Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծանօթանանք Լիբանանահայ Գործարարներուն. «Ոսկերչութիւնը Իբրեւ Արհեստ Պիտի Շարունակուի, Սակայն Այդ Շուկային Մէջ Կը Դիմանան Անոնք, Որոնք Տնտեսապէս Կրնան Տոկալ» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Վազգէն Հատիտեան

Դեկտեմբեր 8, 2015
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ   

IMG_2487

Լիբանանահայ գործարարները ներկայացնելու եւ անոնց կերտած յաջողութիւններն ու նուաճումները ծանօթացնելու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց «Հատիտեան» հաստատութեան ընդհանուր տնօրէն Վազգէն Հատիտեանի հետ:

«Լիբանանեան մակարդակի վրայ «Հատիտեան» հաստատութիւնը տարիներէ ի վեր անդամ է Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան», ըսաւ  Վ. Հատիտեան` աւելցնելով, որ ինք երկու տարի վարած է նաեւ Լիբանանի ոսկերիչներու սենտիքայի նախագահի պաշտօնը, իսկ այժմ կը վարէ փոխնախագահի պաշտօնը:

Համահայկական մակարդակին վրայ «Հատիտեան» հաստատութիւնը տասը տարիէ ի վեր անդամ է Հայ ոսկերիչներու միութեան, «Արմինիըն ճիուըլըրզ էսոսիէյշըն» («Էյ. Ճէյ. Էյ.»):

Գոհարեղէնի եւ ձոյլ ոսկիի առեւտուրով զբաղող «Հատիտեան» հաստատութիւնը հաստատուած է ներկայ ընդհանուր տնօրէն Վազգէն Հատիտեանի հօր` Սարգիս եւ հօրեղբօր` Անդրանիկ Հատիտեաններու կողմէ, ինչպէս կ՛ըսէ ինք:

«Հայրս եւ հօրեղբայրս Հալէպէն հասած են «Թռչնոց բոյն» որբանոց, ուր քանի մը տարի մնալէ ետք վերադարձած են Հալէպ` ընտանիքը վերստին իրարու մօտ բերելու նպատակով: Հալէպի մէջ պատանեկան տարիներուն անոնք ոսկերչութիւն սորված են: 1930-ական թուականներուն անոնք եկած են Պէյրութ` պատուելի Ենովք Հատիտեանի օժանդակութեամբ», ըսաւ Վ. Հատիտեան:

Ան նշեց, որ առաջին հանգրուանին Սարգիս եւ Անդրանիկ Հատիտեաններ վարձած են յարկաբաժին մը, ուր սկսած են աշխատիլ եւ ապա իմացած են Պէյրութի ոսկերիչներու շուկային գոյութեան մասին եւ ուղղուած են հոն աշխատելու: «Այս աշխատանքը տեւած է մինչեւ 1944, երբ դիմած են վաճառատուն մը ունենալու քայլին եւ Պուրճի ոսկերիչներու շուկային մէջ ունեցած են իրենց առաջին վաճառատունը: Անիկա ունեցած է ցուցափեղկի բաժին մը, ուր վաճառուած են գոհարեղէնները, իսկ վաճառատան ետեւի բաժինը եղած է աշխատանոց, ուր անոնք շարունակած են ոսկերչութեան իրենց աշխատանքը», յայտնեց Վ. Հատիտեան:

Ան աւելցուց, որ այդ աշխատանքին արձանագրած յաջողութեան շնորհիւ` Հատիտեան եղբայրք տարի մը ետք գնած են նաեւ երկրորդ վաճառատունը, իսկ 1954-ին` երրորդը, որմէ ետք արդէն անոնք սկսած են վաճառականութեան եւ վերջ տուած են ոսկերչութեան իրենց աշխատանքին` այդ մէկը վստահելով իրենց աշխատանոցի ոսկերիչներուն:

Hadidian1
Հատիտիեան հաստատութիւնը՝ Պէյրութի ոսկերիչներու շուկային մէջ։
IMG_2482
Զբօսաշրջութեան նախարարութեան հրատարակած «Պէյրութ ին մոշըն» գիրքին մէջ լոյս տեսած Հատիտեան հաստատութեան մէկ լուսանկարը։

