Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

Նոյեմբեր 7, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Antranik_110715

Սասունի մասին ասում են, որ կոտորուել է առանց արդիւնք տալու: Դա նախատինք է, որ շարունակ կոտորուելն են յիշում, եւ չեն ասում, որ նոյնպէս եւ կոտորել ենք: Կռուողներին չեն կարողացել կոտորել, այլ խաղաղ ժողովրդին, որ արտում աշխատելիս է եղել:… Երկրից տարեկան 50 հազարի չափ մարդ է պակասում: Մենք պիտի շտապեցնե՛նք ինչ որ անելու ենք, չենք կարող երկար սպասել: Այն ինչ որ 4 տարուայ մէջ կարելի է անել, մենք պիտի աշխատենք մի տարուայ մէջ անել:

ԱՆԴՐԱՆԻԿ

 

Kevork-Chavoush_110715

Յեղափոխականին կեանքը փոթորկալի կեանք մըն է, դառնութիւններով լեցուն. անոր ճանապարհը փշոտ եւ տատասկոտ է: Այդ ճամբան քալողներու վրայէն միշտ կը սաւառնի մահուան աստուածը… Շատերը կը ցանկան ֆետայի ըլլալ, սակայն քիչեր կ՛արժանանան այդ պատուոյն: Պէտք է քալել, քալե՜լ, որպէսզի հասնինք մեր նպատակատեղին: Է՜հ, արծուի ճուտե՛ր, մենք որ այս փոքր նեղութիւնը չկրնանք տանիլ, ինչպէ՞ս տանի այն հերոս ժողովուրդը, որ ամէն օր զրկանք-չարչարանքներու ենթակայ է:

ԳԷՈՐԳ ՉԱՒՈՒՇ

 

Sepasdatsi-Mourad_110715

Ա՜յ, խեղճ ազգս, ինծի կը հայհոյես ու կը նախատես, որ իմ պատճառով է անբարտաւան թուրքը քեզ կը սպաննէ: Խեղճ ժողովուրդ, եկո՛ւր յետեւէս, զէնք վերցուր, զէ՛նք, որ փրկուիս. ուրիշ փրկութիւն չկայ: Զէնքը կարիք մըն է, անյետաձգելի կարիք մըն է: Հա՛յ ժողովուրդ, դուն ինձ կը հալածես քեզ սպաննողին հետ միացած, անգիտօրէն կը մատնես, կ՛ատես, բայց սխալած ես. եկո՛ւր յետեւէս: Ա՛յս է փրկութեան ճամբան:

ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ ՄՈՒՐԱՏ

 

Armen-Garo_110715

Հոգուս խորքին մէջ համոզուած էի, որ այսքան անարդարութիւնը անպատիժ չէր մնալու, որ թափուած արիւնը ի զուր պիտի չանցնի եւ որ պատմութիւնը օր մը իր վրէժը պիտի լուծէ ռուսական եւ թրքական հրէշային կայսրութիւններէն:

ԱՐՄԷՆ ԳԱՐՕ

 

Yeprem-Khan_110715

Նրան կռիւ ուղարկելիս, ողջ-դարձի առթիւ Դաշնակցութիւնը ուղեկցեց Եփրեմին` հին դիւցազնական պատուէրով.- «Կա՛մ վահանը ձեռքիդ, կա՛մ վահանի վրայ»: Եւ ան մնաց հաւատարիմ այդ պատգամին: Չորս տարի նա կեցած էր վահանը ձեռքին միշտ էլ յաղթող եւ այսօր նա պառկած է վահանի վրայ… նորէն յաղթող: Եփրեմները, հրամանատարները կ՛ընկնին եւ պէտք է ընկնին: Նրանց մահով բանակն է, որ կը յաղթանակէ, հայութեան, ամբողջ Մարդկութեան Ազատութեան օրն է, որ կը մօտենայ… (Կը վկայէ Ռոստոմ):

ԵՓՐԵՄ ԽԱՆ

 

ՀՅԴ 125-Ամեայ Ուղին`
125-Ամեայ Դրուագով

29.- յունուարին, Սասունը բոլոր կողմերէն պաշարուած էր արդէն: Փաստօրէն, ոչ Հրայրի եւ Վահանի խոհեմ քաղաքականութիւնը կրցած էր փոխել Սուլթանի ծրագիրները, ոչ ալ եւրոպացի հայասէրներու կրկնուող զգուշացումները: Օգտուելով նաեւ Ռուսաստանի հայահալած կեցուածքէն` «Եըլտըզը ծրագրեր էր այս անգամ ի սպառ ոչնչացնել հայկական ըմբոստացումի կեդրոնավայրը, զոր չկրցաւ խորտակել 1894-1895-ին: Զէքի եւ Սալիհ փաշաներու ընդհանուր հրամանատարութեան տակ` թրքական կանոնաւոր ուժերը կը հաշուէին շուրջ 10,000 զինուոր, զինուած թնդանօթներով, կատարելագործուած զէնքերով եւ առատ ռազմամթերքով: Ասոնց կ՛օժանդակէին 5-էն 7 հազար քիւրտ զինեալներ:

30.- 1904-ի յունիս-յուլիսէն, զէնքի եւ զինատար խումբերու դէպի երկիր կեդրոնացման դաշնակցական գործունէութիւնը ահաւոր հարուած կը ստանայ, երբ սահմանին վրայ ռուս զինուորները երեք կողմէ կը պաշարեն ֆետայիներու խումբը. չորրորդ կողմէն ալ` թուրքերը. ու այսպէս կ՛առնեն հայոց խումբը խաչաձեւող կրակին տակ: Անել կացութիւն մը` տարօրինապէս ողբերգական: Մէկ քանի ժամ կռուելէ յետոյ, ֆետայիները կ՛որոշեն անձնատուր ըլլալ ռուսներուն:

31.- 1904-ի ամառը Սասունին օգնութեան փութալու համար, ինքնապաշտպանութեան կռիւ մղող բազմաթիւ խումբեր ճամբայ հանուեցան նաեւ Պարսկաստանէն, որոնցմէ Փոխիկի խումբի մասին կը վկայէ Ռուբէն.- «Փոխիկ մեզմէ մի երկու շաբաթ յետոյ ճամբայ ելաւ. լեռները բռնուած էին արդէն հովիւներով եւ քոչուորներով… Թէեւ Մստոն նոյն ճամբով կը տանէր ինչ որ մեր խումբը առաջնորդած էր, բայց այդ ճամբան արդէն թակարդ էր, որ կ՛երթար Ռազիի ձորը… Արշալոյսի Փոխիկի փոքր խումբը արդէն ծանր կռուի մէջ էր եւ մինչեւ կէսօր անոր հաշիւը փակուած էր»:

32.- 1905-ի փետրուարին Ժընեւի մէջ կը գումարուի Դաշնակցութեան խորհուրդը, որ քննեց մանաւանդ կովկասահայ հարցը եւ, յստակ հիմնաւորումներով` ՀՅԴաշնակցութեան համար անմիջական պահանջ նկատելով Կովկասի մէջ յեղափոխական գործունէութեան առանձին ծրագիր մը, որոշեց «Կովկասեան շարժման հարցումի ինքնապաշտպանութեան շրջանից անցնել բուն յեղափոխական գործունէութեան», առ այդ պատրաստելով` եւ հրատարակելով նաեւ ծրագրի նախագիծ մը` որուն վերջնական հաստատումը կը ձգուէր յաջորդ Ընդհ. Ժողովին: «Կովկասեան գործունէութեան նախագիծ»-ը  ՀՅ Դաշնակցութիւնը կ՛օժտէր տեսաբանական եւ քաղաքական հետեւեալ երկու հայեացքներով.- ա) վերլուծում կովկասահայութեան քաղաքական եւ ընկերային վիճակին` իբրեւ հիմնական պատուանդան անոր յեղափոխական շարժման, որուն կը հետեւի յեղափոխական այդ շարժման զետեղումը` ընկերվարութեան գաղափարախօսական պարունակին մէջ. եւ բ) Անդրկովկասի համար դաշնակցային դրութեան պահանջ, բոլոր ազգերու, համայնքներու եւ դասակարգերու համար հաւասար իրաւունքներով, ներքին լայն ինքնավարութեամբ` բայց առանց անջատուելու Ռուսաստանէն:

Նախորդը

Հալաուինն Ու Գոհար-ը

Յաջորդը

Դոկտ. Սեդա Տատոյեան Կը Պարգեւատրուի «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?