Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անանուն

Նոյեմբեր 7, 2015
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ

Ինչպէ՞ս Կի Ֆաուքս դարձաւ ժամանակակից բողոքի դէմքը

ՆկարԱ_110715

Ամէն տարի 5 նոյեմբերին բրիտանացիք ամբողջ երկրի տարածքին հրավառութիւններ կը կազմակերպեն նշելու համար մահապատիժի գործադրումը 17-րդ դարու կաթոլիկ ահաբեկիչ Կի Ֆաուքսի: Վերջերս գործիչները իւրացուցին այդ օրը` իբրեւ զանգուածային բողոքի օրերէն մէկը: ԱՆԱՆՈՒՆ-ը (առցանց խումբ` ցանցահէններու, որոնց գործունէութեան նպատակն է ընկերային կամ քաղաքական դատ հետապնդել) կը քաջալերէ մարդիկը` քայլարշաւ կատարելու իրենց կառավարութիւններուն դէմ: Միլիոնաւոր դիմակներու լոնտոնեան երթի մասնակիցները  ամէն տարի կը հաւաքուին Անգլիոյ խորհրդարանին առջեւ: Անոնց մեծամասնութիւնը կը կրէ Կի Ֆաուքսի դիմակներ:

Իսկ ինչպէ՞ս Կի Ֆաուքս դարձաւ ժամանակակից բողոքի դէմքը:

ՆկարԲ_110715

1605 թուականին Անգլիոյ մէջ Ֆաուքս մաս կը կազմէր կաթոլիկ խմբակի մը, որ ծրագրած էր պայթեցնել խորհրդարանը (Լորտերու պալատը), նստաշրջանի բացման պահուն: Յայտնի «Վառօդի դաւ»-ը կը նպատակադրէր սպաննել  բողոքական Ճէյմս Ա. թագաւորը, եւ գահին վրայ հաստատել անոր 9-ամեայ դուստրը, որպէսզի իշխէ իբրեւ կաթոլիկ միապետ մը: Բայց… անանուն նամակ մը, որ կը նկարագրէր գաղտնի ծրագիրը, ղրկուեցաւ թագաւորին: Ֆաուքս ձերբակալուեցաւ խորհրդարանի նկուղին մէջ, ուր յայտնաբերուեցան վառօդի 36 տակառներ: Դաւաճանութեան ծանր յանցանքին համար ան դատապարտուեցաւ մահապատիժի, որ գործադրուեցաւ 5 նոյեմբերին: Կի Ֆաուքսին պատկերները եւ խրտուիլակները այրելու աւանդութիւնը սկսաւ ձախողութեան մատնուած դաւէն կարճ ժամանակ ետք, եւ դպրոցական աշակերտներ տակաւին մինչեւ այսօր կը սորվին չար ոգիներու ձայնին նմանողութեամբ կրկնուող խօսքը. «Յիշէ, յիշէ՛ 5 նոյեմբերը»:

1980-ին գրող-գծանկարիչներ Ալան Մուր եւ Տէյվիտ Լոյտ ստեղծեցին շարժուն գծանկարներու զաւեշտական գիրք մը` «Վի ֆոր վենտեթթա»(V), որուն գլխաւոր կերպարը դիմակաւոր  անիշխանական մըն է, որ ֆաշական-բռնատիրական պետութեան մը դէմ պայքարի ատեն կը կրէ Կի Ֆաուքսի դիմակ, երեսին` քմծիծաղ եւ պեխ:

 

նկարԳ_110715

Հեղինակները ուզած են յիշատակել Ֆաուքսը, զայն վերածելով ժամանակակից հակահերոսի: Շարժուն գծանկարներու գիրքը 2006 թուականին վերածուեցաւ շարժապատկերի, եւ թէեւ բնօրինակէն շարք մը առումներով բաւական շեղեցաւ, «V» դիմակը հաւատարիմ թարգմանը եղաւ գիրքին մէջ պատկերուած ձեւին:

Շարժապատկերի հրապարակումը նշելու համար համակիրներուն ցրուեցին կերպընկալէ դիմակներ, որոնք նաեւ կարելի էր առցանց գնել: Երկու տարի ետք, 2008-ի յունուարին, ԱՆԱՆՈՒՆԸ -ը գործարկեց «Project Chanology»-ին` համակարգուած յարձակում մը այսպէս կոչուած «Սայընթոլոճի եկեղեցւոյ» կայքին դէմ, որ ըստ անոնց գրաքննութեան կ՛ենթարկէր  տեղեկութիւնները: 1953-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ հիմնադրուած «Սայընթոլոճի եկեղեցի»-ն պարտադրած էր Եու Թիւպին չցուցադրելու տեսերիզը Թոմ Քրուզին, որ կը խօսէր  «սայընթոլոճի»-ի մասին: Ի պատասխան այս պարտադրանքին, ԱՆԱՆՈՒՆ-ը ամիսներ շարունակ բողոքեց «Սայընթոլոճի»-ի դատամոլական մեթոտներուն դէմ: Ցուցարարներուն թելադրուեցաւ ծածկել իրենց դէմքերը, որովհետեւ «Սայընթոլոճի»-ի անդամներուն տարածուած սովորութիւնն է նկարահանել իրենց դէմ ցոյց ընողները:

ԱՆԱՆՈՒՆ-ի առաջին հանրային ցոյցին, 10 փետրուար 2008-ին, ցուցարարներուն ցրուուած  վարուելակերպի կանոններուն թիւ 17-րդ օրէնքը կը հաստատէ. «Ծածկէ՛ դէմքդ: Ասիկա արգելք պիտի ըլլայ, որ քեզ ճանչնան չարակամներու նկարահանած տեսերիզներուն միջոցով»: Անոնց համար, որոնք կ՛ընտրեն դիմակ կրելը, որոշումը պարզ էր. ներշնչուելով շարժապատկերի վերջին տեսարանէն, ուր Կի ֆաուքսերու բազմութիւն մը կը դիտէ խորհրդարանի պայթումը, «Վի ֆոր վանտեթթա» դիմակը կը տրամադրէ այն քողը, որ անհրաժեշտ է ԱՆԱՆՈՒՆ-ին:

20141108_blp506

Այդ ժամանակէն ի վեր, պատկերն ու երեւոյթը արդէն որդեգրած են ԳՐԱՒԷ շարժումը եւ «Ուիքիլիքս»-ի հիմնադիր Ճուլիան Ասանժը:

Կի Ֆաուքսի դիմակը դարձած է բազմաթիւ ցոյցերու ընթացիկ երեւոյթը: «Վի ֆոր վանտեթթա» գիրքի համահեղինակ Տէյվիտ Լոյտ դիմակը անուանած է`« յարմար ազդաքարտ, որմազդ մը` օգտագործելու, ի նշան բողոքի ընդդէմ բռնապետութեան: Կը թուի, թէ ժողովրդային մշակոյթի բաւական իւրայատուկ պատկեր մը կ՛օգտագործուի այս ձեւով»:

Թէեւ շարժապատկերի պաշտօնական  դիմակները տակաւին առցանց տրամադրելի են, սակայն բազմաթիւ ցուցարարներ կը նախընտրեն իրենք տպել:

Եւ մինչեւ այսօր Անգլիոյ արքայական  պահակագունդը (կազմուած` 1485-ին), խորհրդարանի իւրաքանչիւր նստաշրջանի բացման նախօրեակին, տակաւին խուզարկութիւններ կը կատարէ խորհրդարանի շէնքին նկուղներուն մէջ:

Ֆաուքսի ոգին, բազմաթիւ առումներով, կը գոյատեւէ:

ՆկարԵ_110715

Անանունը Լիբանանի Մէջ

Լիբանանի մէջ քաղաքացիական շարժումները, որոնք վերջին ամիսներուն աշխուժացան` հաւաքներ եւ ցոյցեր կազմակերպելով, զօրակցութիւն ստացան հինգ կէտնոց հաղորդագրութեամբ մը, որ հրապարակուեցաւ ԵուԹիւպ-ին մէջ, այն պնդումով, թէ ԱՆԱՆՈՒՆ-ի գործիչներու եւ ցանցահէններու միջազգային ցանցին մէկ մասն է:

Օգտագործելով համակարգչային ձայնը` «Վի ֆոր վենտեթթա» Կի Ֆաուքս դիմակը, որ դարձած է ԱՆԱՆԱՈՒՆ-ի խորհրդանշանը, տեսերիզը պատրաստողները կոչ ուղղեցին լիբանանցիներուն շարունակելու իրենց ցոյցերը` տապալելու համար «փտած կառավարութիւնը եւ դրութիւնը» :

նկ.լիբ_110715

Կի Ֆաուքսի Դիմակներ Երեւանի Մէջ

ՆԿՐ-Հայ-1_110715

5 նոյեմբեր 2013-ին Երեւանի մէջ շուրջ 100 ցուցարարներ, ոմանք` Կի Ֆաուքսի դիմակներով, փորձեցին երթ մը կատարել դէպի նախագահական նստավայր: Ոստիկանութիւնը արգելք հանդիսացաւ` յայտարարելով, որ ապօրինի է այդ երթը: Ցուցարարներու եւ ապահովական ուժերու միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն պատճառով վիրաւորուեցան ցուցարարներ եւ ոստիկաններ: Ապահովական ուժերը ձերբակալեցին շուրջ քսան ցուցարարներ:

ՆԿՐ-Հայ-2_110715ՆԿՐ-Հայ-3_110715

 

Ներե՞լ Կի Ֆաուքսը

«Կի Ֆաուքսի պէտք է ներում շնորհուի, որովհետեւ ան դարձած է  համաշխարհային մակնիշ»,- կ՛ըսէ  տնօրէնը անոր յաճախած կաթոլիկ դպրոցին, ուր արգիլուած է Կի Ֆաուքսի նկարներու եւ խրտուիլակներու հրկիզումը:

«Ժամանակն է, որ ներենք Կին, եւ զինք ողջունենք իբրեւ բրիտանական մշակոյթի միջազգայնօրէն ճանչցուած խորհրդանիշ մը», ըսաւ Եորքի Սուրբ Պետրոս դպրոցի տնօրէն Լէօ Ուինքլի եւ աւելցուց. «Ոչ միայն ներել, այլեւ պէտք է դադրեցնենք Կի Ֆաուքսի նկարներուն եւ խրտուիլակներուն հրկիզումը, որովհետեւ այդ արարքը կրնայ կրօնական անհանդուրժողականութիւն քաջալերել: Ան համաշխարհային մակնիշ է: Անգլիական մշակոյթը գնահատող բազմաթիւ անձեր անոր մասին բան մը գիտեն: Մինչ խարոյկին կցուող պատմութիւնը բաւական սարսափելի է, ատիկա վերածուած է այլ բանի` զուարճալի օրուան:

Տնօրէնը ըսաւ, որ ինք տօնակատարութեան երեւոյթներէն դժգոհ է:

«Կի մը այրելը վստահաբար պիտի նկատուի կրօնական անհանդուրժողականութեան վատագոյն արտայայտութիւն մը, կամ` պատմութեան ետդարձ մը: Ինչպէ՞ս պիտի բացատրենք ատիկա 7 տարեկան աշակերտին: Եթէ բացատրութեան ատեն  յարմար չենք զգար, մենք պետք չէ ատիկա ընենք: Շատեր ատիկա  կ՛անուանեն խարոյկի գիշեր: Ժամանակն է յառաջ շարժելու եւ ձգելու, որ խեղճ հոգին հանգստանայ: Կի Ֆաուքս տանջանքներու եւ մահապատիժի ենթարկուած է: Այդ օրերուն ատիկա էր օրէնքի ամբողջ ուժը», ըսաւ Ուինքլի:

Ըստ անոր, Ֆաուքսի ժառանգութիւնը տակաւին ուժը ունի բաժնելու:

«Վիճելի է, թէ Կի Ֆաուքս ազատամարտի՞կ է, թէ՞ ահաբեկիչ մը: Անոնք, որոնք կը պնդեն, թէ Ֆաուքս եղած է ազատամարտիկ, կ՛ըսեն, որ ան մեծցած է այն ժամանակ, երբ բնակչութեան մէկ առ հարիւրը բացէ ի բաց կաթոլիկ էր, եւ ուրեմն ան մաս կը կազմէր հալածուած փոքրամասնութեան: Միւս կողմէ, ոչ ոք կրնայ գնահատել ժողովրդավարութեան գործիքը հանդիսացող խորհրդարանը ականահարելու դաւը: Ոչ ոք կրնայ ներել այդ դաւը, նոյնիսկ` 400 տարի ետք: Դուք կրնաք պնդել, թէ Կի Ֆաուքս խորհրդանկարն  է մարդկային բարդ եւ թերի բնոյթին», ըսաւ տնօրէնը:

Ան նշեց, որ Սուրբ Պետրոս վարժարանը «դժուար յարաբերութիւն» ունի իր տխրահռչակ նախկին աշակերտին հետ: «Մենք զինք կը սիրենք` իբրեւ նախկին աշակերտի, սակայն զինք օրինակելի չենք նկատեր: Կի Ֆաուքս հերոս-դաւաճան մըն է,  եւ այդպիսի բան  կարելի է բազմաթիւ քաղաքակրթութիւններու մէջ: Եթէ խորհիք աւազակներու նիւթերով շարժապատկերներու մասին, ինչպիսին է «Oշըն 11»-ը, երբ խումբ մը կը կողոպտէ վատ անձ մը: Կամ` Ռոպին Հուտը, որուն գործողութիւնները ապօրինի են, բայց կայ բարոյական նպատակ մը, որ դուք կրնաք գնահատել», ըսաւ ան:

Կի Ֆաուքսի յաճախած Եորքի Սուրբ Պետրոս վարժարանը (հիմնադրուած` 627 թուականին), դարեր շարունակ կը ցուցադրէ իր սաներուն անուններն ու նկարները:

St_peters_school_front_gate

«Կի Ֆաուքս այժմ ցցուն կերպով կախուած է մեր  յուշասրահէն, դպրոցի հանդիպումներու գլխաւոր վայրը», ըսաւ տնօրէնը:

 

Նախորդը

Ամենափոքր 3 Տարածութեամբ (3 Տի.) Քամերան Ուղեղի Վիրահատութեան Նորարութիւն Կը Բերէ

Յաջորդը

Տեսակէտ. «Սփիւռք» – Համասփիւռքեան Հիմնադրամ

RelatedPosts

Կասպից  Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է  Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր
Մշակութային եւ Այլազան

Կասպից Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր

Յուլիս 4, 2025
Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ
Մշակութային եւ Այլազան

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Յունիս 13, 2025
Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր
Մշակութային եւ Այլազան

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Յունիս 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?