Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան կը յայտնէ, որ իր ստացած վնասուածքին պատճառով 6-8 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Ֆութպոլիստը կը նշէ, որ բուժման ընթացքին պիտի ըլլայ իր ակումբին` փորթուգալեան Մարիթիմոյի բժիշկներուն հսկողութեան տակ: