Յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Մովենփիք» պանդոկին մէջ (Ռաուշէ), պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ Լիբանանի մարտարուեստի նոր ֆետերասիոնին (MMA) ծնունդը:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի, որ կը ներկայացնէր երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուին, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, արաբական եւ Յորդանանի մարտարուեստի ֆետերասիոններուն ներկայացուցիչները, յատուկ հրաւիրեալներ, պաշտօնական հիւրեր, մարզիկներ եւ մեծ թիւով մարզական լրագրողներ:
Բոլոր խօսք առնողներն ալ շնորհաւորեցին նոր ֆետերասիոնը` անոր մաղթելով յաջողութիւն` իր նոր առաքելութեան մէջ:
Իր խօսքին մէջ, մարտարուեստի նոր ֆետերասիոնին նախագահը` Խալիլ Նասսուր ըսաւ, որ ֆետերասիոնը ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ յաջողցնելու համար իր առաքելութիւնը եւ պիտի աշխատի բոլորին նայելու հաւասար աչքով, եւ ամէնէն կարեւորը` քաղաքական եւ այլ տեսակի բոլոր ճղճիմ հաշիւները հեռու պահելու այս մարզաձեւէն:
Աւարտին ֆետերասիոնը կարգ մը անձերու տուաւ յուշանուէրներ, որմէ ետք ներկաները հրաւիրեց ընթրիքի: