ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Որեւէ բանով մի՛ զբաղիք այսօր, որովհետեւ շատ ընելիքներ ունիք: Կեդրոնացէք ձեր գլխաւոր աշխատանքին վրայ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պիտի նախընտրէք խմբական մարզանք կատարել: Պէտք է ունենաք իւրայատուկ խաղ եւ միեւնոյն ատեն պէտք է մասնակցիք խմբային աշխատանքին:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ինչ որ սորված էք, շուտով պիտի տեսնէք անոր օգուտը ձեր կեանքին մէջ : Միշտ հետամուտ եղէք աշխատանքի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ուշադիր եղէք, եթէ ճամբայ ելլէք ինքնաշարժով: Նոյն ատեն մի՛ մոռնաք դադար առնելու: Օրը պիտի անցնի ուրախ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Սիրոյ մէջ անօգուտ է մէկը միւսին տպաւորել, մեկնելով արտառոց զրոյցէ: Պարզ խօսակցութիւն մը կրնայ ստեղծել հիանալի մթնոլորտ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր ընկերութիւնը պիտի փնտռուի: Տարբերութիւն դրէք անձերու միջեւ: Հետաքրքրուեցէք այն անձերով, որոնք ձեզ կը գնահատեն անկեղծօրէն:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Անգամուան մը համար պիտի ըլլաք շատ գործնական: Օրը պիտի անցնի բարեկամական մթնոլորտի մը մէջ: Ունիք նաեւ գնումի հարցեր:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ինքզինք ներկայացնելը ոչինչի կը ծառայէ: Մնացէք ուշադիր` բարեկամական ձեր խօսակցութեան ընթացքին, որովհետեւ կրնաք սխալ հասկցուիլ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր ապագային համար լաւ խրատներ պիտի ստանաք: Ականջ տուէք, չէք զղջար, ինքնագլուխ որոշումներ մի՛ տաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Բարեկամ մը իր ճամբորդութեան մասին պիտի պատմէ` հետաքրքրելով ձեզ: Ինչո՞ւ չէք ուզեր յաջորդին անոր հետ ճամբորդել:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Փոփոխութիւններ կ՛ուզէք եւ պիտի ունենաք: Օրը յարմար է նոր որոշումներ տալու: Բարեկամական պտոյտ մը պիտի ունենաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Դադրեցէք ձեր օգնութիւնը ընծայելու ուրիշներուն: Զբաղեցէք միայն դուք ձեզմով: