«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»
Թուրքիոյ յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ յանկարծ լարուեցան, երբ ռուսական օդանաւերը սկսան գործողութիւններ կատարել Սուրիոյ մէջ` հարուածելու համար մասնաւորաբար ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը: Այդ թռիչքներու ընթացքին Թուրքիոյ օդային տարածքէն ներս խախտումներ պատահեցան, ու Թուրքիա խիստ հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ այդ խախտումներուն դէմ:
Նախագահ Էրտողան աւելի խիստ խօսեցաւ ու ըսաւ, որ Ռուսիա շատ բան կը կորսնցնէ, եթէ կորսնցնէ Թուրքիան: Նախագահը բնական կազի խնդրի մէջ ալ սպառնալիք մը ըրաւ Ռուսիոյ հասցէին եւ ըսաւ, որ եթէ պէտք ըլլայ, Թուրքիա կրնայ իր բնական կազը հայթայթել տարբեր երկիրներէ, իսկ Ագգույուի հիւլէական կայանը, որ պիտի կառուցուի ռուսերու գործակցութեամբ, կրնայ կառուցուիլ ուրիշի մը կողմէ:
Նախագահ Էրտողանի կողմէ Ռուսիայէն գնուած առատ քանակութեամբ բնական կազի առնչութեամբ կատարուած այս սպառնալիքը խախուտ նկատուեցաւ կարգ մը մասնագէտներու կողմէ, որոնք պնդեցին, թէ Էրտողանի սպառնալիքները անհիմն են, Թուրքիա երբեք չի կրնար ուրիշ տեղէ ապահովել այն բնական կազը, որ հիմա առատօրէն կը ստանայ Ռուսիայէն:
«Ճումհուրիյէթ»-ի մէջ հրատարակուած թղթակցութեան մը մէջ մասնագէտները կը յիշեցնեն, որ Թուրքիա ելեկտրականութիւն արդիւնաբերելու համար իր գործածած բնական կազին 55 տոկոսը Ռուսիայէն կը գնէ: Կարելի չէ, որ Թուրքիա նոյն բնական կազը գնէ Ազրպէյճանէն կամ Իրանէն կամ Ալճերիայէն: Կը գտնուինք ձմրան սեմին ու բնական կազի որեւէ խզում յանկարծ շատ նեղ կացութեան կը մատնէ բովանդակ Թուրքիան, ո՛չ Ազրպէյճանին կազը կը հասնի, ո՛չ ալ Իրանի կազը բաւարար կու գայ:
Թուրքիա ռուսական բնական կազը Ռուսիայէն կը ստանայ նախ Թրակիայէն, ուրկէ եկած կազը կը սնուցանէ Թրակիան, Մարմարան ու Պոլիսը, «Կապոյտ հոսք» կոչուած երկրորդ գիծ մըն ալ կայ, որ Սեւ ծովուն տակէն դէպի Սամսոն կազ կը փոխադրէ: Անկարելի է, որ Թուրքիա հրաժարի այս երկու աղբիւրներէն:
Նաեւ համոզիչ չէ Ագգույուի հիւլէական կայանի մասին նախագահ Էրտողանին ըսածը: Այս հիւլէական կայանի կապակցութեամբ համաձայնութիւններ կնքուած են երկու երկիրներու միջեւ, զանազան քայլեր առնուած են արդէն եւ կարելի չէ անգոյ նկատել այս համաձայնութիւններն ու առնուած քայլերը:
Ուստի Էրտողանի կողմէ կատարուած սպառնալիքը իրականութեան մէջ գործադրելի սպառնալիք մը չէ, կ՛ըսեն մասնագէտները: