Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 15-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, այսօր երեկոյեան ժամը 21:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով, տեղի կ՛ունենայ Կեթաֆէ – Ռէալ Սոսիետատ մրցումը:
Գերմանիոյ մէջ եւս տեղի կ՛ունենայ մրցում մը, երբ «Պունտըսլիկա»-ի 16-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ Մայնց-05 միեւնոյն ժամուն կը հիւրընկալէ Շթութկարթը:
Վերջապէս, այսօրուան յայտագիրին վրայ եղող մրցումը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի մէջ, երբ դարձեալ ժամը 21:30-ին, 18-րդ հանգրուանի բացման գծով Քան հիւրը պիտի ըլլայ Ռեննի: