Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ Արժեն Ռոպեն թէեւ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ յառաջիկայ ուրբաթ Քարտիֆի մէջ Կալեսի դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումին, սակայն պիտի բացակայի այդ մրցումէն 4 օր ետք կատարուելիք բարեկամական ճակատումին, երբ անոր կազմը Հանովըրի մէջ մրցի Գերմանիոյ դէմ:
Ռոպեն, որ նախորդ սեպտեմբերին Իսլանտայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին վիրաւորուեցաւ (Եուրօ-2016) եւ որմէ ետք բացակայեցաւ Հոլանտայի կատարած երեք մրցումներէն, Կալեսի դէմ տեղի ունեցած մրցումէն ետք պիտի հանգստանայ, որպէսզի Պայէրն Միւնիխի կատարելիք «Պունտըսլիկա»-ի յաջորդ մրցումին ամբողջութեամբ ապաքինած ըլլայ:
Այս գծով լրագրողներուն տեղեկութիւն փոխանցեց Հոլանտայի մարզիչ Տենի Պլինտ: