ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
– Ներխուժումը Միջոց Տնտեսական
Ներթափանցումի
Իսրայէլեան զինուորական պաշարման ենթակայ արեւմտեան Պէյրութի եւ շրջակայ արուարձաններուն մէջ ու անոնց շուրջ պատերազմական գործողութիւնները կը շարունակուէին, մինչ տագնապի լուծման հաւաստիքներուն զուգահեռ, բախումներու եւ ռմբակոծումներու ջերմաստիճանը նոր բարձրացում կ՛արձանագրէր, իսկ իսրայէլեան ուժերը կը շարունակէին տարածուիլ դէպի նոր շրջաններ:
Չորեքշաբթի, 11 օգոստոս 1982-ի արեւածագէն առաջ, հարաւային արուարձաններուն մէջ ընդհատ ռմբակոծումներուն կէսօրէ առաջ յաջորդեցին թնդանօթային եւ մարտանաւերէ ռմբակոծումներ, որոնք կեդրոնացան Ռամլէթ Պայտայի ծովեզերեայ շրջաններէն մինչեւ պաղեստինեան գաղթակայաններ ու Վերտէոն տարածուող գօտիին վրայ:
Կէսօրուան ժամը 12-էն սկսեալ ու աւելի քան մէկուկէս ժամ, իսրայէլեան օդանաւեր իրենց մասնակցութիւնը բերին զինուորական գործողութեանց ու ռմբակոծեցին Պուրճ Պարաժնէն, օդակայանի մայրուղիի շրջանը, Պատերազմական վարժարանը, Մարզական աւանը եւ Պիր Հասանը: Օդանաւային յարձակումներէն ետք, նոյն շրջաններուն վրայ ռմբակոծումը շարունակուեցաւ թնդանօթներով: Փոխադարձաբար, հրթիռներ արձակուեցան Հատէթէն մինչեւ Հազմիէ, Ժըսըր Պաշա, Սին էլ Ֆիլ եւ Տըքուանէ տարածուող շրջանները:
Թանգարան-ձիարձակարան ճակատին վրայ եւս, հրետանիի բախումներ արձանագրուեցան եւ իսրայէլեան ուժեր փոքր յառաջխաղացք մը արձանագրեցին դէպի Շաթիլա գաղթակայանը:
Քանի մը ժամուան համեմատական հանդարտութենէ ետք, գիշերը Թանգարանի ճակատը վերստին բռնկեցաւ, մինչ կեդրոնական հրապարակներէն մինչեւ նաւահանգիստ տարածուող շրջանին վերեւ բազմաթիւ լուսարձակ ռումբեր արձակուեցան:
Միւս կողմէ, պատերազմական գործողութեանց կողքին, իսրայէլեան ուժեր սկսան տարածուիլ դէպի նոր շրջաններ: Արդարեւ, Ժըպէյլ ուղղուած հրասայլերէն մաս մը ուղղուեցաւ դէպի Լաքլուք եւ Աքուրա, միասին տանելով շարժական կամուրջներու կառուցման անհրաժեշտ կազմածներ: Անոնք կարեւոր դիրք մը հաստատեցին Աննայայի մօտակայ վայրի մը մէջ:
* * *
Հինգշաբթի, օգոստոս 12-ին առաւօտեան ժամը 6-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00, իսրայէլեան օդանաւեր անդադար ու ամենայն վայրագութեամբ ռմբակոծեցին Պէյրութն ու անոր հարաւային արուարձանները, անգամ մը եւս անդամալուծելով դիւանագիտական այն բանակցութիւնները, որոնք կ՛առաջնորդէին գործնական ճամբու մէջ դնել Պէյրութի տագնապին լուծման ծրագիրը:
Արդարեւ, Պէյրութի հարաւային արուարձանները` Պուրճ Պարաժնէ, Սապրա եւ Շաթիլա գաղթակայաններէն մինչեւ Սաքիէթ Հատէթ, Պիր Հասան, Մարզական աւան, Ուզահի, Ռամլէթ Պայտա, Մազրաայի քոռնիշ, Ֆահքանի եւ ձիարձակարան տարածուող շրջանները պարզեցին պատկերը իսկական զէնքերով ռազմափորձի ընդարձակ դաշտի մը, ուր տեղացին բազմատասնեակ հազարաւոր մեծ ու փոքր ռումբեր, հրթիռներ, որոնք կ՛արձակուէին օդանաւերէ, թնդանօթներէ եւ մարտանաւերէ: Ամէնէն սաստիկ ռմբակոծումները կեդրոնացան պաղեստինեան գաղթակայաններուն վրայ, որոնք գրեթէ ամբողջութեամբ քարուքանդ եղան. նուազ ծանրակշիռ չէին Մազրաայի քոռնիշին, ծովեզերեայ շրջաններու, Վերտէոնի եւ մանաւանդ` պանդոկներու շրջանին ռմբակոծման հետեւանքները: Ինկան աւելի քան 300 զոհ եւ վիրաւորներ եւ հազարաւոր շէնքեր քանդուեցան կամ անբնակելի դարձան:
Իսրայէլեան ռմբակոծումներուն իբրեւ հակադարձութիւն` Հատէթ, Հազմիէ, Սին էլ Ֆիլ, արդարութեան պալատ, Այն Ռըմմանէ եւ Նահրի քոռնիշի շրջանները ռմբակոծուեցան:
Անընդհատ ռմբակոծումներու կողքին, իսրայէլեան ուժեր նոր յառաջխաղացքներ արձանագրեցին պաշարուած գօտիին ուղղութեամբ: Կեդրոնական շուկաներու շրջանը պաշարուեցաւ հարաւէն, յառաջախաղացք արձանագրուեցաւ Պարպիր հիւանդանոցին ուղղութեամբ, ապա նաեւ յառաջխաղացք մը` դէպի Շաթիլա:
Երեկոյեան զինադուլ հաստատուեցաւ, որ յաջորդող օրերուն ընդհանուր առմամբ անխախտ մնաց:
* * *
Իսրայէլեան բանակի Լիբանան ներխուժումը նաեւ միջոց մըն էր տնտեսական ներթափանցումի: Արդարեւ, անմիջապէս որ իսրայէլեան բանակը գրաւեց հարաւը եւ զայն իր իշխանութեան ենթակայ դարձուց, իսրայէլեան տնտեսութիւնը արագ կերպով տարածուեցաւ շրջանէն ներս, հասնելով մինչեւ Լեռնալիբանանի եւ Պեքաայի գրաւուած շրջանները` ուսումնասիրուած ու ծրագրուած միջոցներով:
Ներխուժման առաջին օրերէն իսկ, իսրայէլեան պտուղներն ու բանջարեղէնները ողողեցին հարաւի եւ այլ շրջաններու շուկաները եւ աժան գիներով` իսկական մրցակիցներ հանդիսանալով լիբանանեան արտադրութեանց:
Իսրայէլեան բանջարեղէններն ու պտուղները արեւելեան Պէյրութի, Մեթնի եւ Քեսրուանի շրջաններուն մէջ ալ կը վաճառուէին:
Իսրայէլի մրցակցութիւնը հասաւ այն աստիճանին, որ Իսրայէլ խնձորի եղանակէն առաջ լիբանանեան շուկան ողողեց իր խնձորով, ինչ որ մեծապէս վնասեց Լիբանանի խնձորի եղանակին, որ հիմնական էր լիբանանցի երկրագործներուն համար:
Մինչեւ օգոստոսի սկիզբը, 30-էն 40 հազար թոն բանջարեղէն եւ պտուղ եւ 500 թոնի հասնող իսրայէլեան այլ ապրանքներ մուտք գործեցին Լիբանան: Անոնց կարգին էր նաեւ ձմերուկը, որ նախապէս Եգիպտոսէն կը ներածուէր:
Իսրայէլեան այդ ապրանքները ամէնէն մեծ մրցակիցները կը հանդիսանային Լիբանանի երկրագործական արտադրութեանց, թէ որակի եւ թէ գինի տեսակէտէն:
Մինչ պտուղները ողողեցին լիբանանեան շուկան, անդին իսրայէլեան այլ արտադրութիւններ, ինչպէս` սոխ, սխտոր, հաւկիթ եւ վառեակ մեծ քանակութեամբ մատուցուեցան Մեթնի եւ Քեսրուանի շուկաներուն մէջ:
Տնտեսական այս ներխուժումը պտուղներու, եւ բանջարեղէնի մարզով չբաւարարուեցաւ, այլ անցաւ ելեկտրական կազմածներու, շինանիւթերու եւ այլ տեսակի ապրանքներու վրայ:
Իսրայէլացիք նաեւ գրաւեցին ճարտարարուեստական եւ առեւտրական զանազան հաստատութիւններ, պատրուակելով որ անոնց տէրերը պաղեստինցիներ եւ սուրիացիներ են: Այդ հարցը ցցուեցաւ մանաւանդ Տամուրի եւ Նաամէի շրջաններուն մէջ, ուր իսրայէլեան զինուորական իշխանութիւնները երկաթի եւ փայտի մեծ մթերքներ գրաւեցին, ինչպէս նաեւ` Ղազիէի եւ Սայտայի շրջանին մէջ գտնուող զանազան հաստատութիւններու ապրանքները եւս գրաւեցին:
Ճարտարարուեստի մարզին մէջ Իսրայէլ իր ազդեցութիւնը բանեցուց: Ան հրաւէր ուղղեց հարաւի առեւտրականներուն, որոնք այցելութիւններ տուին իսրայէլեան գործարանները եւ իսրայէլեան արտադրութիւններու ներածման համաձայնութիւններ կնքեցին:
Զինուորական գրաւումէն ետք, Իսրայէլ փորձեց իր զբօսաշրջութեան հաստատութիւններն ու հանրային փոխադրամիջոցները բանեցնել: Այսպէս, յատուկ օթոպիւսներու որոշ թիւ մը կ՛այցելէր հարաւային եւ այլ շրջաններ, մինչ լիբանանցիներ, իրենց կարգին, Իսրայէլ կը մեկնէին զբօսաշրջութեան համար: Ասոր վրայ կու գար աւելնալու օդային ճամբորդութեանց գծով իսրայէլեան ծրագիրը, «Էլ Աալ» ընկերութեան գրասենեակները` Սայտայի մէջ, ինչպէս նաեւ թղթատարական դիւրութիւնները:
Իսրայէլ նաեւ փորձեց բռնաբարել դրամատուներու գաղտնապահութեան օրէնքը, սակայն չկրցաւ յաջողիլ այլ գծով: Միւս կողմէ, Իսրայէլ իր շարժական դրամատուներուն միջոցաւ պարտադրեց որ իր Լիբանան փոխադրած ապրանքներուն գինին կէսը իսրայէլեան դրամանիշով վճարուի: Այս ձեւով լիբանանցի քաղաքացին սկսաւ իսրայէլեան շեքէլ գործածել առեւտրական գործառնութեանց մէջ:
Այդ գործակցութիւնը զանազան ձեւեր կը ստանար, մինչ բոլոր ձեւերն ալ վնասակար էին Լիբանանի տնտեսութեան համար եւ զայն խորտակելու կը միտէին, յատկապէս ճնշելով լիբանանեան թղթոսկիին վրայ:
Տնտեսական ներթափանցումը կը զուգադիպէր այնպիսի պահու մը, երբ լիբանանեան տնտեսութիւնը իր դժուարին մէկ շրջանը կը բոլորէր, հետեւանք` իսրայէլեան պատերազմին, որ քանդեց գործարանները եւ սառեցուց ներքին շուկան:
Այս պարտադրուած գործակցութեան մէջ հարցը միայն տնտեսական ներթափանցումը չէր, այլ` առանց որոշ պահպանումի սահմանները բաց ձգելն էր, մանաւանդ որ իսրայէլեան ապրանքները մուտք կը գործէին նոյնիսկ Պէյրութի պաշարուած շրջանէն ներս:
Իսրայէլի կողմէ պարենաւորման պաշարումը եւ անոր զանազան ձեւեր ու տարողութիւններ տալը կը միտէր սեւ շուկայի աշխուժացման:
Հակառակ Պէյրութի պաշարումին, իսրայէլեան ապրանքներ ու պենզին ներկայ էին պաշարուած գօտիէն ներս եւ շատ բարձր գիներով կը վաճառուէին:
Իսրայէլ նոյնիսկ դաւադրութիւններ կը սարքէր լիբանանցիներու առողջութեան դէմ: Ոչ ելեկտրականութիւնը պէտք եղած ձեւով ապահովուած էր, ոչ ալ ջուրը, իսկ աղբակոյտերը լեռներու կը վերածուէին եւ զանազան համաճարակներու պատճառ կը դառնային:
***
Լիբանանի հայութեան կեցուածքը, դիրքորոշումը եւ լիբանանեան պետութենէն, ընկերութենէն ու հաստատութիւններէն լիբանանահայութեան պահանջներն ու ակնկալութիւնները յստակացնելով ու պարզաբանումներ կատարելով «Ազդակ» 9 օգոստոս 1982-ի թիւով եւ «Մեր պահանջները» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ Լիբանանը կրնայ իր լաւագոյն պատկերացումին հասնիլ եւ զօրաւոր պետութեամբ վերականգնիլ միայն այն ատեն, երբ անոր հիմերը ճշդելու եւ ամրապնդելու գործին իրենց ամբողջական մասնակցութիւնը կը բերեն այս հայրենիքին անխտիր բոլոր զաւակները:
«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով, որ մասնակցութեան այդ պայմանին մենք կու տանք բանալի նշանակութիւն` լիբանանեան հայրենիքի կայունացման ճիգերուն մէջ, որովհետեւ միայն այդ ճամբով վերջ կրնան գտնել քաղաքացիական խզում առաջացնող առանձնաշնորհումները եւ անվստահութիւն սերմանող վերապահութիւնները:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով որ նոր Լիբանանի կերտումին մասնակցելու նոյն այդ նախանձախնդրութենէ կը բխին Լիբանանի հայութեան բոլոր պահանջները, հաւասարապէս թէ՛ իր պարտաւորութեանց եւ թէ իր իրաւունքներուն տէր կանգնելու մեր ժողովուրդին քաղաքացիական կեցուածքները:
«Ազդակ» կ՛ընդգծէր ըսելով, որ լիբանանեան սահմանադրութեամբ իսկ նախատեսուած հպատակութեան օրէնքին գործադրութիւնը կը նկատուի կարեւոր քայլ մը` այս հայրենիքին պատկանելու ուղին ընտրած լիբանանաբնակները եւ այդ շարքին մեր ժողովուրդին զաւակները մասնակից դարձնելու համար նոր Լիբանանի կերտումին, բարգաւաճումին եւ կայունացումին: Փաստօրէն սահմանադրութեան ճշդած պայմանները ամբողջացնող մեծաթիւ քաղաքացիներ արդարօրէն կը սպասէին լիիրաւ լիբանանցի դառնալու իրենց օրուան, որովհետեւ Լիբանանի մէջ կը տեսնեն հարազատ թարգմանը իրենց ապրումներուն եւ ձգտումներուն եւ, իբրեւ այդպիսին, ոչ մէկ ճիգ ու զոհողութիւն կը սակարկեն ազատութեանց այս հայրենիքը պաշտպանելու համար:
