Պանքոքի մէջ (Թայլանտ) տեղի ունեցող ջուրի վրայ չմշկումի Ասիոյ ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Լիբանան յաջողեցաւ լաւ արդիւնք ձեռք ձգելով տիրանալ 2 ոսկի եւ 1 արծաթ մետալի: Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 10 երկիրներէ 83 մասնակցողներ:
Լիբանանի համար ոսկի մետալ ապահովեցին Սիլվիօ Շիհա (25 տարեկան) եւ Թարեք Ապու Մըշաար (23), մինչ աղջկանց մրցումներուն, 17 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, Սուրայա Սըղպինի (15 տարեկան) տիրացաւ արծաթ մետալի:
Նշենք, որ Լիբանան միջազգային գետնի վրայ տարուէ տարի կը բարելաւէ իր խաղարկութիւնը` միշտ տիրանալով կարեւոր մետալներու: