Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արմէն» Ճամբարը Վերադարձուեցաւ Հայ Համայնքին

October 28, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

day-175_102715

«Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող «Արմէն» ճամբարը հոկտեմբեր 27-ին վերադարձուեցաւ Պոլսոյ Հայ աւետարանական համայնքին: Այս լուրը հաստատեց Կետիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնարկի փաստաբան Սեպուհ Ասլանքիլը` նշելով, որ սեփականութեան վկայականը արդէն իսկ յանձնուած է հիմնարկին:

Լուրը հաստատեցին նաեւ ճամբարի վերադարձին համար ստեղծուած յատուկ խմբակի ներկայացուցիչները, որոնց հրապարակած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «6 մայիս 2015-ին սկսած մեր պայքարը, դիմադրութեան 175-րդ օրը` հոկտեմբեր 27-ին, պսակուեցաւ յաջողութեամբ: Ճամբարը վերադարձուեցաւ Կետիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնարկին: Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք պայքարին աջակիցներուն, ինչպէս նաեւ` «Նոր Զարթօնք» նախաձեռնութեան»:

Դիմադրութեան արշաւին նախաձեռնողները այս առիթով տօնակատարեցին իրենց տարած յաղթանակը: Այժմ հայկական այս ճամբարը կիսաքանդ կառոյց մըն է: Անիկա եղած է չքաւոր ու որբ հայ երեխաներու ամառնային ճամբար: 1961-ին գնուած է Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնարկին կողմէ եւ ծառայած իբրեւ ամառնային ճամբար, ուր յաճախած է նաեւ 2007-ին սպաննուած յայտնի հայ լրագրող Հրանդ Տինք: Հետագային ճամբարը թրքական իշխանութիւններուն կողմէ ապօրինաբար խլուած է հայ համայնքէն:

Մայիս 6-ին, ճամբարի ներկայ սեփականատիրոջ նախաձեռնութեամբ, սկսած էր ճամբարը քանդելու աշխատանքը, սակայն կարճ ժամանակ անց` Թուրքիոյ հայ համայնքը բողոքած էր եւ կրցած էր կասեցնել ամբողջական քանդումը:

 

Նախորդը

85 Քոնկրեսական Օպամայէն Պահանջած Են Քայլեր Որդեգրել` Ղարաբաղեան Տագնապի Գօտիին Մէջ Խաղաղութեան Վերահաստատման Համար

Յաջորդը

Ուորլիք. «ԵԱՀԿ-ի Դիտարկման Ընթացքին Կրակոցները Անթոյլատրելի Են»

RelatedPosts

Միրզոյեան Եւ Ֆիտան Քննարկած Են  Միջին Արեւելքի Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Միջին Արեւելքի Զարգացումները

March 7, 2026
Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստին Քննարկուած Է  Շրջանին Մէջ Ստեղծուած Անվտանգային Իրավիճակը
Հայկական

Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստին Քննարկուած Է Շրջանին Մէջ Ստեղծուած Անվտանգային Իրավիճակը

March 6, 2026
Ազրպէյճանէն Հայաստան Ուղարկուած Է  Քարիւղամթերքի Հերթական Խմբաքանակը
Հայկական

Ազրպէյճանէն Հայաստան Ուղարկուած Է Քարիւղամթերքի Հերթական Խմբաքանակը

March 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.