ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ
– Բարի՛ կէսօր: Օ՜հ, բարի եկած ես, մե՛ծ մամա, շա՛տ անօթի եմ, անհամբեր օրհնուած ձեռքերովդ պատրաստուած ճաշին կը սպասեմ, շատո՜նց է ղաւուրմա չես պատրաստած մեզի: Սկաուտական տարազով ու խանդավառ տրամադրութեամբ տուն վերադարձաւ Արամը:
– Կնի՜կ, նայէ տեսնենք աղջիկդ ի՞նչ եղաւ: Կէսօրուան ժամը երկուքն եղաւ, դեռ պիտի արթննայ օրիորդը: Արամը ակումբ գնաց-եկաւ, աղջիկդ տակաւին երազներու մէջ է: Հապա՜, առտուան ժամը 5:00-ին տուն դարձողը, անշուշտ չի….
– Եկա՜յ, տատի՛, եկա՜յ, մի՛ պոռար,- օրօրելէն, շորորելէն ու մէկ օր առաջ հալաուինի համար դէմքը զոմպիներու (մարդակեր-յարալէզ) տեսքով ներկած Լուսինը դուրս եկաւ ննջարանէն:
– Աստուա՛ծ իմ, ա՛յս ի՞նչ երես է, այս ի՞նչ սատանայական կերպարի վերածած ես գեղեցիկ դէմքդ, աղջի՛կս,- լեղապատառ հարցուց Լուսածին մեծ մայրիկը:
– Նանի՜, հալաուին էր երէկ գիշեր, բոլորս սատանաներու, վամփիրներու, կախարդներու եւ վհուկներու վերածուած էինք: Տուն վերադարձիս սիրտ չունէի երեսս լուալու, այսպէս անկողին մտայ: Ի՞նչ պիտի ճաշենք, ծանր ճաշի հոտ կու գայ, օ՜հ, ղաւուրմա՞, ես ասանկ ճաշեր բերանս չեմ դներ… Հիմա փիցցա կ՛ապսպրեմ, շատ անօթի եմ:
– Սկսանք նորէն ճաշի հարցին,- մեկնաբանեց Արամը:
– Լա՛ւ, աղջի՛կս, յայտէ՛, մտիր ու լուացուէ, փետուած մազերդ ալ կոկէ, ինչ որ կ՛ուզես, կ՛ապսպրենք: Արա՛մ, տղա՛ս, դուն ալ գնա եւ տարազդ-փողկապդ հանէ, որպէսզի ճաշի նստինք,- կացութեան յաւելեալ բարդանալէն խուսափելով միջամտեց տիկին Թալինը` տան մայրը:
– Պատմէ՛, Արա՛մ, ինչպէ՞ս էր ԳՈՀԱՐ-ի ելոյթը երէկ գիշեր, լաւ անցուցի՞ր. դժբախտաբար ես գործի ընթրիք ունէի, չկրցայ հեռատեսիլէն հետեւիլ, իսկ երբ տուն դարձայ, արդէն աւարտած էր,- հարցուց պրն. Միհրանը` տան հայրը:
– Մէկ բառով ըսեմ, բա՜-ցա՜-ռի՛կ էր, հայրի՛կ, բացառի՛կ: Այդ ի՛նչ շքեղ ելոյթ էր, հրաշալի: Ո՞ր մէկը պատմեմ, ո՞ր մէկը յիշեմ: Ես ինծի Եւրոպայի կամ Ամերիկայի մէջ կազմակերպուած մեծ համերգ-փառատօներէն մէկուն մէջ կարծեցի: Շատ հպարտ զգացի, որ նման հայկական խումբ մը ունինք: ԳՈՀԱՐ համոյթը մեր իրականութեան պարծանք առթող երեւոյթ է այլեւս: Ամէն ինչ դասաւորուած ու կազմակերպուած էր: Երեւակայէ՛, մինչեւ իսկ ինքնաշարժներու կառատունէն դէպի համերգասրահ ժողովուրդը փոխադրող յատուկ կառքեր տրամադրուած էին: Մուտքին, ձեռնարկին պաշտօնէութիւնը յարգալիր ու քաղաքավար կերպով կը դիմաւորէր հիւրերը, յատուկ I-Pad-երու վրայ կարգ մը տուեալներ կը հարցնէին: Ներսը, հայկական տարազներով ու նորարական ոճով մը չափազանց երկարահասակ գեղանիներ հիւրերը դէպի նստատեղիներ կ՛առաջնորդէին:
Գալով ժամադրութեան, առանց վայրկեան մը իսկ ուշանալու,165 հոգինոց խումբը ճշդուած ժամուն սկսաւ իր ելոյթին: Իսկական հայկական ժամադրութիւն… Բեմը, սրահն ու լուսաւորումը հմայիչ էին:
– Իսկ ի՞նչ երգեր ներկայացուցին, տղա՛ս,- հետաքրքրուեցաւ Լուսածին մամիկը:
– ԳՈՀԱՐ-ի կարգախօսին նման` «Բոլոր ժամանակներու սիրուած հայկական երգերը». ժողովրդային, հայրենասիրական, ազգային, աշուղական եւ դասական: Գուսան Շերամէն` Հայկազուն, Կոմիտասէն` Խաչատուրեան: Երգացանկը շատ հարուստ էր ու բազմազան:
Նուագախումբը, երգչախումբը, մենակատարներն ու պարախումբը այնքա՛ն արհեստավարժ ու տպաւորիչ կը ներկայացնէին յայտագիրը, որ դժուար էր չյուզուիլ, չըմբոշխնել, չհրճուիլ ու չփղաքաղիլ: Հապա՞ հանդիսատեսը, անոնք ջերմեռանդ էին ու ոգեւորուած, բարձրորակ հայ երգի ու երաժշտութեան հանդէպ իրենց ունեցած ծարաւը կը յագեցնէին: Մինչեւ իսկ գործընկերս` Ուասիմը, զոր հրաւիրած էի, որ ինծի ընկերանայ եւ հայ մշակոյթին ծանօթանայ, զմայլած կը հետեւէր յայտագիրին. բեմին ետեւի մասը ցուցադրուող պատկերներուն մասին կը հարցնէր, հիացումով կը խոստովանէր, որ մենք` հայերս որքա՛ն ազնուական ժողովուրդ ենք:
Այս բոլորին մէջ, սակայն, ելոյթին գլուխ գործոցը, իմ կարծիքով, «Տլէ եաման»-ն էր, մանաւանդ` երգին ու պարային ներկայացման զգայացունց համադրումը: Ցաւ ու վիշտ պատճառող այս երգը, գեղարուեստական վերամշակումով, վերջին հարիւր տարիներու մեր պատմութիւնը կ՛ամփոփէր իր մէջ` Ցեղասպանութենէն վերապրում-վերակազմակերպում: «Տլէ եաման»-ը, ցաւին կողքին, յաղթանակի, վերապրումի, պայքարի, պահանջատիրութեան ու չյուսահատելու ապրումները թարմացուց մէջս: Իսկ վերջին մասով երբ բաժնուեցան Կիլիկիոյ թագաւորութեան դրօշները, սրահին մէջ կլանուած ջերմ մթնոլորտը իր գագաթնակէտին հասաւ: Ժողովուրդը յոտնկայս երգելու եւ դրօշները ծածանելու սկսաւ: «Ֆորում տը Պէյրութ»-ի աւելի քան 2000 հոգինոց համերգասրահէն բարձրացած ծափերն ու բացագանչութիւնները ժողովուրդին գոհունակութեան լաւագոյն արտայայտութիւններն էին:
Հայրի՛կ, մի՞թէ կարելի է ձուլուիլ, կորսուիլ եւ որպէս ինքնուրոյն ազգ անհետանալ ժողովուրդներու ցանկին վրայէն, երբ ունինք այսքա՛ն անգնահատելի ոգեղէն արժէքներ, որոնք ազգի մը գոյատեւման կրնան նպաստել:
– Արա՜մ, վրաս գրէ՛, ինչե՜ր կը խօսիս: Հայերէն երգերը մէկը միւսէն հին են: Ինչպէ՞ս կրնաս լսել,- միջամտեց երեսին այլանդակ գծագրութիւնները լուացած Լուսինը:
– Քոյրի՛կ…, բոլո՛ր երգերն ալ…:
– Լուսի՛ն, աղջի՛կս, այդ ի՞նչ խօսք է: Հայերէն երգն ու երաժշտութիւնը մեր մշակոյթին ամէնէն կարեւոր բաժիններէն են: Հայ երգն ու երաժշտութիւնը….
– Օ՜հ, տատի՛, քանի՞ անգամ ըսի, որ ինծի Լուսին չկանչես, չե՛մ սիրեր այդ անունը. անունս Լիլա է հիմա: Ես հայերէն չեմ սիրեր, ես միա՛յն անգլերէն կը սիրեմ լսել: Տեսնէիք երէկուան փարթին, ճոխութիւնը, քէֆը. պարեցինք, ցատկեցինք, խմեցինք, պայթեցանք, ի՛նչ ԳՈՀԱՐ-մոհար կը խօսիք, «Տլէ եաման» եղեր, հա՛, հա՛, հա՜:
– Մեր նահատակներուն ոսկորները անիծեն քեզ, անզգա՛մ աղջիկ,- պոռթկաց պրն. Միհրանը զայրացած:
– Մի՛ բարկանար, տղա՛ս, Միհրան,- միջամտեց Լուսածին մեծ մայրիկը, – ճահիլ են, երբեմն իրենց ըսելիքը չափազանցուած ձեւով կ՛արտայայտեն,- ըսաւ ու կաս-կարմիր եղած` խոհանոց գնաց:
– Թոռնիկս երբ ծնաւ, Լուսածինը հին անուն էր, Լուսին անուանեցին, հիմա Լուսինն ալ չի հաւնիր մեր աղջիկը, Լիլա եղած է, է՜հ, ի՛նչ ընենք, ա՛յս են մեր օրերը…,- ինքնիրեն մրթմրթաց մամիկը:
– Լիլա՛, փիցցադ ապսպրեցի,- նիւթը փոխելու համար նորէն միջամտեց տան մայրը:
– Չէ՛, մամի՛, պէտք չկայ, Ղասսանը ուաթսափեց, հիմա պիտի գայ, միասին մոլ պիտի երթանք, հոն ճաշենք, յետոյ ալ մուվի դիտենք:
– Ղասա՞ն, Ղասան ո՞վ է,- բարկացած հարցուց Արամը:
– Մամի՜, տակաւին աս տղադ լուր չունի՞ նոր պոյֆրենտիս մասին:
– Պոյֆրե՞նտ, օտարի՞ հետ յարաբերութիւն կ՛ընես: Հասկցանք, հայերէն երգերուն շատ մօտ չես, բայց օտարի հե՞տ պիտի ամուսնանաս:
Զայրացած էր Արամը ու հօրը կը նայէր, որպէսզի խօսք մը ունենայ:
Հայրը գլխիկոր, ատամները կը կրճտէր, ձեռքերը իրարու կը սեղմէր: «Երկու զաւակներուս ալ նո՛յն կրթութիւնը տուած եմ, երկուքին ալ հայկական աւանդութիւններով մեծցուցած եմ, ինչո՞ւ աղջիկս այսպէս օտարամոլ եղած է»:
– Մի՛ նայիր հայրիկիդ, տղա՛ս, այս դարուս ամէն մարդ ազատ է, Ղասսանը ուսեալ, զարգացած ու հարուստի տղայ է, վրան ալ քրիստոնեայ են,- տիկին Թամարն էր դարձեալ, որ կը փորձէր արդարացումներ գտնել:
– Մա՛մ, մա՜մ, ի՜նչ զարգացած, ի՛նչ հարուստ, ի՛նչ քրիստոնեայ: Ինչո՞ւ այսքան փոխուած էք մայր ու աղջիկ, ինչո՞ւ կը կարծէք թէ…
– Պա՜յ, ես գացի՜, Ղասսանը հասաւ:
Տան մթնոլորտը բաւական լարուած էր: Լռութիւն տիրեց: Արամին աչքերը կրակոտ, հեւքին ձայնը կը լսուէր, քիչ մնաց պիտի լար: Յանկարծ մեծ մայրը խոհանոցէն կանչեց.
– Յայտէ՛, Արա՛մ, յայտէ՛, տղա՛ս, Միհրան, Թալի՛ն, եկէ՛ք, ճաշը պատրաստ է, սեղանը պատրաստ է:
Երբ ճաշասեղանին շուրջ համախմբուեցան, Լուսածին մեծ մայրիկը, որ հանգստեան կոչուած հայերէնի եւ կրօնի ուսուցչուհի էր, «Ճաշակեցուք»-ը արտասանելէն ետք ըսաւ. «Այս է մեր իրականութիւնը, Արամս: Միշտ ալ մեր կեանքին մէջ օտարասէրներ եւ ազգային կեանքէ հեռու մարդիկ եղած են ու պիտի ըլլան: Համաշխարհայնացման ու սփիւռքի պայմաններուն մէջ ճիշդ չէ բոլորէն մաքրամաքուր հայ ըլլալու ակնկալութիւն ունենալ… Մի՛ սպասեր, որ բոլոր հայերը կատարեալ հայախօսներ, հայասէրներ, նուիրեալներ ու ազգասէրներ ըլլան… Նման մօտեցում իրապաշտ եւ արդիւնաւէտ չէ: Չկարծես նաեւ, թէ ան, որ հալաուին կամ այլ համաշխարհային մոտայիք ու մակերեսային երեւոյթներու կը հետեւի, անպայման հայասէր չէ, կամ հայ մշակոյթ չի սիրեր ու չի քաջալերեր: Հայկականութիւնը ինքնութեան եւ պատկանելիութեան զգացում է, որ տարօրինակօրէն կրնայ տարբերիլ անձէ անձ, խառնուածքէ խառնուածք: Ընդունելու ենք նաեւ, որ մարդոց ճաշակներն ու աշխարհահայեացքները տարբեր են: Կարեւորը` չմերժենք անոնք, որոնք մեր պատկերացուցած հայու տուեալները չունին, այլ ընդհակառակը` փորձենք սիրաշահիլ զանոնք եւ ներգրաւենք մեր հաւաքական կեանքին մէջ: Աստուած բոլորն ալ պահէ ու մանաւանդ քու նմաններդ շատցնէ մեր իրականութեան մէջ: Մի՛ նեղանար, Արա՛մս, շարունակէ ԳՈՀԱՐ-ին մասին պատմել, որպէսզի ղաւուրման աւելի համով ու հոտով ուտենք: Թալի՛ն, աղջիկս, այդտեղէն «Վանայ ձայն»-ը միացուր, հիմա ազգային երգերու ժամ է, թերեւս ԳՈՀԱՐ սփռեն, կամ ալ ԳՈՀԱՐ-ին տի. վի. տի.ներէն մէկը դիր, լսենք ու վայելենք…
– Կենա՛ցդ Արամս:
– Հազա՛ր անուշ, հայրի՛կ…
2 նոյեմբեր 2015