ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Աշխատանքի մէջ ուշադիր եղէք ձեր վերաբերումին, որպէսզի ձախողութեան պատճառ չըլլաք: Համերաշխութիւնը խաղաղութիւն կը բերէ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Զգացական հակասութիւններ, նիւթականի մտահոգութիւն. հեռու մնացէք բարդութենէ, գիտցէք մնալ բարձր աստիճանի վրայ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Քիչ մը յուսահատութիւն պիտի ապրիք, բայց ձեր բարեկամները ձեզ առանձին պիտի չձգեն եւ պիտի փարատեն ձեր հոգերը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Սիրահարելու ամիսն է այս ձեզի համար: Պիտի ունենաք դժուարութիւն մը, ջանացէք համբերութեամբ դիմադրել:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Շնորհիւ ձեր թափած ջանքերուն` փափուկ հարց մը պիտի լուծուի իմաստութեամբ: Այս առիթով պիտի գնահատուիք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր անձնական կեանքը խանգարուած է, ձեր պաշտօնին մէջ անորոշութիւն կայ: Մտահոգ էք, բայց պիտի կարենաք լուծումներ գտնել:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ստիպողական նոր բարեկարգումներ պիտի կատարէք, ձեզմէ ոմանք նոր պաշտօն պիտի փնտռեն: Օրը ունի այլազան իրադարձութիւններ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Առանձին ըլլաք թէ զոյգով, սիրային զգացումներ ձեզ պիտի ողողեն: Համբերութեամբ պէտք է գործի անցնիք` մէկ կողմ դնելով աւելորդ յուզումները:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Բնութեան ուժերուն միջոցով ձեր աստղերը ձեզ պիտի մղեն գործնական աշխատանքի: Օրը պիտի ըլլայ արդիւնաւէտ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հաշուեյարդարի ամիսն է այս. նկատի առէք շահը եւ կորուստը` նախքան ուրիշ գործերու անցնիլը: Իմաստութեամբ շարժեցէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր յարաբերութիւնը ընկերային կեանքին մէջ բեղուն պիտի ըլլայ: Բազմաթիւ հանդիպումներ պիտի ունենաք եւ պիտի ուրախանաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Գործունէութեան ձեր ընթացքը դանդաղ պիտի ըլլայ: Համբերեցէք, որովհետեւ ձեր նախատեսած հարցերը պիտի ուշանան իրագործուելու: