Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Համաշխարհային Դրամատան Տարեկան Զեկուցումին. Գործառնութիւն Սկսելու Առումով Հայաստանի Հանրապետութիւնը` Աշխարհի Լաւագոյն Երկիրներու Շարքին Է

October 29, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

world_bank_102815

Հրապարակուած է Համաշխարհային դրամատան «Տուինկ պիզնըս 2016», «Կանոնակարգիչ դաշտի որակի եւ նպատակային արդիւնաւէտութեան գնահատում զեկուցում»-ը, որուն համաձայն, Հայաստանի Հանրապետութեան գտնուած տարածաշրջանին մէջ 25 երկիրներէն 23-ի մէջ արձանագրուած է 58 բարեփոխում:

Համաշխարհային դրամատան Երեւանի գրասենեակէն այս կապակցութեամբ յայտնած են, որ, նախորդ տարուան զեկուցումի արդիւնքներուն հետ բաղդատելով, Հայաստան այս տարի իր ամէնէն բարձր ցուցանիշէն 2 կէտով յառաջացած է:

Համաշխարհային դրամատան գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի. «Հայաստանը դիւրացուցած է շինարարական արտօնութիւններուն կապուած հոլովոյթը: Մասնաւորաբար, ցած ռիսքային նախագիծերու համար չեն կիրարկուիր անկախ փորձագէտի կողմէ ճարտարապետական նախագիծի հաստատման եւ շինարարութեան նկատմամբ թեքնիք վերահսկողութեան պահանջները:

«Բացի ատկէ, Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելու կողքին երկիրը կրճատած է Ռուսիոյ հետ առեւտուրի առնչուած փաստաթղթային ու սահմանային ընթացակարգերու ժամանակն ու ծախսերը:

«Եւ, ի հարկէ պէտք է նշել, թէ, նոր օրէնքին համաձայն, որով գործով դատաւորներու նշանակումը կը կատարուի պատահականութեան սկզբունքով ու ամբողջովին ինքնաշխատ համակարգի միջոցով, դիւրացուած է պայմանագիրներու կիրարկման հարցը երկիրի բոլոր դատարաններուն մէջ:

«Հայաստանը աշխարհի 26 այլ տնտեսութիւններու շարքին այն երկիրներէն է, որ գործադրած է երեք կամ աւելի բարեփոխումներ, այդպէս վարուած են աշխարհի տնտեսութիւններու միայն 14 առ հարիւրը:

«Նախորդ տարուան զեկուցումի արդիւնքներուն համեմատ, Հայաստան այս տարի 2 կէտով մօտեցած է բարձրագոյն ցուցանիշին:

«(…) Մասնաւորաբար բարելաւումներ արձանագրուած են հետեւեալ ուղղութիւններով`

– Բարեփոխումներ սահմանային առեւտուրի ուղղութեամբ. Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելու իբրեւ արդիւնք Հայաստան կրճատած է Ռուսիոյ հետ առեւտուրի փաստաթղթային ու սահմանային ընթացակարգերու ժամանակն ու ծախսերը: Իբրեւ արդիւնք ներածման համար պահանջուող ժամանակը 50 ժամէն նուազած է` մօտաւորապէս կազմելով 3 ժամ: Այս ցուցանիշով երկիրը 58-րդ դիրքէն փոխադրուած է 29-րդ դիրք:

– Բարեփոխումներ պայմանագրերու կիրարկման ուղղութեամբ. նոր օրէնքի համաձայն, որով գործող դատաւորներու նշանակումը կը կատարուի պատահականութեան սկզբունքով ու ամբողջովին ինքնաշխատ համակարգի միջոցով, Հայաստանի բոլոր դատարաններուն մէջ դիւրացած է պայմանագիրներու կիրարկման հարցը:

– Գործառնութիւն սկսելու առումով Հայաստանը աշխարհի վրայ լաւագոյն երկիրներու շարքին է (189 տնտեսութիւններու շարքին կը գրաւէ 5-րդ հորիզոնականը), իսկ սեփականութեան արձանագրման տեսանկիւնէն կը գտնուի 14-րդ դիրքի վրայ:

«Երեւանի մէջ գործառնութիւն սկսելու համար գործարարէն կը պահանջուի 3 օր: Ասիկա Դանիոյ ցուցանիշին հետ համադրելի արդիւնք է:

«Ի տարբերութիւն աշխարհի վրայ իբրեւ միջին նկատուող սեփականութեան արձանագրութեան համար պահանջուող 48 օրուան, Հայաստանի մէջ այդ ցուցանիշը կը կազմէ 7 օր»:

Ի տարբերութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան, Ազրպէյճան 189 երկիրներու շարքին գրաւած է 63-րդ դիրքը եւ կը գտնուի Ռուանտայի եւ Ժամայքայի միջեւ: Անցեալ տարի ան 80-րդ դիրքի վրայ էր: Այս տարուան համաշխարհային վարկանիշին մէջ Հայաստանն ու Վրաստանը դարձեալ յառաջ անցած են Ազրպէյճանէն:

Վարկանիշը 10 տարիէ ի վեր անընդմէջ կը գլխաւորէ Սինկափուրը: Վարկանիշի յառաջատարներու տասնեակին մէջ են նաեւ Նոր Զելանտան, Դանիան, Հարաւային Քորէան, Հոնկ Քոնկը, Բրիտանիան, Միացեալ Նահանգները, Շուէտը, Նորվեկիան եւ Ֆինլանտան:

Նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքին մէջ գործառնութեան յարմարաւէտութեան վարկանիշին մէջ յառաջատարը Էսթոնիան է: Անոր կը հետեւին Լիթուանիան (22), Վրաստանը (24), Հայաստանը (35), Պիելոռուսիան (44), Ռուսիան (51), Մոլտովան (52), Խըրխըզիստանը (67), Ուքրանիան (83), Ուզպեքիստանը (87) եւ Տաճիկիստանը (132):

Նշենք, որ, ըստ Համաշխարհային դրամատան զեկուցումին, Լիբանան կը գրաւէ 123-րդ դիրքը:

 

 

Նախորդը

Գերմանացի Երեսփոխան Մը Գերմանիոյ Իշխանութիւնները Յորդորած Է Որդեգրել Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Բանաձեւ

Յաջորդը

Անտրէաս Պեշքէ. «Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցին Մէջ Գերմանիան Պէտք Է Պատմական Պատասխանատուութիւն Ստանձնէ»

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

January 14, 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը  Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի»  Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն
Հայկական

Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի» Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.