Վ. Հատիտեան յայտնեց, որ Պուրճի ոսկերիչներու շուկային մէջ այդ տարիներուն կար 100 վաճառատուն, որոնցմէ 35-ը հայեր էին, Հատիտեաններուն կողքին կային Լէպլէպճեանները, Ապաճեանները եւ ուրիշներ: Ան նշեց, որ հայերը այդ շուկային երեսուն առ հարիւրը կը ներկայացնէին եւ Լիբանանի ոսկերչական շուկային եւ արհեստին մէջ իրենց խօսքը եւ կշիռը ունէին:

«1950-ականներէն մինչեւ 1976 Հատիտեան եղբայրները աշխատած են Պուրճի մէջ, սակայն, ինչպէս ծանօթ է բոլորին,  քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն շատ վատ պայմաններ կը տիրէին, եւ շուկան քանդումի կ՛ենթարկուէր: Հետեւաբար անոնք փութացած են պարպել իրենց վաճառատուները` փրկելու համար իրենց աշխատանքին արդիւնքը, սակայն սեւ ճակատագիրը կ՛ունենայ իր դերակատարութիւնը եւ Սինէլ Ֆիլ-Հըրշ Թապեթ շրջանին մէջ անոնք գողութեան եւ սպանութեան կ՛ենթարկուին Փաղանգաւոր կուսակցութեան անդամներու կողմէ», խոր կսկիծով կը յայտնէ Վ. Հատիտեան:

Ան ըսաւ, որ քաղաքացիական պատերազմը պատճառ դարձաւ, որ լիբանանահայութիւնը գաղթէ երկրէն եւ այդ իրականութենէն ամէնէն աւելի վնասուեցաւ ոսկերչութիւնը, որովհետեւ մեծ թիւով արհեստաւորներ գաղթեցին եւ լիբանանեան ոսկերչական արհեստին 80 առ հարիւրը ներկայացնող հայութեան թիւը նուազեցաւ:

«Մեր ընտանիքը հարուածած 1976-ի այդ տխուր դէպքէն ետք, մենք` ես եւ եղբայրս` Վահէն դարձեալ սկսանք աշխատանքի: Պուրճի մէջ մեր ունեցած վաճառատուներուն շնորհիւ մենք ունէինք յարաբերութիւններ յաճախորդներու եւ այլ վաճառականներու հետ, որոնք կը գտնուէին արաբական եւ ափրիկեան երկիրներու եւ Եւրոպայի մէջ: Այս իրականութեան շնորհիւ` կրցանք կապ պահել Ափրիկէի մեր յաճախորդներուն հետ եւ գոհարեղէնի պատրաստութեան աշխատանքը կատարեցինք Իտալիոյ մէջ, ուրկէ արտադրութիւնը փոխադրեցինք Ափրիկէ, յատկապէս` Նիկերիա:

Հատիտեան հաստատութիւնը՝ Պուրճ Համուտի մէջ։
Հատիտեան հաստատութիւնը՝ Պուրճ Համուտի մէջ։

Այս աշխատանքը տեւեց չորս տարի եւ 1980-ին մենք վերադարձանք Լիբանան եւ  Պուրճ Համուտի մէջ գնեցինք մեր առաջին վաճառատունը: Տարի մը ետք մենք կրցանք գնել մեր ներկայ վաճառատունը, իսկ 1982-ին տէրը դարձանք ամբողջ շէնքին», ըսաւ ան:

Վ. Հատիտեան յայտնեց, որ այնուհետեւ իրենք սկսած են գոհարեղէնի եւ ոսկիի առեւտուրով զբաղիլ, պահելով հանդերձ իրենց ոսկերչական անձնական աշխատանոցները: «Ներկայիս մեր աշխատանոցին պատասխանատուն է եղբօրս զաւակը», աւելցուց ան:

Ան նշեց, որ ինք ճարտարապետութեան ճիւղի ուսանող եղած է, սակայն ուսումը չէ ամբողջացուցած, եւ իր հօր ու հօրեղբօր հետ աշխատած է 1973-ին, ընտանիքին աշխատանքը շարունակելու նպատակով: «Այդ երեք տարուան փորձառութիւնը օգտակար էր մեզի համար` վերականգնելու  եւ շարունակելու այդ աշխատանքը», ըսաւ ան:

«Հատիտեան» հաստատութեան ներկայ աշխատանքներուն մասին խօսելով` Վ. Հատիտեան շեշտեց, որ Տուպայի մէջ իրենք ունին իրենց գրասենեակը:

«Հատիտեան»-ի արտադրութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Վ. Հատիտեան յայտնեց, որ իրենց մօտ իւրայատուկ ձեւաւորումով գոհարեղէններ չկան, այլ կան ժողովուրդին մատչելի արտադրութիւններ:

Պէյրութի մէջ գոհարեղէնի երեք վաճառատուներուն ճակատագիրին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Վ. Հատիտեան յայտնեց, որ պատերազմէն ետք Սոլիտէրի կողմէ անոնց համար առաջարկուած է չնչին գումար մը, զոր մերժած են:

Անդրադառնալով ոսկերչութեան պարզած ներկայ իրավիճակին` Վ. Հատիտեան ոչ թէ յոռետեսութենէ մղուած, այլ կատարեալ իրապաշտութեամբ նշեց, որ այս հանգրուանին այդ մարզը բաւական վատ պայմաններու մէջ է զանազան պատճառներով, որոնցմէ մէկը կարելի է նկատել 2006-2014 տարիներուն ընթացքին ոսկիի գինին արձանագրած աճը:

Ան յայտնեց, որ այս էր պատճառը, որ ոսկերչութիւնը տուժէ. այս տարի քիչ մը աւելի լաւ պայմաններ կային` նկատի ունենալով ոսկիի արժէքին արձանագրած 30 առ հարիւրի նուազումը: «Այս արժէքով եւ յաւելեալ նուազումով կարելի կ՛ըլլայ ոսկերչութեան դարձեալ թափ տալ», յայտնեց Վ. Հատիտեան:

Ոսկերչութիւնը սառեցնելու այլ պատճառներու անդրադառնալով` Վ. Հատիտեան նշեց, որ արաբական աշխարհին, յատկապէս Լիպիոյ եւ Եգիպտոսի պատերազմները եղած են լուրջ իրադարձութիւններ, որոնք պատճառած են ոսկերչական շուկային սառեցումը: «Մեզի լաւ գարուն մը բերին», հեգնեց Վ. Հատիտեան:

Վ. Հատիտեան շեշտեց, որ յաջող գործարար մը ըլլալու գաղտնիքը կը կայանայ աշխատասէր եւ պարկեշտ ըլլալուն մէջ: Ան ընդգծեց նաեւ, որ ոսկերչութիւնը իբրեւ արհեստ պիտի շարունակուի, սակայն այդ շուկային մէջ կը դիմանան անոնք, որոնք տնտեսապէս կրնան տոկալ: «Այս արհեստին մէջ, եթէ վնասի տարիներուն կարելիութիւն չունեցար տոկալու, ապա շահի տարիները չես վայելեր, որովհետեւ սնանկացած կ՛ըլլաս», շեշտեց ան:

 

 

Նախորդը

«Լալան Եւ Արան» – «Գոյներու Աշխարհ» Խաղի Հրապարակման Առիթով. «Այս Ծրագիրը Կը Միտի Ստեղծել Հայերէնով Արտայայտուող Մանկական Դաստիարակչական Խաղեր Ipad, Iphone Եւ Android Գործիքներուն Համար», Ըսաւ Արին Գալուստեան

Յաջորդը

Բանաստեղծութեան Եւ Բանաստեղծի Երեկոներ` «Լոսում»

RelatedPosts

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած
Հարցազրոյց

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած

Ապրիլ 18, 2025
Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները
Հարցազրոյց

Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները

Մարտ 18, 2025
Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան
Հարցազրոյց

Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան

Յունուար 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?