Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. «Սփիւռք» – Համասփիւռքեան Հիմնադրամ

Նոյեմբեր 7, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՐՈՒԱՆԴ Հ. ՔԱՍՈՒՆԻ

Խորագրին ի տես, շատեր պիտի պռստեն իրենց յօնքերը, ու`

– Ի՜նչ համասփիւռքեան հիմնադրամ…

Այո՛,

Եթէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամ,

Ուրեմն,

Նաե՛ւ` «Սփիւռք» համասփիւռքեան հիմնադրամ:

Ի՞նչն է տարօրինակը, եւ ինչո՞ւ է զարմանքը:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը ծնունդ առաւ Հայաստանի անմիջական կարիքներուն հասնելու: Ան ունէր ե՛ւ ազգային-հասարակական նպատակ` սփիւռքի աչքերը սեւեռել` Հայաստանի վրայ:

Հարցումը.

Սփիւռքը չունի՞ կարիքներ, որոնք համասփիւռքեան օժանդակութեան կը սպասեն: Ու ժամանակը չէ՞, որ սփիւռքը իր աչքերը սեւեռէ սփիւռքի վրայ:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը խանդավառեց նախագահ Սերժ Սարգսեանը, որ հրապարակ նետէ «հայաստանակեդրոն սփիւռք» լոզունգը: Տարազումը ծայրայեղ էր ու վտանգաւոր: Նախագահը աւելի ուշ անդրադարձաւ իրողութեան ու փորձեց յղկել տարազումին սուր անկիւնները: Փորձը անյաջող էր: Իրականութիւնը կը մնայ այն, որ կամայ թէ ակամայ, «հայաստանակեդրոն սփիւռք» լոզունգը ամէն օր քիչ մը աւելի կը խթանէ սփիւռքի ինքնամոռացումը:

Եւ հոս պիտի ճշդել` սփիւռքակեդրոն սփիւռք մը միայն կրնայ հայաստանակեդրոն սփիւռք ըլլալ,

Քանի որ ինքնամոռաց սփիւռք մը հուսկ կը կորսնցնէ ե՛ւ Հայաստանի հասցէն, ե՛ւ ճամբան:

Գիտակի՞ց ենք ինքնամոռացութեան ճամբայ հարթող սփիւռքին սպասող վաղուան օրերու բնոյթին:

Ահա թէ ինչո՛ւ արշակաւանեան խառնարանի այս օրերուն, ժամանակն է, որ սփիւռքը կանգ առնէ պահ մը, կենայ հայելիին դիմաց ու հարց տայ.

– Ո՞վ եմ ես, ինչո՞ւ եմ սփիւռք, ուրկէ՞ կու գամ, ո՞ւր կ՛երթամ, ինչո՞ւ կ՛երթամ, ի՞նչ է եւ ո՞ւր է վախճանակէտը…

Հրամայական պահանջ է, որ տրուին այս հարցումները ու կատարուի պատասխաններուն փնտռտուքը: Ու երբ կը տարազուին պատասխանները, հարց պիտի տալ.

– Համաշխարհայնացումի սադայէլական քարոզչութեան այս օրերու արշակաւանեան խառնարանին մէջ սփիւռքը ունի՞ ազգային պայքարի մէկ ամբողջական ինքնավար նպատակ ու մէկ ամբողջական գործակցութիւն` նա՛խ սփիւռքի, եւ ապա` Հայաստանի համար:

Սփիւռքակեդրոն սփիւռք մը ունենալու գործնական առաջին քայլը պիտի ըլլայ համասփիւռքեան կեդրոնական ժողովի մը գոյառումը:

Աւելի քան կէս դար է ու մինչեւ այսօր կը գրուի ու կը խօսուի այս մասին, ու դժբախտաբար աւելի քան կէս դար է ու մինչեւ այսօր ան դէմ կու գայ բազմադէմ կարծրատիպ մտածողութիւններու պատին:

Եթէ Ցեղասպանութեան զոհ տարագիր հայութիւնը` սփիւռքը, Հայ դատի իրաւատէրն է ու իր բռնագրաւուած հայրենի հողերուն պահանջատէրը, ապա ուրեմն համասփիւռքեան կեդրոնական ժողովը միակ գրաւականն է իր իրաւական ներկայութեան ու կատարուած քարոզչութեան իրաւութեան հաւաստիքը:

