12-16 նոյեմբերին Քազապլանքայի մէջ (Մարոք) տեղի պիտի ունենայ սամպոյի աշխարհի ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան` 6 մարզիկով, կը յայտնէ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքը:
Աշխարհի այս 40-րդ ախոյեանութեան Հայաստանի հաւաքականին կազմին հետ հանդէս պիտի գան աշխարհի ախոյեաններ` Աշոտ Դանիէլեան, Վաչիկ Վարդանեան, Մաւրիկ Նասիբեան, Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան Տիգրան Կիրակոսեան, փոխախոյեան Էռնեսթ Հայրապետեան եւ պրոնզէ մետալակիր Մաքսիմ Մանուկեան:
Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Հայաստանի սամպոյի ֆետերասիոնի նախագահ Լեւոն Հայրապետեան:
Այսօր` չորեքշաբթի, 11 նոյեմբերին, հայրենի հաւաքականը կը մեկնի Մարոք:
Նշենք, որ տղոց եւ աղջկանց սամպոյի այս ախոյեանութեան 9-ական դասակարգերու մէջ իրարու դէմ կը մրցին 85 պետութիւններ ներկայացնող ամէնէն զօրաւոր մարզիկները: