Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահն Ու Արտաքին Գործոց Նախարարը Ընդունած Են Եւրոպական Միութեան Յատուկ Ներկայացուցիչը

November 4, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Herbert_110315

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը երէկ ընդունած են Հարաւային Կովկասի ու Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Հերպերթ Զալպերը:

Նախագահի պաշտօնական կայքին փոխանցումով` նախագահ Սերժ Սարգսեան  հանդիպումին ընթացքին ընդգծած է, որ այսօր աւելի քան երբեք կարեւոր է Եւրոպական Միութեան հաւասարակշռուած դիրքորոշման պահպանումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ, ինչպէս նաեւ տագնապին համապարփակ լուծման համար բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծելու յանձնառութեան իրականացումը:

Դեսպան Զալպեր, կարեւոր նկատելով տագնապի շուտափոյթ խաղաղ լուծման անհրաժեշտութիւնը, վստահեցուցած է, որ Եւրոպական Միութիւնը յանձնառու է շարունակելու շրջանին մէջ իր հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնը:

Հայաստանի նախագահը, անդրադառնալով Հերպերթ Զալպերի հետ շուրջ չորս ամիս առաջ տեղի ունեցած նախորդ հանդիպումէն ետք տիրող  իրավիճակին, նշած է, որ այդ կարճ ժամանակաշրջանին ընթացքին  լարուածութիւնը շրջանին մէջ լրջօրէն աճած է` ուղղակիօրէն սպառնալով Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններու  բնակչութեան անվտանգութեան: Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ Հայաստան պատրաստ է շարունակելու կառուցողական համագործակցութիւնը` ի նպաստ շրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան պահպանման ու ամրապնդման:

«Հիւրին խնդրանքով նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայացուցած է իր մօտեցումները Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթի վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ: Նախագահ Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատած է միջազգային հանրութեան եւ իրաւասու միջազգային կառոյցներու ժամանակին ու հասցէական, այլ ոչ թէ  ընդհանրական յայտարարութիւնները զինադադարի խախտումներուն առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ ձեռնարկումը յատուկ միջոցներու, որոնք կը կանխեն հետագայ որեւէ սադրանք: Հանդիպումին ընթացքին երկուստեք ընդգծուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը զինուորական լուծում չունի, եւ ատիկա կրնայ լուծուիլ միայն կողմերուն համար ընդունելի փոխզիջումներու հիման վրայ», կը յայտնէ պաշտօնական աղբիւրը:

Արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցումով ալ` Էդուարդ Նալբանդեանն ու Հերպերթ Զալպեր կարեւոր նկատած են Եւրոպական Միութեան խորհուրդին կողմէ  Եւրոպական յանձնաժողովին Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու նոր իրաւական հիմք ձեւաւորելու շուրջ բանակցութիւններու լիազօրագիրի տրամադրումը:

«Նախարար Նալբանդեան յոյս յայտնեց, որ բանակցութիւններուն իբրեւ հետեւանք մշակուի փաստաթուղթ մը, որ կ՛արտացոլէ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն փոխշահաւէտ յարաբերութիւնները նոր մակարդակի բարձրացնելու միացեալ յանձնառութիւնը եւ ուրուագծէ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող մարզերուն մէջ  համապարփակ փոխադարձ գործակցութիւնը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

 

Նախորդը

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Շնորհաւորէ Թուրքիոյ Մէջ Երեք Հայ Երեսփոխանները Եւ Կ՛ողջունէ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Ձեռք Բերած Ընտրական Արդիւնքը

Յաջորդը

Մոսկուայէն Երեւան Ուղեւորուող Հանրակառքի Արկածէն Վիրաւորուածներուն Թիւը Հասած Է 48-ի

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.