Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անտրէաս Պեշքէ. «Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցին Մէջ Գերմանիան Պէտք Է Պատմական Պատասխանատուութիւն Ստանձնէ»

October 29, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ker_102815

Գերմանիոյ արտաքին գործոց դաշնակցային նախարարութեան Արեւելեան Եւրոպայի, Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ շրջանի երկիրներու հարցերով յատուկ յանձնակատար Անտրէաս Պեշքէ Ծիծեռնակաբերդ կատարած իր այցելութեան ընթացքին յայտարարած է, որ Գերմանիոյ խորհրդարանը անկախ կառոյց է եւ դժուար է ըսել, թէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին առնչութեամբ ի՛նչ որոշում կարելի է կանխատեսել:

Ծիծեռնակաբերդ այցելութենէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Անտրէաս Պեշքէ ըսաւ. «Չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ որոշում կարելի է կայացնել, քանի որ խորհրդարանը անկախ մարմին է, եւ իւրաքանչիւր անձ ունի ազատ կամքի արտայայտման իրաւունք: Սակայն կը կարծեմ, թէ պատմական պատասխանատուութիւն պէտք է ստանձնէ Գերմանիան եւ այդ առնչութեամբ քայլեր կատարէ», դիտել տուած է Պեշքէ: Անոր համաձայն, այս տարուան ընթացքին նմանատիպ քայլեր արդէն առնուած են, օրինակ` Պերլինի մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցած պատարագն ու նախագահին ելոյթը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ խորհրդարանի որոշումին վրայ ինչպիսի՞ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի Թուրքիոյ մէջ կատարած յայտարարութիւնը` Պեշքէն ըսած է, որ անոնք երկու տարբեր հարցեր են, եւ մէկը միւսին հետ կապ չունի: Անդրադառնալով այն դիտարկումին, որ Մերքել Թուրքիոյ մէջ ըսած է, որ ներկայ դրութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան քննարկման հարցը օրակարգային չէ, քանի որ ներկայ դրութեամբ Գերմանիոյ գլխաւոր խնդիրը գաղթականներն են, յատուկ յանձնակատարը ըսած է. «Ես կ՛ըսեմ, որ պատմական պատասխանատուութիւնը շատ կարեւոր է գերմանացիներուն համար, քանի որ մենք շատ զգացական կերպով կը մօտենանք այդ հարցին: Մենք ունեցած ենք տարբեր քննարկումներ Ողջակիզումին կապուած: Ասիկա այլ հարց է, իսկ գաղթականներուն, փախստականներուն խնդիրը, այլ հարց է: Ներկայ դրութեամբ անիկա նոյնպէս շատ կարեւոր է, քանի որ օրական 10,000 փախստական կը մտնէ»,  յայտնած է Պեշքէն:

Նշենք, որ Անտրէաս Պեշքէ Հայաստան եկած է շրջանային այցելութեամբ: Անկէ առաջ ան այցելած է Պաքու եւ Թիֆլիս: Երեւանի մէջ ան հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Կարէն Նազարեանի հետ:

 

Նախորդը

Ըստ Համաշխարհային Դրամատան Տարեկան Զեկուցումին. Գործառնութիւն Սկսելու Առումով Հայաստանի Հանրապետութիւնը` Աշխարհի Լաւագոյն Երկիրներու Շարքին Է

Յաջորդը

Ուքրանիոյ Տնեփրոփեթրովսք Քաղաքը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.