Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաշտպանութեան Նախարարութեան Կեդրոնական Ղեկավար Կազմի Խորհրդակցութիւն

Յունուար 9, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Ohanian_010816

Պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 8 յունուար 2016-ին տեղի ունեցաւ Կեդրոնական ղեկավար կազմի խորհրդակցութիւն, որուն  ընթացքին ամփոփուած են 2015-ին կատարուած աշխատանքները եւ քննարկուած են 2016-ին կատարուելիք աշխատանքները:

«Խորհրդակցութեան ընթացքին` նախքան 2016-ին կատարուելիք աշխատանքներուն քննարկումը, Հայաստանի Հանրապետութեան  պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ընդգծեց, որ անցեալ  տարին զինուած ուժերուն համար եղած է որակական յառաջընթացի տարի: Անդրադառնալով աշխատանքային գլխաւոր ուղղութիւններուն` պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարը կարեւոր նկատեց համակարգին մէջ արդարութեան սկզբունքներու, բարեվարքութեան ամրապնդման եւ կաշառակերութեան դէմ պայքարին ուղղուած աշխատանքները, ներկայացուց 2015-ին արձանագրուած յաջողութիւններն ու ձեռքբերումները, անոնց կարգին նշելով յատկապէս զինուորական ծառայողները եւ անոնց հաւասարեցուած անձերու ընկերային պաշտպանութեան եւ քատրային քաղաքականութեան մարզերուն մէջ իրականացուած բարեփոխումները», կը հաղորդէ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան վարչութիւնը:

Ըստ հաղորդագրութեան, յառաջընթաց արձանագրուած է նաեւ անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման առումով: Ընկերային խնդիրներու լուծման, նիւթական-արհեստագիտական ապահովման, գնումներու հոլովոյթին թափանցիկութիւնը բարձր հիմքերու վրայ  դնելու ուղղութեամբ տարուած աշխատանքները նաեւ դրական արդիւնք տուած են: Ձեռքբերումներ արձանագրուած են զինուած ուժերու թիկունքային ապահովման, ռազմաուսումնական հաստատութիւններու մէջ զինուորական քատրերու պատրաստութեան, անձնակազմի  բժշկական սպասարկման եւ այլ մարզերու մէջ:

Օհանեան նշած է, որ յառաջիկայ ուսումնական տարուան ընթացքին  զինուած ուժերը հաւատարիմ պիտի մնան ամէնօրեայ զարգացման, շարունակական յառաջընթացի սկզբունքին` տարուան ընթացքին  ղեկավարուելով «Պատրաստուած հրամանատար, արհեստավարժ բանակ, ապահով հայրենիք» կարգախօսով եւ 2016-ն յայտարարելով «Հրամանատարական պատրաստութեան տարի»:

 

 

 

Նախորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան Նախարարութիւն. Տօներուն Ընթացքին Շփման Գիծին Վրայ Յարաբերական Անդորրը Պահպանուած Է

Յաջորդը

Ամերիկեան Քոնկրեսին Մէջ Փակ Քննարկում` Արցախի Սահմանին Վրայ Տիրող Լարուածութեան Մասին

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?