Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն խումբի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ 10-րդ անգամ ըլլալով ընտրուեցաւ իբրեւ Շուէտի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը, իսկ յաջորդական 9-րդը` վերջին 9 տարիներուն ընթացքին:
Նշենք, որ մայրաքաղաքի կազմին 34 տարեկան խմբապետը ակումբին պատմութեան մէջ լաւագոյն կոլսքորըրն է: