Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամենափոքր 3 Տարածութեամբ (3 Տի.) Քամերան Ուղեղի Վիրահատութեան Նորարութիւն Կը Բերէ

November 7, 2015
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ

MTI4ODMyNzY4MzM0NDA0MDYy

Ուղեղը վիրահատելու համար բժիշկները կարիքը ունին տեսնելու նուրբ մանրամասնութիւններ` փոքր ծաւալով: Փոքր քամերա մը կրնայ ուղեղին մէջէն առնել 3 տարածութեամբ (3 տի.) նկարներ, որոնք վիրաբուժներուն թոյլ կու տան տեսնել բարդութիւնները, ինչ որ կը մղէ աւելի արագ, ապահով քայլերու դիմելու:

Այսպիսի քամերայով ներադիտակ մը կը պատրաստուի ՆԱԶԱ-ի Փասատինայի «Ճէթ Փրոփալժըն» աշխատանոցին մէջ: ՄԱՐՎԵԼ(Marvel=Multi Angle Rear Viewing Endoscopic tool) ստացաւ Ակնառու արհեստագիտութեան զարգացման մրցանակը Ֆետըրըլ Լապօրեթըրի Քոնսորթիումէն: Ներադիտակը գործիք մըն է, որ կը քննէ մարդկային մարմինին մէջէն:

«Աշխարհի ամենափոքր 3 տարածութեամբ (3 տի.) քամերաներէն մէկուն միջոցով ՄԱՐՎԵԼ պատրաստուած է նուազագոյն միջամտութեամբ ուղեղի վիրահատութեան համար», ըսաւ Հարիշ Մանոհարա, որ գլխաւոր քննիչ է այս նախագիծին: Մանոհարա կ՛աշխատի համագործակցութեամբ վիրաբուժ բժիշկ Հրայր Շահինեանի Լոս Անճելոսի Սքալ պէյզ ինսթիթիւթին մէջ, որ կը գործակցի Ճէթ Փրոփալշըն գիտաշխատանոցին հետ` ստեղծելու համար այս արհեստագիտութիւնը:

surgeryMarvel-16_110715

ՄԱՐՎԵԼ-ի քամերան ունի 4 միլլիմեթր տրամագիծ եւ 15 միլլիմեթր երկայնք: Ան կցուած է կոր «վիզ»-ի մը, որ կրնայ դառնալ աջ կամ ձախ` քննելով անկիւնները` մինչեւ 120 աստիճան ծռելով:

Այս փոքր քամերայով կատարուած վիրահատութիւնները չեն պահանջեր ուղեղի բաց աւանդական վիրահատութիւն, որուն ընթացքին վիրաբուժները գանկէն մեծ մասեր կը հանեն: Այս վիրահատութիւնը կը պահանջէ հսկայական գումարներ եւ աւելի երկար ժամանակ անցընել հիւանդանոցին մէջ, քան` ներադիտակի օգտագործումը:

Սթերիյօ նկարով ներադիտակներ, որոնք կ՛օգտագործեն աւանդական երկակի քամերայի համակարգ, արդէն իսկ կ՛օգտագործուին նուազագոյն միջամտութեամբ մարմինի այլ բաժիններու վիրահատութիւններու ընթացքին: Սակայն ուղեղի վիրահատութիւնը կը պահանջէ աւելի մանր նկարներ: Այդ պատճառով ՄԱՐՎԵԼ-ը քամերան մէկ ապակի ունի` երկուքի փոխարէն:

Այժմ գիտնականները ցուցադրած են գիտաշխատանոցի նախատիպ մը: Յաջորդ քայլն է պատրաստել դարմանական նախատիպ մը, որ կը գոհացնէ Միացեալ Նահանգներու Սննդամթերքի եւ դեղորայքի տնօրէնութիւնը: Գիտնականները պիտի կատալերագործեն գործիքին արհեստագիտութիւնը, որպէսզի յարմարցնեն անոր օգտագործումը բժշկական աշխարհի ծիրին մէջ:

Ապագային ՄԱՐՎԵԼ քամերան կրնայ օգտագործուիլ տիեզերական հետազօտութիւններու մէջ:

«Իբրեւ գանկի վիրաբուժ, ունենալով իւրայատուկ տեսլական մը ներադիտակով ուղեղի վիրահատութեան` առանձնաշնորհում եւ մեծ պատիւ եղաւ աշխատիլ Ճէթ Փրոփալշըն գիտաշխատանոցի անձնակազմին հետ վերջին տարիներուն ընթացքին իրականացնելու համար այս նախագիծը», ընդգծեց Շահինեան:

 

Նախորդը

Մամութի Մը Կմախքը Գտնուած Է Դաշտի Մը Մէջ

Յաջորդը

Անանուն

RelatedPosts

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի
Մշակութային եւ Այլազան

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի

October 16, 2026
Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է

October 9, 2026
Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը
Մշակութային եւ Այլազան

Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.