«Ազդակ» կը հաստատէր շեշտելով, որ նոյնքան վճռական նշանակութիւն կու տանք լիբանանեան պետութեան բոլոր կառոյցներուն մէջ եւ ամէն մակարդակի վրայ իր պարտաւորութիւնները ստանձնելու եւ իր պատասխանատուութեանց տէր կանգնելու Լիբանանի հայութեան պահանջին: Սկսելով բանակէն ու պարտադիր ծառայութեան ճամբով հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրուելու պարտաւորութենէն, անցնելով պետական վարչամեքենային ու հանրային սպասարկութեանց մաս կազմելու պատասխանատուութենէն եւ հասնելով օրէնսդիր, գործադիր ու դատական իշխանութեանց ճամբով իրեն բաժին ինկող դերակատարութիւնը ստանձնելու իրաւունքին` Լիբանանի հայութիւնը կը նկատուի այս հայրենիքի ուժեղացման հետամուտ կարեւոր կռուան մը, որուն ներգործօն մասնակցութենէն կրնան միայն շահիլ անխտիր բոլորը:
«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ հայութիւնը արդէն իսկ վաթսուն տարուան կեանք մը կապած է Լիբանանի պատմութեան, նոյնիսկ եթէ նկատի չառնուի առաջին աշխարհամարտէն առաջ Լիբանանի հողին վրայ իրենց քրտինքը թափած հայերը, ինչպէս նաեւ անոր ազատ երկինքին տակ անկաշկանդ շնչելու ընտրութիւնը կատարած հայ յարանուանական հիմնարկներն ու անոնց ծուխերը: Իր կարգին Լիբանան եւս հայութեան մէջ տեսած էր իր արժէքներուն փարած եւ իր բարգաւաճումին նուիրուած աշխատունակ եւ անկեղծ կռուան մը, որուն միշտ ալ կարելի եղած էր ապաւինիլ` լիբանանեան հայրենիքին վիճակուած դժուարին հանգրուաններուն: Պատմական նման, եզակի հանդիպումէ շահած էր Լիբանանը, որուն իշխանութիւններէն հայութիւնը կը պահանջէր մասնակցութեան յաւելեալ առիթ` ի խնդիր բոլորին հայրենիքը կոչուելու արժանի եղող ամբողջական ու գերիշխան Լիբանանի ամրապնդումին, կայունացումին եւ զարգացումին:
***
Պէյրութի տագնապի լուծման առաջադրանքով ամերիկացի պատուիրակ Ֆիլիփ Հապիպի պատրաստած ծրագիրը կ՛առաջադրէր պաղեստինեան ուժերը ցամաքի ճամբով փոխադրել Սուրիա, կամ` ծովու ճամբով ու միջազգային Կարմիր խաչի դրօշները պարզած նաւերով փոխադրել արաբական այլ երկիրներ: Պաղեստինեան ուժերու 50 առ հարիւրի համեմատութեան հեռացումէն ետք (սեփական զէնքերով), Պէյրութ պիտի հասնէին միջազգային ուժեր, իսկ պաղեստինեան ղեկավարները պիտի հեռանային վերջին ջոկատներուն հետ:
Իր կարգին ՊԱԿ կ՛առաջարկէր որ միջազգային ուժեր Պէյրութ ժամանէին իր ուժերու հեռացումէն առաջ իսկ հեռացման ընթացքին: ՊԱԿ նաեւ ժամանակ կը պահանջէր իր ուժերու փոխադրութեան համար:
Իսկ իսրայէլեան տեսակէտը կը սահմանուէր պաղեստինեան ուժերու անյապաղ մեկնումի պահանջով եւ այդ քայլին իրագործումէն առաջ` միջազգային ժամանման մերժումով:
Լիբանանեան կեցուածքը կը հիմնուէր պաղեստինեան ուժերու լիբանանեան հողերէն հեռացման վրայ. միջազգային ուժերու պաշտօնավարութեան Լիբանանի պատկերացումը այն էր որ այդ ուժերը հսկեն ոչ միայն պաղեստինեան ուժերու հեռացման, այլ նաեւ` երաշխաւորն Պէյրութի եւ շրջաններու ապահովութիւնը: