Թուլայի մօտ Մոսկուա-Երեւան ուղեւորութեան ընթացքին փոխադրակառքի արկածէն վիրաւորուած է 48 մարդ, անոնք բոլորն ալ Հայաստանի քաղաքացիներ են: Այս մասին կը յայտնեն մարզային ղեկավարութենէն, կը փոխանցէ News.am-ը:
«Փոխադրակառքին մէջ եղած է 61 մարդ: Ենթադրաբար բոլորը Հայաստանի քաղաքացիներ են: Վիրաւորուած է 48 մարդ, 8 հոգի ալ զոհուած է», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Մոսկուա-Երեւան ճամբորդութիւն կատարող փոխադրակառքի արկածին պատճառով զոհուած է 7, վիրաւորուած` Հայաստանի 43 քաղաքացի: Վիրաւորներէն 9-ին վիճակը բժիշկներուն գնահատումով ծանր է:
Յայտնենք, որ 3 նոյեմբերին` տեղական ժամանակացոյցով ժամը 3:10-ին, ըստ նախնական տուեալներու, Թուլայի շրջանի Ուզլովսքի քաղաքին մօտ Մոսկուայէն Երեւան ուղղուող հանրակառքը տակաւին չբացայայտուած հանգամանքներով դուրս եկած է երթեւեկելի մասէն եւ շրջուած է: Կայ երկու հիմնական վարկած` կա՛մ վարորդը քնացած է ղեկին վրայ, կա՛մ արկածին պատճառը թեքնիք խանգարումն է:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ուղերձը
Նախագահ Սերժ Սարգսեանը Թուլայի շրջանին մէջ «Տոն» ճամբուն վրայ Մոսկուայէն Երեւան հասնող հանրակառքի արկածին առիթով երէկ ցաւակցական ուղերձ յղած է եւ շարք մը յանձնարարականներ տուած է պատկան մարմիններուն: Նախագահին ցաւակցական ուղերձին մէջ նշուած է.
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Խոր ցաւով տեղեկացայ Թուլայի շրջանում Մոսկուայից Երեւան ժամանող հանրակառքի վթարի եւ անդառնալի հետեւանքների մասին: Այս գիշեր մեծ կորուստ կրեց մեր ողջ ժողովուրդը, մեզնից իւրաքանչիւրը: Այս ծանր պահին իմ ցաւակցութիւնն ու վշտակցութիւնն եմ յայտնում զոհուածների ընտանիքներին, հարազատներին եւ մերձաւորներին: Բոլոր վիրաւորներին մաղթում եմ շուտափոյթ ապաքինում»: