
Հայաստանի յունահռոմէական եւ ազատ ոճի ըմբիշները տարեվերջեան հաւաք մը կը կատարեն Ծաղկաձորի մէջ, այդ մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:
Հաւաքականներու մարզիչներուն գլխաւորութեամբ, ուսումնամարզական այս հաւաքին կը մասնակցին յունահռոմէական ոճի 50 եւ ազատ ոճի 55 ըմբիշներ:
Տարեվերջի այս հաւաքը, որուն կը մասնակցին պատանի, երիտասարդ եւ երէց ըմբիշներ, ընդհանուր առմամբ ֆիզիքական պատրաստութեան գլխաւոր նպատակը կը հետապնդէ, կ՛եզրափակէ ArmSport.am:


