
Իր ստացած վնասուածքին պատճառով, Ռէալ Մատրիտի խմբապետ Սերճիօ Ռամոս շատ հաւանաբար նուազագոյնը 6 շաբաթով բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
29 տարեկան ֆութպոլիստը թէեւ նախորդ շաբաթավերջին Սեւիլլայի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի մրցումին նշանակեց սքանչելի կոլ մը, սակայն ծանրօրէն վնասեց իր ուսը:
Բնականաբար, փորձառու յետսապահին բացակայութիւնը իր վատ անդրադարձը պիտի ունենայ մայրաքաղաքի կազմին կատարելիք յաջորդ վեց մրցումներուն, մանաւանդ Պարսելոնայի դէմ տեղի ունենալիք «Քլասիքօ»-ի ճակատումին վրայ:


