Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Մտադիր Էր Սուրիոյ Մէջ Թիւրքմենական Ինքնավար Շրջան Մը Ստեղծել

Նոյեմբեր 3, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

latakia_110315

«Արա Նիուզ» քրտական կայքէջը կը հաղորդէ, որ թուրք պաշտօնատարներ յուլիսի վերջաւորութեան յայտարարեցին, որ կը ծրագրեն Միացեալ Նահանգներու օժանդակութեամբ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ հաստատել ՏԱՀԵՇ-ն ազատ ապահովական գօտի մը: Հետզհետէ յաւելեալ փաստեր ցոյց կու տան, որ այդ գործողութիւնը իրականացնելէ ետք կացութիւնը կրնար վերածուիլ 1974-ին Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոս ներխուժման կրկնօրինակին:

1974-ին, Կիպրոսը Յունաստանին կցելու նպատակով կղզիին մէջ տեղի ունեցած յոյներու պետական յեղաշրջումէն ետք, թրքական բանակը ներխուժեց Կիպրոս` պաշտպանելու համար թուրք կիպրացիները: Ներխուժման աւարտին թրքական բանակը գրաւեց կղզիին 40 առ հարիւրը: Յեղաշրջումէն ետք կարգ, կանոն եւ ժողովրդավարութիւն վերահաստատուեցան յունական Կիպրոսի կողմը, սակայն Թուրքիա բռնագրաւումին վերջ չտուաւ: 1983-ին կղզիի բռնագրաւուած հիւսիսը Կիպրոսէն անկախութիւն յայտարարեց: Թուրքիա կը շարունակէ մնալ աշխարհի վրայ միակ երկիրը, որ կը ճանչնայ այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւնը:

Թուրքիա բռնակցումի եւ խամաճիկ պետութիւններ ստեղծելու հռչակ ունի. հիւսիսային Կիպրոսը, Սուրիոյ Ալեքսանտրեթի նահանգը եւ հիմա` Հալէպի նահանգը, ուր պիտի ստեղծուի ապահով գօտին: Թուրքիոյ այս մութ կողմը իր արմատներն ունի Համաշխարհային Ա. պատերազմի հետեւանքներուն մէջ:

Սուրիոյ մէջ մեծագոյն թիւով թիւրքմեններ կ՛ապրին Հալէպի նահանգին մէջ, սակայն Հալէպի մէջ անոնց թիւը քիչ է: Ատոր պատճառը այն է, որ Սուրիոյ մէջ թիւրքմեններու թիւը փոքր է: Ըստ կարգ մը գնահատումներու, Սուրիոյ մէջ թիւրքմեններու թիւը 100 հազար է, որ քաղաքացիական պատերազմէն առաջ Սուրիոյ բնակչութեան թիւին 0,5 առ հարիւրէն ալ նուազ է: Այս գնահատականը համահունչ է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի գրադարանի այն գնահատականին, թէ սուրիացիներուն 90 առ հարիւրը` արաբներ են եւ 9 առ հարիւրը քիւրտեր, իսկ մնացեալ 1 առ հարիւրը` հայեր, ասորիներ եւ թիւրքմեններ:

Թուրքիա թուրքերուն ցեղակից թիւրքմենները սկսած էր զինուորապէս պատրաստել, որպէսզի երբ իր կողմէ առաջարկուած Հալէպի սահմանին մօտ «ապահովական գօտի»-ն հաստատուի, թիւրքմեն զինեալ խումբերը հոն հաստատուին:

Թուրքիա միշտ ալ Սուրիոյ մէջ օգտագործած է թիւրքմենական խաղաքարտը` արդարացնելու համար սուրիական քաղաքացիական պատերազմին հարցով իր քաղաքականութիւնը: Օրինակի համար, թրքական գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի կողմէ զէնքեր Սուրիոյ փոխադրուող փոխադրակառքերու տեսերիզը մեծ տարածում գտաւ: Ընդդիմադիր կուսակցութիւնները յայտնեցին, որ անոնք կը յանձնուին ՏԱՀԵՇ-ին, սակայն Թուրքիոյ վարչապետը յայտնեց, որ անոնք ուղղուած են Սուրիոյ մէջ թիւրքմեններուն:

2012-ին, Պոլսոյ մէջ Թուրքիոյ օժանդակութեամբ հաստատուած Սուրիական թիւրքմենական ազգային պլոք կուսակցութիւնը վերջերս յայտարարեց, որ ապահով գօտիին համար ոստիկաններ կը զինուորագրէ: Ընտրեալները, որոնց թեկնածութիւնը կ՛ընդունուի միայն այն պարագային, եթէ թիւրքմեն են, երկու ամիս պիտի մարզուին Թուրքիոյ մէջ, ինչ որ կը յառաջացնէ հետեւեալ հարցականը. «Ապահով գօտին միայն թիւրքմեններու կողմէ՞ պիտի ղեկավարուի»:

Գոյութիւն ունին փաստեր, որոնք ցոյց կու տան, թէ Թուրքիա կը պատրաստէ Հալէպի նահանգին մէջ իր վերահսկողութեան տակ գտնուող ինքնավար շրջան մը: Վերջին ամիսներուն Հալէպի բնակչութեան համար սուրիական լիրան թրքական լիրայով փոխարինելու շուրջ բուռն քննարկումներ տեղի ունեցան:

Այս բոլորի կողքին, Սուրիական թիւրքմենական ազգային պլոքը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ թիւրքմեններուն թիւը 3,5 միլիոն է, ինչ որ պաշտօնական աղբիւրներու գնահատականէն շուրջ 3,4 միլիոն աւելի է: Թրքական ազգայնական աղբիւրներու «Արեւմտեան Թուրքմենիստան»-ի մասին պնդումները եւս կը մտահոգեն սուրիացիները: Կարելի է ապահով կերպով ըսել, թէ մտահոգուելու տեղիք կայ:

Ապահով գօտի մը ստեղծելու Թուրքիոյ դրդապատճառներուն շուրջ լայն քննարկում կատարուած է: Գլխաւոր դրդապատճառը Աֆրին եւ Արաբ Բունար (Քոպանի) քրտական քանթոններու միացման կանխարգիլումն է: Կարելի չէ հաստատօրէն նշել, որ Թուրքիան ինչո՛ւ մտադիր է այս ծրագիրը գործադրել: Թերեւս ատոր նպատակը իսկապէս սուրիացի քաղաքացիներու եւ տեղահանուածներու պաշտպանութիւնն է` ինչպէս Թուրքիան կը պնդէ: Թերեւս Սուրիոյ մէջ քիւրտերու ազդեցութեան աճը սանձել է: Սակայն նաեւ կարելի է, որ ապահով գօտին պարզապէս թրքական սահմանին կից թիւրքմենական ինքնավար շրջանի մը հաստատման նախաքայլ մըն է: Ժամանակը պիտի բացայայտէ Թուրքիոյ իսկական նպատակները:

Այս բոլորով հանդերձ, ռուսական զինուորական միջամտութենէն ետք, Թուրքիոյ թիւրքմենական ծրագիրը դժուար թէ իրականութիւն դառնայ:

Նախորդը

Թուրքիա Կրնա՞յ Իր Պէտք Ունեցած Բնական Կազը Գնել Ռուսիայէն Տարբեր Երկրէ Մը

Յաջորդը

Քաղաքացիական Իրաւունք Բոլորին

RelatedPosts

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
Քոնկրեսին Մէջ Արցախի  Եւ Հայ Գերիներու Տագնապի Քննարկում
Հայկական

Քոնկրեսին Մէջ Արցախի Եւ Հայ Գերիներու Տագնապի Քննարկում

Մայիս 3, 2025
Ռուբէն Վարդանեանի Որդին Դիմած Է Թրամփին`  Գերիները Ազատ Արձակելու Խնդրանքով
Հայկական

Ռուբէն Վարդանեանի Որդին Դիմած Է Թրամփին` Գերիները Ազատ Արձակելու Խնդրանքով

Մայիս 3, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?