Համասփիւռքեան կեդրոնական ժողովի մը կազմաւորումին համար մարդը չէ, որ կը պակսի: Սփիւռքը որակեալ մասնագէտներու փաղանգ մը կրնայ ոտքի հանել, որ գերագոյն արժանապատուութեամբ ու պատասխանատուութեամբ կարենայ համասփիւռքեան կեդրոնական ժողովը դնել աշխատանքային ճիշդ հունի մէջ ու լիազօրուած հեղինակութեամբ հետապնդել պահանջատիրութեան դատը:

Այս օրերուն Ցեղասպանութեան նուիրուած գիտաժողովներուն հիմնախնդիրն է պահանջատիրութեան դատի իրաւական երեսը: Տեսականօրէն, թուղթի վրայ, շատ բան կարելի է պարզել, մինչեւ իսկ բոլոր դատերը շահիլ, բայց… երբ կու գայ ժամանակը` թղթածրարները ձեռքին միջազգային ատեաններ ներկայանալու, ո՞վ հաշուարկած է, թէ քանի՞ միլիոն տոլարի կամ եւրոյի նախահաշիւ ելեւմտավարկ պէտք է պատրաստուի:

Ժամանակի գործօնը:

Հարիւրամեակը նոր հարիւրամեակի սեմին կը բերէ Հայ դատն ու պահանջատիրութիւնը: Այս է իրողութիւնը, զոր պիտի դիմագրաւել համբերութեամբ ու հաշուենկատումով: Կը նշանակէ` նոր հարիւրամեակ մը պիտի նախատեսել պահանջատիրութեան պայքարի ճանապարհին, ու այդ ճանապարհին վրայ` իրերայաջորդ սփիւռքահայ նոր սերունդներու ասպարէզ գալը:

Եւ հոս` վերադարձ հիմնահարցին:

Եթէ նոր հարիւրամեակի իրերայաջորդ սփիւռքահայ սերունդները պիտի ստանձնեն պահանջատիրութեան դատն ու անոր հետապնդումը, ապա առաջնահերթ պարտաւորութիւն է այդ սերունդներուն ազգային դաստիարակութիւնը, հայերէնով հայեցի դաստիարակութիւնը, եթէ երբեք կը հաւատանք, որ`

Լեզուն հաստատագիրն է ազգային դիմագիծին եւ ինքնութեան:

Ուրեմն հայ դպրոցը պիտի մնայ կիզակէտը սփիւռքի ուշադրութեան, նախանձախնդիր անոր յարատեւ վերանորոգման ու բարգաւաճումին ե՛ւ ուսումնական, ե՛ւ կրթական, ե՛ւ ազգային, ե՛ւ քաղաքացիական մակարդակներու վրայ:

Հայ դպրոցը, որ նշանակէ`

Հայ աշակերտ եւ ուսանող, հայ ուսուցիչ ու դասախօս, հայ տնօրէն ու վարչական կազմ:

Եւ այսօր ի՞նչ է հայ դպրոցին վիճակուած ճակատագիրը: Աղքատախնամի պնակ: Չբանանք փակագիծերը, սակայն ըսենք, որ մերօրեայ հայ դպրոցը իր գոյութիւնը կը քաշկռտէ հովանաւոր եկեղեցիներու կամ կազմակերպութիւններու` անհասանելի պահանջներուն հասնելու շփոթահար ճիգով, սակաւաթիւ բարերարներու առատաձեռն նուիրատուութեամբ, ու յաճախ` բարիկամեցողներու սրտաբուխ նուէրներով:

Ինչո՞ւ կը փակուին հայ դպրոցները: Կամ` կը փակենք: Գաղտնիք չէ. փերեզակային հոգեբանութեամբ «մեծանուն տնտեսագէտներ» ունինք, որոնք միշտ ալ հայ դպրոցի մը ելեւմտավարկի արձանագրած «բաց»-ը գոցելու հանճարեղ առաջարկը ունին.

– Փակեցէ՛ք դպրոցը:

«Հանճարեղ» այս տնտեսագէտները կը գիտակցի՞ն, թէ`

Սփիւռքի մէջ հայ դպրոց մը փակել` համազօր է Հայաստանի մէջ զօրանոց մը փակելու:

Կարո՞ղ ենք ճիշդ գնահատել այս հաւասարութիւնը:

Միայն Լիբանանի ու Սուրիոյ (մանաւա՛նդ այս օրերուն) մէջ չէ, որ հայ դպրոցը նիւթական տագնապ կը դիմագրաւէ: Հարց տուա՞ծ ենք, թէ ի՛նչ է Յունաստանի եւ Կ. Պոլսոյ հայ դպրոցին տնտեսական կացութիւնը: Ու զարմանքով հարց պիտի տալ թէ ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներու հայահոծ «Լոս Արմենոս»-ի մէջ հայ դպրոց կը փակուի… նիւթական պատճառներով:

Ու դեռ պիտի զարմանալ, թէ ինչու Նիւ Եորքի մէջ 2011 թ. կարելի կ՛ըլլայ ստեղծել վեց միլիոն տոլարի անձեռնմխելի հիմնադրամ մը (որուն մէկ միլիոնը ՀԲԸ միութեան «կրթաթոշակներու ֆոնտ»-էն), «Էջմիածնի միաբանութեան մէջ եկեղեցականներու պատրաստութեան եւ բարձրագոյն կրթութեան համար», բայց նոյն նուիրատուները, որոնք մեծամասնութեամբ Միջին Արեւելքի զաւակներ են` Նոր Աշխարհ տեղափոխուած, չե՛ն կրնար մտածել նմանօրինակ հիմնադրամ մը ստեղծելու մասին, իրենց դռները փակելու սպառնալիքին առաջ կեցած Միջին Արեւելքի հայ դպրոցներուն համար:

Ու պիտի զարմանալ, թէ ինչպէ՛ս նոյն տարուան մէջ իր պորտը հայութենէ կտրած «ծնունդով (կէս) հայ»-ը, մեծահարուստ թենիսիստ Անտրէ Աղասի կը յաջողի իր կնքահայրէն` «աշխարհի ամէնէն հարուստ հայէն»` Գըրգ Գըրգորեանէն, տասնութ միլիոն տոլար ձեռք բերել իր թենիսի դպրոցին համար, բայց ամերիկահայութիւնը իր եկեղեցիով ու կրթական համակարգով չի կարողանար հայ դպրոցի գոյատեւման համար համոզել Գըրգ Գըրգորեանը, որ գէթ տասը միլիոն տոլար գումարով հիմնադրամ մը հաստատէ:

Դեռ այս «հի՜չ», աշխարհի ամէնէն հարուստ նոյն հայը, նոյն տարուան մէջ երկու հարիւր միլիոն տոլար կը նուիրէ Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանին:… Եւ ո՞վ հարցուց, թէ որո՞ւ ժառանգ կը մնան Գըրգ Գրիգորեանի միլիառները…

Արդեօ՞ք պիտի մտածել, թէ սփիւռքահայը ի՛նք ալ սկսեր է հաւատալ Հայաստանէն «ձայնասփռուած» քարոզչութեան, թէ` «Սփիւռքի մէջ աղքատ հայ չկայ»: Ինչո՞ւ զարմանալ, երբ հրապարակագիր մը կը գրէ. «… ունեւոր էին, ինչպէս բոլոր հայերը արտասահմանում»: Իսկ հանրածանօթ գրող մը կ՛արձանագրէ. «Ես աղքատ սփիւռքահայ չեմ տեսել…»: Այս ի՜նչ հրաշք ու երջանկութիւն (բայց այս մասին` այլ առիթով):

Սփիւռքի հայ համայնքները կը նահանջեն, կ՛ուծանան, կ՛ապազգայնանան գլխաւորաբար նաեւ համայնքներու տնտեսական կեանքին համբակ ու ձախաւեր ղեկավարութեան պատճառով: Ամէն Ինչ «օր օրի » է, ամէն ինչ կարկտան, ամէն ինչ «այսօրը անցընենք» հոգեբանութեամբ: Տնտեսական ազգային հզօր կառոյցներ չկան, գլխաւոր պատճառը անվստահութեան հարցն է: Հայու խասիաթ է, ամէն ոք միայն ի՛նք պիտի նախաձեռնէ եւ ի՛նք կառավարէ: Չըլլա՛յ, որ հաւաքական աշխատանք մը հրապարակի վրայ արդիւնաւորուի ու հեղինակութեան տիրանայ. ի՞նչպէ՞ս թէ, հապա՞ մեր «ես»-երն ու «եսիկ»-ները:

Հինցած ոճերու ստրուկն է սփիւռքը: Ու հինցած ոճերը ծուլութեան կ՛առաջնորդեն, կը յոգնեցնեն ու կ՛ուծացնեն: Հինցած ոճերու զոհերն են հայ դպրոցները, ընկերային ու հասարակական կազմակերպութիւնները, հայ ազգային կուսակցութիւնները, հայ եկեղեցիները:

Ու ոճը չի նորանար մարդերու փոփոխութեամբ կամ տեղափոխութեամբ, ո՛չ ալ` արհեստագիտական սարքաւորումներով: Ոճը կը նորանայ մտքի ու մտայնութեան նորանալով, նոր հորիզոններու դիմաց քննադատական մտածողութիւնը սկզբունք ու մեկնակէտ որդեգրելով:

Ու որպէսզի իրականանայ նորանալը, անհրաժեշտ է ստեղծումը մտածողներու խորհուրդին կամ հիմնարկին (think tank): Մտաւորական եւ ուսումնական բարձրագոյն մակարդակով, ասպարէզային տարբեր մարզերու մէջ փորձառու մասնագէտներու խորհուրդ մը, որ համապարփակ գնահատանքը կատարէ սփիւռքի ներկայ իրավիճակին, ու նոր հեռանկարներու համար նորաոճ աշխատանքի ծրագիր մը յանձնէ համասփիւռքեան կեդրոնական ժողովին:

Աշխատանքային բազմաթիւ ծրագիրներ իրականացնելու համար` պահանջատիրութեան դատ, հայ դպրոց, հայ մշակոյթ, մամուլ-քարոզչական մեքենայ, առողջապահական-ընկերային ծառայութիւն – մշակուած ծրագիրներու դիմաց` առաջնահերթ պահանջը դրամն է, եւ ահա թէ ինչո՛ւ անհրաժեշտ է մտածել «Սփիւռք» – համասփիւռքեան հիմնադրամի մասին:

Յիսնամեակ մը առաջ երկար խօսուեցաւ ու գրուեցաւ հայկական դրամատան մը ու հայկական հիւանդանոցի մը մասին: Կար ցանկութիւնը, ու երկար տեւեց գիրն ու խօսքը: Միայն գիրն ու խօսքը: Կար նախօրինակը. 1911 թ. Կ. Պոլսոյ մէջ հիմնուած էր հայկական դրամատուն մը, որուն առաջին հերթին դիմում կը կատարուէր 1914 թ. բռնկած պատերազմի զոհերուն օգնութեան փութալու:

Սփիւռքի միատարրութիւնը իբրեւ ազգային հաւաքականութիւն ամրագրելու ու կեդրոնաձիգ աշխատանքը իմաստաւորելու համար անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն  համասփիւռքեան կեդրոնական ժողովը եւ «Սփիւռք» համասփիւռքեան հիմնադրամը:

«Սփիւռք» համասփիւռքեան հիմնադրամը կը գործէ բարոյական հովանաւորութեան ներքեւ երեք հոգեւոր պետերուն` ղեկավարութեամբ անկախ գործադիր ժողովի մը, որ համարատու է համասփիւռքեան կեդրոնական ժողովին: Վստահութիւնը մեծագոյն դրամագլուխն է:

«Սփիւռք» համասփիւռքեան հիմնադրամը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին հակադրուելու համար չէ: Բայց արդար ըլլանք ու հարց տանք. «Հայաստան» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ հիմնադրամը վերջին քանի տասնեակ տարիներուն սփիւռքէն (չհաշուած Ռուսիան) հանգանակած միլիոններէն քանի՞ դահեկանի նպաստ հասցուցած է սփիւռքին: Քաջ ըլլանք խոստովանելու , թէ վերջին երեք տարիներուն «Հայաստան» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ  հիմնադրամը դրամական (հաշուելով վերջին դահեկանը) ի՞նչ աջակցութիւն ցուցաբերած է սուրիահայութեան:

Դարձնենք էջը ու հարց տանք տարագիր սփիւռքահայութեան եկեղեցի, բարեգործական ընկերակցութիւններ, կուսակցութիւններ, անհատ բարերարներ), ու պատասխանը սպասենք իրմէ.

– Առանց դոյզն իսկ չափով թերագնահատելու Հայաստանի եւ Արցախի կարիքները, ու միշտ ջատագով այդ կարիքները բառնալու աշխատանքին`

– Հայաստանի ու Արցախի մէջ դպրոցները վերանորոգուելու կարիքը ունին, սփիւռքի մէջ չունի՞ն…

– Հայաստանի ու Արցախի մէջ չքաւոր հայը չքաւոր է, սփւռքի մէջ չքաւոր հայը չքաւոր չէ՞…

– Հայաստանի ու Արցախի մէջ եթէ հիւանդանոցները անհրաժեշտ է օժտել գերարդիական սարքերով, սփիւռքի բարեգործական դարմանատուները կարիքը չունի՞ն բարենորոգման` ձեռք մը աւելի տալու հայ հիւանդին:

– Հապա՞ հիւանդները… Հայաստանի ու Արցախի մէջ հայը արժանի է (եւ արժանի՛ է) յաւէտ վերանորոգուող հիւանդանոցներու մէջ ամէնէն նպաստաւոր պայմաններով բուժում ստանալու, իսկ սփիւռքի մէջ` դռնէ դուռ մուրալո՞ւ…

Տակաւին չբանանք էջը տնազուրկ հայերու, հայ դպրոցէ զրկուած (դրամի պատճառով ձրիավարժ պետական դպրոց յաճախող) հայ աշակերտներու, եւ ընդհանրապէս տնտեսական տագնապի պատճառով դպրոցէ զրկուած հայ տղոց:

Եւ հարց տանք, թէ հայկական քանի՞ դպրոցներու մէջ քանի՞ ուսուցիչներ քանի՞ ամիս է, որ աշխատավարձ չեն ստացած…

Դեռ չխօսինք իւրաքանչիւր հայ դպրոցի կռնակին բեռցուած պարտքի քանակի մասին, որ ի վերջոյ կրնայ հրամայել դպրոցին դուռը փակել:

Ո՞վ է ամչցողը, երբ հայկական ձայնասփիւռները եւ օրաթերթերը կոչ կ՛ուղղեն հայ հիւանդի մը վիրահատութեան կամ հիւանդանոցային բուժման համար դրամ հանգանակելու:

Ո՞վ հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ շատ մօտիկ անցեալին Պէյրութի մէջ հայ դպրութեան ծառայող մը գրեթէ անօթի մահացաւ:

Ե՞րբ եւ ո՞ւր վերջ կը գտնէ այս անտիրութիւնը:

«Սփիւռք», համասփիւռքեան հիմնադրամը պերճանք չէ, այլ` հրամայական անհրաժեշտութիւն:

Ի վերջոյ պիտի մտածե՞լ սփիւռքահայու արժանապատուութեան մասին, թէ՞ ոչ:

Ի՞նչ կը մտածեն Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն հրապարակ իջած  եղերամայրերը յիշեցնող մերօրեայ եղերամայրերը, երբ կը կարդան, թէ վիրաւոր հալէպահայութիւնը բացած է իր դպրոցներուն դռները:

Հարցումը.

Ո՞վ բաց պիտի պահէ այդ դպրոցներուն դռները:

Ճառերէն մնացինք յոգնած ու սոված:

Ե՞րբ կ՛առնուին սփիւռքը իր պատմական առաքելութեան համար փրկելու համասփիւռքեան առաջին քայլերը, որոնց իրաւութեան հաւաստիքը պիտի ըլլայ համասփիւռքեան կեդրոնական ժողովի ստեղծումը, մտածողներու խորհուրդին կեանքի կոչումը եւ «Սփիւռք» համասփիւռքեան հիմնադրամին հիմնումը:

Պիտի փրկել սփիւռքը` հրաւիրելով զայն ինքնաճանաչումի, ինքնագիտակցութեան եւ ինքնարժեւորումի` ամրապնդուելու, պատասխանատուութիւն բառնալու եւ բարոյապէս, մտաւորապէս ու նիւթապէս արտադրող հզօր մեքենայ դառնալու:

Եթէ հզօր «Հայաստանը պայմանաւորուած է հզօր սփիւռքով»,

Ու եթէ Հայաստան կը հաւատայ իր իսկ հրապարակած այս լոզունգին, ապա ուրեմն պարտաւոր է դրապէս դիմաւորելու սփիւռքի մէկտեղման (արդէն «սփիւռքներ» յուսալքող տարազումը սկսեր է երեւալ հրապարակագրութեան մէջ), վերականգնման ու հզօրացման համար նախապայման եղող վերոյիշեալ անկախ կառոյցներու գոյառումը:

Կառոյցները`

Համասփիւռքեան կեդրոնական ժողով,

Մտածողներու խորհուրդ կամ հիմնարկ.

«Սփիւռք» համասփիւռքեան հիմնադրամ:

Կրկնենք.

«Եթէ «Հայաստանակեդրոն սփիւռք»,

Ապա ուրեմն նախ`

սփիւռքակեդրոն սփիւռք:

 

24 հոկտեմբեր 2015

Նախորդը

Անանուն

Յաջորդը

Հալաուինն Ու Գոհար-ը

RelatedPosts

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէին` Գարեգին Նժդեհի Կիսանդրիի Բացում
Անդրադարձ

Մենք Պէտք Է Յաջողինք Վերստին Հրապարակ Բերել Հայու Նժդեհի Հաւատացած Տեսակը*

Յուլիս 15, 2025
Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?