Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Ընտրութեան Ելք Մը Ապահովող Նախագիծը` Առկախուած

December 11, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

elections presidentielles_121015

Վերջին քանի մը օրուան ընթացքին արձանագրուած քաղաքական իրադարձութիւններուն եւ լռութեան արշաւին իբրեւ հետեւանք, նախագահական ընտրութեան նպատակով  առաջադրուած նախաձեռնութեան գործադրութիւնը կամ անոր բարեփոխումը  ինքնաբերաբար յետաձգուած է 2016-ին:

Այս առումով համաձայնական թեկնածու նկատուող Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ իր ունեցած հանդիպումը ընթացած է հանդարտ եւ անկեղծ մթնոլորտի մէջ, առանց այս կամ այն քաղաքական ուժին կողմէ խոստացուած որեւէ յանձնառութեան:

Միւս կողմէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը բարդ է` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է փրկել երկիրը նախագահական աթոռի թափուր մնալուն երեւոյթէն, որուն այլընտրանքը պիտի ըլլայ քանդումը:

Միջազգային առումով Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը կարճ քննարկումի արժանացաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Միխայէլ Պոկտանովի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին:

Ապտոլլահեան Պոկտանովի յայտնեց, թէ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութեան իմաստով տակաւին ամբողջական համաձայնութիւն չէ գոյացած եւ կարիքը ունի յաւելեալ ժամանակի:

Իր կարգին, Պոկտանով առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններու անդրադառնալու շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի նախագահական թափուր աթոռի երեւոյթին վերջ մը տալ:

Նախորդը

Ակնարկ. «Լ՛Օրիան Լը Ժուր»-ի Քափի Փէյսթը

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր Տեղի Կ՛ունենան 3 Մրցումներ

RelatedPosts

Հաստատ Մնալով Դիմադրութիւնը Ապազինելու  Կառավարութեան Որոշումին Վրայ.  Լիբանան Կ՛ընդլայնէ Դիւանագիտական  Շփումներու Ծիրը
Գլխաւոր լուրեր

Հաստատ Մնալով Դիմադրութիւնը Ապազինելու Կառավարութեան Որոշումին Վրայ. Լիբանան Կ՛ընդլայնէ Դիւանագիտական Շփումներու Ծիրը

March 10, 2026
Լիբանանեան Խորհրդարանը Երկու Տարիով  Երկարաձգեց Իր Պաշտօնավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Խորհրդարանը Երկու Տարիով Երկարաձգեց Իր Պաշտօնավարութիւնը

March 10, 2026
Հայեացքը Արեւելեան Լեռնաշղթային Ուղղելով`  Իսրայէլ Կը Սաստկացնէ Իր Հարուածները`  Թիրախաւորելով Յատկապէս Ենթակառոյցները
Լիբանանեան

Հայեացքը Արեւելեան Լեռնաշղթային Ուղղելով` Իսրայէլ Կը Սաստկացնէ Իր Հարուածները` Թիրախաւորելով Յատկապէս Ենթակառոյցները

March 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.