Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանացի Երեսփոխան Մը Գերմանիոյ Իշխանութիւնները Յորդորած Է Որդեգրել Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Բանաձեւ

Հոկտեմբեր 29, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Weiler_102815

Պունտեսթակի անդամ, Գերմանա-հայկական համախումբի նախագահ Ալպերթ Վէյլերի գրասենեակէն «Արմէնփրես»-ի յայտնած են, որ գերմանացի երեսփոխանը ջանքեր պիտի գործադրէ, որպէսզի Գերմանիոյ խորհրդարանը շուտափոյթ կերպով հայերուն դէմ Օսմանեան կայսրութեան գործադրած ցեղասպանութեան դատապարտման վերաբերեալ բանաձեւ որդեգրէ:

Գրասենեակէն յայտնած են, որ հաշուի առնելով այն բազմաթիւ դիմումները, զորս Քրիստոնեայ-դեմոկրատական միութեան անդամ երեսփոխանը կը ստանայ Պունտեսթակի յիշեալ բանաձեւի ճակատագիրին վերաբերեալ` ան յատուկ նամակ յղած է Գերմանիոյ նախագահ Եոհաքիմ Կաուքին, Պունեսթակի նախագահ, փրոֆ. դոկտ. Նորպըրթ Լամերթին եւ Քրիստոնեայ դեմոկրատական միութիւն-Քրիստոնեայ ընկերային միութիւն խմբակցութեան ղեկավար Ֆոլքեր Քաուտերին:

Նամակին մէջ ան կը յորդորէ վերոնշեալ բարձրաստիճան գործիչները իրենց հեղինակութիւնն ու ազդեցութիւնը օգտագործել համապատասխան մարմիններուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող պատշաճ բանաձեւ որդեգրելու նպատակով:

Գերմանա-հայկական համախմբումի նախագահը միեւնոյն ժամանակ շնորհակալութիւն յայտնած է Կաուքին եւ Լամերթին` Ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարելիցին առնչութեամբ իրենց արտասանած խօսքերուն համար, ինչպէս նաեւ Քաուտերին` աշխարհի վրայ քրիստոնեաներու դէմ հալածանքներու խնդիրը հետեւողականօրէն արծարծելուն համար:

Վայլեր ցաւով կ՛արձանագրէ, որ այսօր ալ աշխարհի բազմաթիւ մասերուն մէջ քրիստոնեաներուն վիճակը կը շարունակէ ողբերգական մնալ: «Նաեւ այս պատճառով Գերմանիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը կարեւոր քայլ պիտի ըլլայ հետագայ ցեղասպանութիւններու, կոտորածներու եւ հետապնդումներու կանխարգիլման ուղղութեամբ», կ՛ըսուի Վեյլերի նամակին մէջ:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Աղբի Տագնապին Լուծումը Ազգային Անհրաժեշտութիւն Է»

Յաջորդը

Ըստ Համաշխարհային Դրամատան Տարեկան Զեկուցումին. Գործառնութիւն Սկսելու Առումով Հայաստանի Հանրապետութիւնը` Աշխարհի Լաւագոյն Երկիրներու Շարքին Է

RelatedPosts

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է

Հոկտեմբեր 27, 2025
Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»
Հայկական

Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?