգ սրահ) անդամալոյծին բժշկութիւնը, ուր Տէրը մարդուն նոյն բայը գործածելով` պիտի ըսէր. «Ե՛լ, մահիճդ առ ու քալէ՛» (Յհ 5.8) եւ առողջացած հիւանդը անմիջապէս ոտքի ելլելով պիտի քալէր: Աւելի կարեւոր դէպքի մը ընթացքին Տէրը Մարթային պիտի ըսէր. «Եթէ հաւատաս` Աստուծոյ փառքը պիտի տեսնես» (Յհ 11.40) եւ անոր այդ լոյսի ու կեանքի փառքէն ցոյց պիտի տար, երբ փակուած քարայրէն բարձր ձայնով դուրս պիտի կանչէր. «Ղազարո՛ս, դո՛ւրս եկուր» (Յհ 11.43) եւ զայն մահուան խաւարէն լոյսին պիտի բերէր (Սղ 36.9), ինչպէս որ ժամանակներու սկիզբը խաւարէն լոյսին բերած էր Իր ստեղծագործութիւնը (Ծն 1.3): Տէրը, Դամասկոսի մուտքին մոլորած ու մոլեգնած Սօղոսին, աչքի լոյսէն զրկելէ ետք, սակայն, անոր պիտի ղրկէր Անանիան` թելադրելով «ոտքի՛ ել» (Գրծ 9.11) եւ գնա՛, բժշկէ՛ ու լոյսի՛ն բեր Պօղոսը` հեթանոսաց առաքեալը: Վերջապէս, Պօղոս առաքեալ եփեսացիներուն գրած իր նամակին մէջ պիտի յիշէր քրիստոնէական հնագոյն հոգեւոր երգի մը բառերը, որոնց համաձայն, ծածկուած արարքները կը յայտնուին Քրիստոսի լոյսով, եւ փոխ առնելով Եսայի մարգարէի մտածումներէն` պիտի յայտարարէր. «Արթնցի՛ր, ո՜վ քնացած. դո՛ւրս եկուր մեռելութենէդ, եւ Քրիստոս պիտի լուսաւորէ քեզ» (Եփ 5.13-14):
Երբ մարդ կը գիտակցի ու կը հաւատայ Աստուծոյ ու Անոր ներ-գործող զօրութեան, այն ատեն Տիրոջ լոյսն ու փառքը կը յայտնուին մարդոց, եւ անոնք թէ՛ կը լուսաւորուին, թէ՛ Տիրոջ աստղն ու անոր լոյսը կրնան տեսնել: Այսպէս պատահեցաւ «դաշտերուն մէջ… պահակութիւն» ընող հովիւներուն, որոնք տառացիօրէն մարգարէական խոստումին արժանացան` «Տիրոջ փառքը լոյսի պէս անոնց վրայ ծագեցաւ» (Ղկ 2.8-9): Այսօր կանխասաց մարգարէն մեզ քաջալերելով` դարձեալ կը հրաւիրէ վերագտնելու մեր մէջ աստուածային լոյսը, ոտքի ելլելու` գերեվարուածի կամ ստրկացողի հոգեբանութենէն, մեղքի ու տգիտութեան խաւարէն, մեր միտքն ու հոգին վեր` երկինք բարձրացնելու, տեսնելու Աստուծոյ փրկութեան լոյսն ու փառքը, տեսնելու Բեթղեհէմի աստղը եւ անոր ճամբով տեսնելու եւ ընդունելու նորածին Փրկիչը, որ իր կարգին մեզի պիտի ներկայանայ որպէս «առաւօտեան լոյս» (Ամս 5.8), աւելի ճիշդը` «Առաւօտեան Աստղը», որ կը «ծագի ձեր սիրտերուն մէջ» (Բ. Պտ 1.19, Յյտ 2.28, 22.16) եւ փրկութեան աւետիսով ցնծութիւն եւ ուրախութիւն կը պարգեւէ:
Մարդկութեան Փրկիչին գերմարդկային էակ մը ըլլալու իրողութիւնը յայտնաբերող բազմաթիւ նշաններէն գեղեցկագոյնը, վստահաբար, Անոր ծննդեան օրերուն արեւելքի հեռաւոր հորիզոններուն վրայ երեւցող լուսաւոր, փայլուն ու իւրայատուկ աստղն էր: Աստղերը Տիրոջ կողմէ ստեղծուած (Ծն 1.16) երկնային լուսատու մարմիններ կամ մոլորակներ են (Ծն 1.14-19), անոնք երկինքի զարդերն են (Բ. Օր 4.19), որոնց թիւը հակառակ անոր որ անհաշուելի է (Ծն 15.5), ինչպէս` ծովու աւազները (Ծն 22.17), սակայն Տէրը զանոնք կը համրէ (Սղ 147.4), զանոնք կը կնքէ (Յոբ 9.7) ու զանոնք իրենց անուններով գիտէ (Ես 40.26), իսկ անոնք անբարբառ Տիրոջ փառքը կը պատմեն (Սղ 19.1,3, Յոբ 38.7):
Այսպէս պատահեցաւ Յիսուսի ծնունդին, երբ Մատթէոսի Աւետարանին պատումին համաձայն, արեւելքէն անծանօթ մարդիկ` «մոգեր», այդ օրերու իմաստուն նկատուած աստղաբաշխներ, առաջնորդուած յատուկ աստղէ մը, ինչպէս հին օրերուն անապատին մէջ ու Կարմիր ծովէն եբրայեցիները առաջնորդած եւ փրկած էր (Ելք 14.19), անոնք եկան Երուսաղէմ եւ տարօրինակ հարցում մը հարցուցին. «Ո՞ւր է հրեաներու նորածին թագաւորը», որովհետեւ յայտարարեցին` «մենք տեսանք անոր աստղը» (Մտ 2.2): Օրուան թագաւոր Հերովդէս ասիկա լսելով` «վրդովեցաւ» եւ կանչեց ու իր ստուգումները կատարեց «աստղին երեւելուն ժամանակին» մասին (Մտ 2.7): Մոգերը թագաւորին քովէն երբ դուրս ելան ու «կրկին տեսան այն աստղը», «չափազանց ուրախացան» (Մտ 2.9) եւ «աստղը առաջնորդեց զիրենք» ու «կեցաւ այն վայրին վրայ» (Մտ 2.10), Երուսաղէմի հարաւակողմը գտնուող Բեթղեհէմի մսուրներէն մէկուն վրայ (Ղկ 2.7), ուր «երեխան (նորածինը) կը գտնուէր» (Մտ 2.10):
Այս դրուագը մեկնողները բազմակարծիք են: Երբեմն իրական աստղի մը կամ աստղային մարմինի մը շարժումին կը կապեն: Երբեմն համեմատութեան մէջ կը դնեն Հին Կտակարանի դէպքի մը կամ մարգարէութեան մը` Յակոբի աստղին (Թւ 24.17) եւ թագաւորներ նուէրներ պիտի բերեն (Սղ 72.10): Ամենահաւանականը ու սուրբգրայինը կը թուի ըլլալ նոյնացումը հրեշտակի մը կամ հրեշտակաց խումբի մը հետ, որուն լաւագոյն ապացոյցը ո՛չ միայն նոյնինքն նկարագրութիւնն է, «Տիրոջ հրեշտակը անոնց երեւցաւ» (Ղկ 2.9) կամ «հրեշտակին միացաւ երկնաւոր զօրքերու բազմութիւն մը» (Ղկ 2.13), այլեւ` յատկապէս Յայտնութեան գիրքին բացայայտ վկայութիւնը, թէ` «եօթը աստղերը եօթը եկեղեցիներուն հրեշտակներն են» (Յյտ1.16,20): Ուրեմն, մարդեղացեալ Տիրոջ` Աստուածորդիին յայտնութիւնը տեղի ունեցաւ «փայլող լուսատեսիլ» աստղով մը, որ նոյն ատեն պատգամաբեր, առաջնորդող ու աւետող հրեշտակ մըն էր եւ մոգերուն միջոցաւ մարդկութեան յայտնեց, թէ մարդկութիւնը լուսաւորող «անստուեր», «անապական», գերազանց Լոյսը` Յիսուս Քրիստոս, «Նոր Արքան ծնաւ Բեթղեհէմ քաղաքին մէջ»:
Մեր Փրկիչին ծննդեան տօնը մարդկութեան կու տայ նոր յոյս մը` ապրելու կեանքը իր երկրաւոր բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն մէջ, առանց յուսահատելու կամ ընկրկելու: Այսօր ալ մեր երկրի ու ժողովուրդի տագնապալի իրավիճակին մէջ հարց տանք մենք մեզի. կը շարունակե՞նք տեսնել Անոր աստղը արեւելքի մէջ: Մեր սրտի ու մտքի գլուխները կը բարձրացնե՞նք «աշխարհի լոյսին», «որ կեանքին կ՛առաջնորդէ» (Յհ 8.12): «Արդարութեան Արեգակ»-ը (Մղ 4.2), որ մեզի համար ծագեցաւ` մեզ լուսաւորելու (Ղկ 1.78), Իրմով մեզ լաւատես կը դարձնէ՞, Իր լոյսով ու աստղով մեզ կ՛առաջնորդէ՞ կեանքի վերիվայրումներուն ու տագնապալի կացութիւններուն մէջէն, մենք որ` «խաւար էինք, սակայն հիմա որ Տիրոջ միացանք, լոյս» ենք (Եփ 5.8). կ՛ապրինք լոյսին ու լոյսի որդիներուն վայել, արդար ու աստուածահաճ կեանք մը: Մեր ոտքերուն վրայ կրնա՞նք կանգնիլ ծնեալ Փրկիչը դիմաւորելու եւ Իր ներկայութեամբ յուսալքութենէն վերականգնումը պիտի կարենա՞նք ապրիլ եւ ապրեցնել: Ներքին խորունկ հաւատքով կը լեցուի՞նք կարենալ տեսնելու համար Բեթղեհէմի աստղը եւ ուրախանալու կամ երջանկանալու նոր Արքային ու նորածին Փրկիչին մեզի կատարած եզակի եւ իւրայատուկ այցելութեան համար: Վերջապէս, մեր «գանձերը» կը բանա՞նք եւ կ՛ընծայաբերե՞նք Բեթղեհէմի մանուկին, ինչպէս մոգերը խորհրդանշական կերպով ընծայեցին ոսկին` թագաւորութեան, կնդրուկը` աստուածութեան եւ զմուռսը` տառապող ու մահացող մարդկութեան անմահացումին համար, որպէսզի մենք եւս կարենանք Իր օրհնութեամբ հարստացնել մեր եւ մեր շրջապատին կեանքը: Այսօր կը վերյիշե՞նք պատմական այն պահը, երբ Աստուած մարմնացաւ ու մեզի համար իբրեւ Փրկիչ ծնաւ` մէկ անգամ ու ընդմիշտ մեղքի եւ մահուան սարսափէն ազատելու յոյսն ու լոյսը բաշխելով (Ես 60.19-20), որպէսզի խաւարին մէջ եւ մահուան շուքին տակ մնացողներս մեր ոտքերը ուղղենք դէպի խաղաղութեան ճամբան (Մտ 4.16, Ղկ 1.79): Միմիայն մեր դրական պատասխանները պիտի հաստատեն դարերու երկայնքով փորձարկուած քրիստոնէական մեր հաւատքին, հետեւաբար նաեւ` մեր փրկութեան վաւերականութիւնը:
Արդարեւ, մեր Փրկիչին ծնունդը նոր ու յաւիտենական լոյսով մարդկութեան փրկութեան ծնունդը եղաւ, որ` «մեր սիրտերուն մէջ ծագեցաւ, որպէսզի լուսաւորուինք եւ Աստուծոյ փառքը ճանչնանք Յիսուս Քրիստոսի անձին մէջ» (Բ.Կր 4.6), եւ անով իրագործուեցաւ մարգարէական պատգամը, որ իւրաքանչիւր հաւատացեալ մարդուն ո՛չ միայն կ՛աւետէ բեթղեհէմեան աստղով հասնող յաւիտենական լոյսն ու անոր խորհուրդը, այլեւ իւրաքանչիւրիս կեանքի ծառին գագաթին կը բարձրացնէ անբացատրելի երջանկութեան ու իմանալի կեանքին Առաւօտեան Աստղը:
Երջանկաբեր ապրումներով զիրար ողջունենք եւ բարձրաձայն գոչենք. «Ձեզի եւ մեզի մեծ աւետիս, Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ». ամէն:
ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՀԱՅՈՑ ԲԵՐԻՈՅ ԹԵՄԻՆ
Տօն Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան
Հալէպ