Ա. Էս. Ռոմայի մարզիչ Ռուտի Կարսիա, անդրադառնալով ակումբին խմբապետ Ֆրանչեսքօ Թոթթիի ֆութպոլի դաշտերը վերադառնալու հարցին, կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Ան կը մարզուի ընդհանուր խումբին հետ: Երբ կեդրոնացած է գնդակով խաղին վրայ, քիչ կը մտածէ իր վնասուածքին մասին: Կ՛ակնկալուի, որ ան ֆութպոլի դաշտերը վերադառնայ յառաջիկայ տարի` 2016-ին եւ իր խմբակիցներուն միանայ յունուարին»: