ՏՕՆԻԿ Տ.
«Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիոյ» դատական հարցը երկու ծայրայեղութիւններու առջեւ դրաւ «հանրային կարծիքը», առաջինը` թրքական յաղթանակի, երկրորդը` հայկական նոյնպէս յաղթանակի, որոնց մէջ բաւարարուածութեան զգացումը ակնյայտ է յատկապէս առաջինին մօտ:
Այո՛, թէեւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը «կը բաժնէ հայ ժողովուրդին ցաւը եւ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը կը հաստատէ», սակայն խօսքի ազատութեան իրաւունքը աւելի մեծ նուաճում կը նկատուի «յաղթական Փերինչեք»-ին եւ Թուրքիոյ հասարակական կարծիքին մօտ: Իսկ Հայ դատի եւ հայ հասարակութեան համար ի՞նչ էր սպասուածը: Յստակ չէ: Եթէ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան հաստատումն էր ուզուածը, ուշացած չե՞նք, կ՛արժէ՞:
Ցեղասպանութեան իրողութեան հաստատումի եւ այս մակարդակի քարոզչական աշխատանքի հանգրուանը անցած չէ՞: Հապա՞ հատուցման վերաբերող աշխատանքները, որոնց մասին խօսուած է նոյնիսկ 50-60 տարի առաջ: Պարզ է, Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի որոշումը պարտութիւն է: Ի՜նչ փոյթ: ՄԻԵԴ-ի որոշումը պէտք է զգաստութեան բերէ մեզ` անոր ժխտական պարունակին անդրադարձը դրական ձեւով օգտագործելու եւ ըսելու համար, որ մղուած պայքարը ուշացած եւ ընթացիկ պայքար է, որուն գետնի վրայ դրսեւորումը տարբեր ձեւերով տեղի ունեցած է եւ անկասկած պէտք է շարունակուի: Փերինչեքի հարցով, զանազան մակարդակներու վրայ, այսքան ներդրում եւ ուժերու սպառում կատարելը անտեղի է: Պէտք է տեսնել եւ յիշել յատկապէս Հայկական հարցին նկատմամբ եւրոպական մշակոյթին մէջ արմատ նետած եւրոպական շահերու գերադասումը բոլոր «բարեկամութեանց» հաշուոյն:
Զարմանալին կը մնայ այն, որ ինչո՞ւ եւ ի՞նչ հիման վրայ Հայ դատի յանձնախումբերը «յաղթանակ» նուաճողի դերակատարութեան մէջ կը գտնուին: Եթէ յաղթանակ է, հապա Թուրքիոյ մէջ այս առիթով տօնուած յաղթանակները ի՞նչ են: Իսկ եթէ պարտութիւն, հապա ինչո՞ւ եւ ի՞նչ հիման վրայ «պարտութիւնը» ի գործ դրուած չէ Եւրոպայի մեղսակցութիւնը, երկերեսութիւնը, քաղաքական շահերու հետապնդումն ու «մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան» կեղծ թատրոնը բացայայտելու իմաստով: Ծիծաղելիօրէն քաղաքական անհասկնալի «շարժումները» անհասկնալի կը մնան…
Բոլոր դատարաններէն անդին, կը մնայ ճշդել մեր կարողութեանց սահմաններուն մէջ արժող եւ չարժող ճակատներու վրայ կռուելու սահմանագիծերը: