Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լալան Եւ Արան» – «Գոյներու Աշխարհ» Խաղի Հրապարակման Առիթով. «Այս Ծրագիրը Կը Միտի Ստեղծել Հայերէնով Արտայայտուող Մանկական Դաստիարակչական Խաղեր Ipad, Iphone Եւ Android Գործիքներուն Համար», Ըսաւ Արին Գալուստեան

Դեկտեմբեր 8, 2015
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Lala-&-Ara_120815

Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը նախորդ շաբաթ յայտարարեց, որ արդէն հրապարակուած է iOS եւ Android գործիքներուն համար նախաձեռնուած հայերէնով մանկական դաստիարակչական «Լալան ու Արան» խաղերու շարքին առաջինը` «Գոյներու աշխարհ» խաղը:

Արդի ժամանակներուն յարմարող եւ արհեստագիտական միջոցներուն ճամբով հայոց լեզուին հետ կապ ստեղծելու միտող այս ողջունելի նախաձեռնութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով հարցազրոյց մը կատարուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Պէյրութի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արին Գալուստեանի եւ այս ծրագիրի պատրաստութեան ու գործադրութեան նպատակով կազմուած խմբակի անդամներուն հետ:

Ստորեւ` հարցազրոյցը:

ՀԱՐՑՈՒՄ.-  Ինչպէ՞ս յղացաք այս գաղափարը: Ի՞նչ բան մղեց ձեզ այս քայլին:

ԱՐԻՆ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ.- Հաղորդակցութեան արդիական գործիքները կլանած են ոչ միայն մեծերը, այլ նաեւ մանաւանդ` մանուկները: Թէեւ մանկավարժներ կը յայտնեն, որ փոքրերուն մօտ գործիքներուն կապուածութիւնը կրնայ մոլութեան հասնիլ, սակայն միեւնոյն ժամանակ անոնք կը փնտռեն զանազան ելքեր, որպէսզի փոքրերը առնուազն հետաքրքրական եւ օգտակար ձեւով կարենան գործածել այդ գործիքները, անոնցմէ դասեր քաղեն եւ գործիքի օգտագործումը կարենան ծառայեցնել իրենց համար պիտանի գիտելիքներու իւրացման:

Սփիւռքի մէջ հայ մանուկներու մեծամասնութիւնը կը յաճախէ օտար վարժարաններ. նոյնիսկ մանուկներու յատուկ համակարգիչներու եւ արդի հաղորդակցական գործիքներու ժամանցի խաղերը օտար լեզուներով են, որով հայերէնը կը վտանգուի իբրեւ գործածական լեզու: Ուրեմն անհրաժեշտութիւն կը դառնայ հայերէնի ուսուցման համար արդի գործիքները օգտագործող միջոցներու ստեղծումը:

Այս նպատակով էր, որ Համազգայինը որոշեց նախաձեռնել այս աշխատանքին:

Կազմուեցաւ խմբակ մը` հետեւեալ կազմով. ծրագրի ընդհանուր պատասխանատու` Արին Գալուստեան, մանկավարժական խորհրդատու` Թալին Եահնիեան, կրաֆիքի, գեղանկարումի (Illustration) եւ տիզայնի պատասխանատու` Նայիրի Ալեքսանտրեան, համակարգչային ծրագիրներու պատասխանատու` Սէրուժ Պաղտասարեան, առոգանութեան  խորհրդատու` Հերա Նաճարեան: Նշենք, որ դրամահաւաքի աշխատանքին համար պատրաստուեցաւ տեսերիզ մը, որուն նկարահանման աշխատանքը կատարեց Հրայր Գալեմքերեանը: Խաղին ձայները կը պատկանին Կարի Քանըր Հարպոյեանին, Մեղեդի Տէր Յարութիւնեանին եւ Ճորճ Տեմիրճեանին: Կ՛ուզեմ աւելցնել, որ այս խմբակին առաջին փորձառութիւնն էր նախ միասին աշխատիլը եւ ապա հրապարակելը այս խաղին, որուն արդիւնքը այսօր կը հրամցնենք մեր սիրելի փոքրիկներուն:

Հ.- Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ այս խաղը եւ ինչո՞ւ  «Գոյներու աշխարհ»:

Ա. Գ.- Այս ծրագիրը կը միտի ստեղծել հայերէնով արտայայտուող մանկական դաստիարակչական խաղեր iPad, iPod, iPhone եւ Android գործիքներուն համար: 3 եւ ատկէ վեր տարիքը ունեցող փոքրիկը խաղի ընդմէջէն պիտի սորվի հայոց լեզու` արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն (Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ):

colors_120815

ԹԱԼԻՆ ԵԱՀՆԻԵԱՆ.-  Գոյներու ուսուցումը կարեւոր հանգրուան մըն է երեխային կազմաւորման շրջանին: 18 ամսական երեխան կրնայ զատորոշել երանգները: Սակայն 3 կամ 4 տարեկանին է, որ ան պիտի գիտակցի, թէ բոլոր գոյները ունին անուններ: Երեխան այս գոյները պիտի ճանչնայ իր մայրենի լեզուով` հայերէնով:

3 տարեկանին ան պիտի ճանչնայ նախնական գոյները եւ 4 տարեկանէն սկսեալ` աւելի բարդ գոյները (օրինակ մանուշակագոյնը):

Այս խաղերը կը զարգացնեն երեխային յիշողութիւնը, տրամաբանութիւնը, ինքնուրոյն մտածողութիւնը, լեզուական կարողութիւնները, ժամանակի գիտակցութիւնը, ինչպէս նաեւ` երեւակայութիւնն ու գեղեցիկի ճաշակը:

Խաղերը երեխային մէջ կ՛արթնցնեն մայրենի լեզուին նկատմամբ` սէր, հետաքրքրասիրութիւն եւ հետազօտելու ու փնտռելու ցանկութիւն: Երեխան պիտի դիտէ, լսէ, մտածէ, զանազանէ եւ կապակցէ:

Հ.- Այս խաղերը ինչո՞վ կը տարբերին շուկայի վրայ գոյութիւն ունեցող այլ խաղերէ:

orange-game4_120815

ՆԱՅԻՐԻ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐԵԱՆ.- Այս խաղերուն վրայ հայկական շեշտ դնելու համար որոշեցինք ստեղծել հայ կերպարներ` Լալան ու Արան: Անունները ընտրուեցան այնպէս, որ գրեթէ միակերպ հնչուին արեւելահայու եւ արեւմտահայու կողմէ, ըլլան այժմէական եւ երաժշտական: Կերպարները 4-5 տարեկան են: Հետաքրքրասէր, չարաճճի եւ արթնամիտ, երբեմն` թափթփած: Ընկեր կ’ըլլան խաղացողին եւ միասին կ’երթան գոյներու աշխարհ այցելութեան: Անոնք ուղղութիւն կու տան եւ մասամբ կ՛օգնեն իրենց խաղընկերոջ:

Թ. Ե.- Խաղերու պատրաստութեան ժամանակ դիմեցինք նաեւ երեխաներու օգնութեան: Երեխաները ընտրեցին տիպարները, կեանք տուին անոնց իրենց ձայներով, եւ խաղերու պատրաստութեան շրջանին փորձարկեցին խաղերը եւ երբեմն ալ տուին իրենց կարծիքը:

ՍԷՐՈՒԺ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ.-  Երեխան 10 գոյներէն մէկը կ՛ընտրէ, ապա իւրաքանչիւր գոյնին համար ան կ՛ունենայ 4 խաղ, այսինքն ընդհանուրին մէջ կրնայ խաղալ 40 խաղ:

Հ.- Փոքրիկը ինչպէ՞ս պիտի սորվի խաղալ: Ուղղութիւններ պիտի տրուի՞ն:

ՀԵՐԱ ՆԱՃԱՐԵԱՆ.- Խաղերուն օրէնքները եւ ընթացքը կը ներկայացուին Լալայի ու Արայի բերանացի բացատրութիւններով: Ճիշդ կամ սխալ ընելու պարագային երեխան գնահատական կը ստանայ: Սկիզբը կը մտածէինք, որ ձայնագրութիւնները աւելի հեզասահ եւ արագ կատարելու համար ընտրենք մեծերու ձայներ, սակայն աւելի ուշ անդրադարձանք, որ մանուկը աւելի ուրախ պիտի ըլլայ, եթէ իրեն համատարիք խաղընկեր մը ուղղութիւններ տայ: Այս մէկը աշխատանքը դանդաղեցուց, քանի որ դժուար եղաւ գտնել ճիշդ հնչող փոքրիկներու ձայներ: Կը կարծեմ, որ նման դժուարութիւն մը շրջանցելու համար կարեւոր է փոքր տարիքէն երեխային մօտ զարգացնել խօսելու եւ լսելու կարողութիւնները` գիրքերու ընթերցանութեամբ:

yellow-game3_120815white-game3_120815Հ.- Ինչպէ՞ս ընտրած էք խաղերը եւ կը հաւատա՞ք, որ զանազան կարողութիւններու տէր փոքրիկները պիտի շրջանցեն լեզուական դժուարութիւնները եւ պիտի կարենան հետեւիլ խաղին:

Թ. Ե.- Խաղերը այլազան են: Փորձելով` երեխան պիտի շրջանցէ զանազան դժուարութիւնները, պիտի կարենայ հետեւիլ խաղին ու յարգել զանազան հանգրուաններն ու օրէնքները:

Կարգ մը գոյներ, օրինակ` կարմիրի պարագային, խաղերը աւելի դիւրին են, սակայն հոն ալ երեխային կը հրամցուի հարուստ բառամթերք, որովհետեւ համոզուած եմ` ինչ որ խաղով կը տրուի երեխային, ան կ՛ընդունի մեծ հաճոյքով եւ շատ արագ կ՛իւրացնէ:

Հ.- Ինչպէ՞ս կրցաք հայթայթել խաղերու պատրաստութեան պիւտճէն:

Ա. Գ.- Այս խաղերու պիւտճէն ապահովելու համար դիմեցինք առցանց ժողովրդային դրամահաւաքի եւ ուրախ ենք յայտարարելու, որ Kickstarter ծրագրով կարողացանք ամբողջացնել նախատեսուած գումարը: Առ այդ, որոշեցինք առաջին 6 ամսուան համար խաղը անվճար տրամադրել մեր սիրելի փոքրիկներուն:

Հ.-  Ինչպէ՞ս կարելի է ունենալ խաղը:

Ս. Պ.- iOS եւ Android գործիքներու վրայ այժմ դիւրութեամբ կարելի է ներբեռնել (download) խաղը, App Store֊էն եւ Google Play֊էն: Մօտ օրէն խաղը թարմացնելով (update)` պիտի հրապարակուի նաեւ արեւելահայերէն տարբերակը:

Հ.-  Ինչպէ՞ս պիտի կատարէք քարոզչական աշխատանքը, որպէսզի աշխարհացրիւ հայ մանուկները տեղեկանան եւ կարենան օգտուիլ այս նախաձեռնութենէն:

Ա. Գ.- Խաղին ծանուցողական եւ քարոզչական աշխատանքը կատարելու համար ունինք Ֆէյսպուքի էջ մը` Lalan ou Aran, որ արդէն ունի շուրջ 2000 հետեւորդներ: Պատրաստուած է նաեւ կայքէջ մը` http://www.lalanouaran.com/, ուր կարելի է գտնել այս ծրագրին յատուկ տեղեկութիւններ: Պիտի փորձենք զանազան յայտարարութիւններով տարածել լուրը: Կը հաւատանք, որ մեր փոքրիկները իրենք եւս պիտի նպաստեն մեր քարոզչութեան` մէկը միւսը տեղեկացնելով: Եթէ փոքրիկները սիրեն եւ հաճոյքով խաղան, այդ պիտի նշանակէ, թէ մենք հասած ենք մեր նպատակին:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (8 Դեկտեմբեր 1965)

Յաջորդը

Ծանօթանանք Լիբանանահայ Գործարարներուն. «Ոսկերչութիւնը Իբրեւ Արհեստ Պիտի Շարունակուի, Սակայն Այդ Շուկային Մէջ Կը Դիմանան Անոնք, Որոնք Տնտեսապէս Կրնան Տոկալ» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Վազգէն Հատիտեան

RelatedPosts

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան
Հարցազրոյց

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

Յունիս 24, 2025
«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան
Հարցազրոյց

«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան

Յունիս 20, 2025
«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան
Հարցազրոյց

«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան

Յունիս 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?