Փորթուգալի ֆութպոլի խումբի երիտասարդական հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռույ Ժորժէ, որ իր կազմին հետ յառաջիկայ ամրան պիտի մասնակցի ողիմպիական խաղերուն, կը կասկածի, որ Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ մասնակցի «Ռիօ-2016»-ին, այդ մասին կը տեղեկացնէ Todomercadoweb.es կայքը:
Հարցը այն է, որ եթէ պատահի, որ «Ոսկիէ գնդակ»-ի եռակի դափնեկիրը Պրազիլ մեկնի, պիտի չկարենայ լաւապէս պատրաստուիլ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան:
Նշենք, որ ողիմպիականին մասնակցող իւրաքանչիւր խումբ կրնայ իր կազմին մէջ առնել 23 տարեկանէն վեր երեք ֆութպոլիստ: