Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Սօս Սարգսեանի Հիմնադրած Թատրոնը
Պիտի Կոչուի Իր Անունով
Հայաստանի մէջ Սօս Սարգսեանի հիմնադրած «Համազգային» թատրոնը պիտի կոչուի իր անունով: Կառավարութիւնը այս մասին որոշում տուած է 22 հոկտեմբերին գումարած իր ժողովին:
Յիշեցնենք, որ սիրուած դերասան Սօս Սարգսեան «Համազգային» թատրոնը հիմնած է 1991 թուականին եւ 1990-ականներու դժուար տարիներուն մեծ ջանքեր ի գործ դրած է զայն կայացնելու նպատակով:
2000 թուականէն թատրոնին մէջ աշխատելու սկսած են Սօս Սարգսեանի աշակերտները, որոնք շարունակած են վարպետին գործը:
Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Սօս Սարգսեան մահացած է 2013 թուականին: Ան հայ հանդիսատեսին սէրը գրաւած է` դերեր ստանձնելով նշանաւոր ժապաւէններու մէջ, ինչպէս` «Ձորի Միրօ», «Նուագախմբի տղաները», «Մենք ենք մեր սարերը», «Եռանկիւնին» եւ այլն: Իսկ Խորհրդային Միութեան տարիներու հանդիսատեսը Սօս Սարգսեանը կը յիշէ Անտրէյ Թարքովսքիի «Սոլիեարիս» ժապաւէնով:
Ստեփանակերտի Մէջ
Ուռուցքաբանական Կեդրոն Կը Կառուցուի
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Ստեփանակերտի մէջ սկսած է ուռուցքաբանական կեդրոնի կառուցման աշխատանքներուն:
Մասնագիտական կեդրոնին կառուցումը կը հովանաւորէ հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինը` Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան համաֆինանսաւորմամբ:
Արդէն պատրաստ են կառոյցին հիմքերը, ընթացքի մէջ են նկուղային յարկի յատակի շաղախի տեղադրման աշխատանքները:
Ստեփանակերտի հանրապետական բժշկական կեդրոնի եւ դարմանատան հարեւանութեամբ կառուցուող ուռուցքաբանական կեդրոնը բաղկացած պիտի ըլլայ նկուղային եւ վերգետնեայ 3 յարկերէ:
Հիւանդանոցը ստորգետնեայ անցումով պիտի կապուի Հանրապետական բժշկական կեդրոնին: Ընդհանուր շէնքը պիտի ունենայ մօտաւորապէս 2520 քմ մակերես:
Նախատեսուած է կեդրոնին մէջ կատարել ուռուցքաբանութեան մէջ ընդունուած արդի բուժական եւ ախտորոշիչ բոլոր միջամտութիւնները, բացառութեամբ ճառագայթային բուժումէն:
Լեռնային Ղարաբաղի գլխաւոր ուռուցքաբան, ուռուցքաբանական կեդրոնի գործադիր տնօրէն Արմէն Հայրիկեանի համաձայն` տարեկան դրութեամբ Արցախի մէջ ուռուցքաբանական հարցեր կ՛ունենան աւելի քան 700 անձեր, որոնք կը բուժուին 60-ական թուականներէն ժառանգ մնացած, խարխուլ շէնքին մէջ, շատեր ալ կը նախընտրեն երթալ Երեւան կամ, կարելիութիւն ունենալու պարագային, բուժուիլ Հայաստանէն դուրս:
Ընթացքի մէջ է բժշկական անձնակազմի ընտրութիւնը, որ վերապատրաստման նպատակով պիտի մեկնի Ֆրանսա:
«Կեդրոնը պիտի դառնայ տարածաշրջանի լաւագոյններէն մէկը: Կեդրոնը պիտի ունենայ ընդհանուր, կլինիկական պաթոմորֆիական լաբորատորիաներ, ռենտգեն ախտորոշման, մամոկրաֆիայի եւ մագնիսոռեզոնանսային թոմոկրաֆիայի (MRT) բաժիններ, վիրահատարաններ եւ այլ բաժիններ:
Ֆրանսահայութեան հովանաւորութեամբ կառուցուած Գորիսի սրտաբանական կեդրոնը, իսկ շաբաթներ առաջ Ֆրանսայի տեղական մարմինին հովանաւորութեամբ Շուշիի մէջ բացումը կատարուեցաւ Արցախի համար այնքան անհրաժեշտ Եզնիկ Մոզեանի անուան արհեստագործական ուսումնարանին, որ ֆրանսահայ գաղութին կողմէ որդեգրուած կրթօճախներու արդիականացման լաւագոյն օրինակ է:
Սահմանամերձ Մովսէս Գիւղին Մէջ Աւալեանները
28 Տարի Ետք Բնակարան Ունեցած Են
Տաւուշի մարզի Մովսէս գիւղին մէջ, ուր կղպուած դռներն ու թշնամիին փամփուշտներուն հետքերը ամէնուր են, ընտանիք մը եւս տուն պիտի ունենայ: Մովսէսցիները կ՛ապրին ու կ՛արարեն թշնամիի կրակոցներուն տակ` խոր արմատներ ունեցող հայրենի հողին վրայ:
Աւալեանները գիւղի հին բնակիչներէն են: Անոնց տունը քանդուած է երկրաշարժի ատեն: Տարիներու ընթացքին Արտակը` ընտանիքին հայրը, եւ անոր երեք որդիները փորձած են նոր տուն կառուցել. քարը քարին դրած են, շարած են պատերը, ամրացուցած են տանիքը, սակայն կարելի չէ եղած շինարարութիւնը շարունակել` միջոցներու սղութեան պատճառով: Ընդհատուած շինարարութեան վերսկսելու համար որդիները արտերկիր մեկնած են եւ հոն կը գտնուին մինչեւ օրս: 2015-ի գարնան Աւալեաններուն ընտանիքը ներառուած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի կողմէ ֆինանսաւորուող եւ «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»-ին կողմէ իրականացուող բնակարանաշինութեան ծրագրին մէջ:
Աւալեաններուն տունը արդէն ամբողջութեամբ պատրաստ է: Տանտէրերուն ուրախութիւնը կիսելու նպատակով բնակարանամուտի արարողութեան մասնակցած են «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը եւ Հայաստանի «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»-ի նախագահ Աշոտ Եղիազարեանը:
«Գարնան անիրական կը թուէր, որ մեր տան այսքան երկար ձգձգուող շինարարութիւնը վերջապէս աւարտին կը հասնի, եւ այսպիսով կը յուսամ, որ որդիներս տուն կու գան` իրենց հայրենի հողին ու ջրին, կու գան ամրացնելու հայրենիքի սահմանը: Միայն տուն չէ, որ կառուցուեցաւ մեզի համար, այլեւ` ապագայ», ըսած է Արտակ Աւալեան:
«Հակառակորդի աչքին առջեւ շինարարութիւն ծաւալելը անոր դէմ պայքարի լաւագոյն տարբերակներէն է: Այս կառուցումը անոնց ուղղուած յստակ ուղերձ է այն մասին, որ հայը պիտի շարունակէ մնալ, արարել իր հայրենի հողին վրայ եւ իր գիւղը պիտի չլքէ, ըստ հակառակորդին ցանկութեան: Սահմանամերձ գիւղին մէջ ապրելու հանգամանքը մովսէսցիին դարձուցած է առաւել ամուր եւ զգօն: Մենք այստեղ կը գտնուինք, որպէսզի միասին նշենք Աւալեաններուն բնակարանամուտը եւ վստահութիւն հաղորդենք միւս ընտանիքներուն: Մենք ձեր կողքին ենք», յայտնած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը:
Տաւուշի մարզի Ներքին Կարմիրաղբիւր, Մովսէս, Այգեպար գիւղերուն մէջ բնակարանաշինութեան ծրագրով այս տարի աջակցութիւն ստացած է 11 ընտանիք:
«Սահմանամերձ գիւղի մէջ, ուր ամէն օր թշնամիին կրակահերթին վտանգը կայ, բարդ է ուրախանալու պատճառներ գտնելը, բայց, այնուամենայնիւ, այդպիսիք կը ստեղծուին: Այս դժուարին ժամանակներուն մէջ իւրաքանչիւրս կը փորձենք թափանցել ապագայի խորքը, որոնել, լուծումներ գտնել: Կը կարծեմ, որ տունն է մարդուն արմատը, եւ հողին կապողը: Կը յուսամ, որ այս ընտանիքին ուրախութիւնը այսուհետեւ միայն կը բազմապատկուի, եւ այս նորակառոյց տունը կը դառնայ այն փարոսը, որ տուն կը բերէ պանդուխտ զաւակները», ըսած է Հայաստանի «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»-ի նախագահ Աշոտ Եղիազարեանը:
«Տաթեւեր» Ճոպանուղին Իր
Գործունէութեան 5 Տարիներուն
Սպասարկած Է 430 Հազար Ուղեւորի
«Տաթեւեր» ճոպանուղին արդէն հինգ տարեկան է:
Հինգ տարի առաջ` 16 հոկտեմբեր 2010-ին, սկսաւ գործելու աշխարհի ամէնէն երկար երթուդարձի դրութեամբ օժտուած ճոպանուղին` անցնելով Որոտանի կիրճին վրայէն եւ կարելիութիւն ընձեռելով Հալիձորէն Տաթեւի միջնադարեան վանական համալիր հասնիլ կարճ եւ յարմարաւէտ օդային ճամբով:
Իր գործունէութեան 5 տարիներուն անիկա սպասարկած է մօտաւորապէս 430 հազար ուղեւորի. միայն 2015-ի ինը ամիսներուն` մօտաւորապէս 90 հազար այցելուի:
Ճոպանուղիի կառուցումէն առաջ Տաթեւ այցելողներուն թիւը տարեկան 7 հազարը չէր շրջանցեր:
Զբօսաշրջութեան հոսքի աճը նպաստած է նաեւ համապատասխան ենթակառուցուածքներու զարգացման. վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին Գորիսի մէջ բացուած է 10 նոր պանդոկ, վանական համալիրի յարակից համայնքներուն մէջ կը գործեն մօտաւորապէս երկու տասնեակ փոքր պանդոկ-տնակներ եւ սպասարկման այլ կառոյցներ:
«Ճոպանուղին նաեւ կը նպաստէ հանրապետութեան «Հարաւային միջանցք» ուղղութեան զարգացման, որովհետեւ դէպի Տաթեւ ուղեւորուող զբօսաշրջիկները ճանապարհին կանգ կ՛առնեն Խոր Վիրապ, Նորավանք, Արենի եւ Զօրաց քարեր շրջանները եւ կ՛օգտուին այդ շրջանները մատուցուող տարբեր ծառայութիւններէն», նշած է «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագրի ղեկավար Հայկ Թութունճեան:
«Գարնան ներդրուած էր աշխարհի մէջ լաւագոյններէն մէկը համարուող` SKIDATA ընկերութեան տոմսերու վաճառքի միջազգային համակարգը, իսկ ամրան, զբօսաշրջային ամէնէն աշխուժ շրջանին մէջ:
Տեղեկացնենք, որ «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ եւ ֆինանսաւորմամբ ստեղծուած է «Տաթեւ B&B» կայքը, կը հաղորդէ «Մետիամաքս»-ը:
Կայքին մէջ մինչեւ Տաթեւի վանական համալիր այցելելը կարելի է նախապէս ծանօթանալ վարձակալութեամբ տրուող հիւրատուներուն, ինչպէս նաեւ կարելի է մնալու տեղ ապահովել:
Նշենք, որ կայքին մէջ զետեղուած են գիշերելու եւ նախաճաշի համար նախատեսուած տուներու եւ հիւրանոցներու տուեալներն ու լուսանկարները, որոնք մանրամասնօրէն կը ներկայացնեն մատուցուող ծառայութիւնները: Նաեւ ներկայացուած են տեսարժան վայրերը, տարբեր ժամանցներ կազմակերպելու հնարաւորութիւններն ու տեղական համեղ սնունդ մատուցող ճաշարանները եւ սրճարանները:
Յիշեցնենք, որ «Տաթեւեր» ճոպանուղին կառուցուած է «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագրով: Անիկա արձանագրուած է միջազգային մրցանիշներու «Կինես» գիրքին մէջ` ո՛չ միայն իբրեւ աշխարհի ամէնէն երկար երթուդարձի դրութեամբ օժտուած, այլ նաեւ իբրեւ ամէնէն կարճ ժամանակաշրջանի ընթացքին կառուցուած ճոպանուղի:
Քոնան Օ՛ Պրայըն Հայաստանի Մասին
Բացառիկ Ներկայացում Կը Խոստանայ
Ամերիկեան նշանաւոր «Քոնան» պատկերասփիւռի յայտագրի հեղինակ եւ վարող Քոնան Օ՛ Պրայըն, որ վերջերս Հայաստան կը գտնուէր, իր հաղորդման ընթացքին անդրադարձած է այդ ճամբորդութեան` խոստանալով Հայաստանի մէջ նկարահանուած հիանալի հաղորդում հրամցնել ակնդիրներուն:
Ան նշած է, որ նոր վերադարձած է Հայաստան կատարած իր ճամբորդութենէն, աւելցնելով, որ ատիկա «շշմեցուցիչ փորձառութիւն էր»: Օ՛ Պրայըն նաեւ պատմած է, որ իր օգնականը` Սոնան, իրեն հետ տարած է իր նախնիներուն հայրենիքը:
«Բայց անոր հայրենիքը Կլենտէյլը չէ՞», հարցուցած է Քոնանի զրուցակիցը: «Ինծի ոչ ոք ըսած էր այդ մասին 20 ժամ տեւող թռիչքէն առաջ, որ ես պարզապէս պէտք էր երթայի Կլենտէյլ», կատակած է Քոնան:
«Ատիկա հիասքանչ ուղեւորութիւն էր: Նկարահանումներ կատարեցինք մօտաւորապէս չորսուկէս օր, միլիոնաւոր խենթ պատմութիւններ տեղի ունեցան: Անհամբեր կը սպասեմ», ըսած է ան` աւելցնելով, որ անիկա պատրաստ պիտի ըլլայ հաւանաբար 17 նոյեմբերին:
«Վստահ եմ, որ շատ լաւ հաղորդում պիտի ըլլայ: Իսկապէս հիացած եմ ճամբորդութեամբ: Հայաստանի ժողովուրդը հիանալի է, եւ ատիկա չքնաղ փորձառութիւն էր», ըսած է հաղորդավարը:
Յայտենք, որ նշանաւոր հաղորդավարը նաեւ ներկայացուցած է հաղորդումէն փոքր հատուած մը, ուր կը պարէ Սոֆի Դեւոյեանի հետ:
Երեւանի Մէջ Սուրիահայերու Համար
Շէնք Կառուցուած Է
Երեւանի Դաւիթաշէն համայնքի 4-րդ թաղամասին մէջ սուրիահայերու համար շէնք մը կառուցուած է: Իսկ երկու շէնք եւս կառուցման ընթացքի մէջ է:
Նախաձեռնութեան հեղինակը 2012-ին Սուրիայէն Հայաստան գաղթած Հրայր Ակիլեանն է: Նախաձեռնութեան գաղափարի իրականացումը համաձայնած է ստանձնել «Եռանաւ» ընկերութիւնը:
Հրայր Ակիլեան «Մետիամաքս»-ին պատմած է, որ եղած է Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Նոր Հալէպ» թաղամասի կառուցման համար հիմնուած յանձնախումբի կազմի անդամ: Երբ իմացած են, որ այդ ծրագիրը պիտի չյաջողի, Հրայր որոշած է սուրիահայերուն համար մատչելի գիներով բնակարաններ կառուցելու առաջարկով դիմել տարբեր շինարարական կազմակերպութիւններու եւ հովանաւորներու: «Շատ կարեւոր է, որ սուրիահայերը հայրենիքի մէջ իրենց բնակարանները ունենան եւ չերթան այլ երկիրներ», ըսած է ան:
Նշեալ շէնքի կառուցման աշխատանքները սկսած են 2014-ի փետրուարին: Այժմ կը մնան ներքին յարդարման աշխատանքները, իսկ բնակարանամուտը կը նախատեսուի կատարել 2016-ի յունուարին կամ փետրուարին:
«Իմ բնակարանս` հայրենիքիս մէջ» անուն ծրագիրով կառուցուած այս շէնքի 16 յարկերէն 14-ին վրայ բնակարաններ են, որոնք արդէն իսկ ունին սեփականատէրեր, իսկ 2 յարկի վրայ` գործարարութեան համար նախատեսուած տարածքներ:
Այս շէնքին մէջ բնակարանի 1 քառ. մեթրի վաճառուած է 550 տոլարի համարժէք դրամով: Հրայր Ակիլեանը վստահեցուցած է, որ շահառուներուն որակեալ բնակարաններ յանձնուած են:
«Բնակարաններն ու խանութները ունին իրենց տէրերը: Երբ կառուցուած շէնքի բոլոր բնակարանները վաճառուեցան, շինարարութիւնը իրականացնող ընկերութիւնը որոշեց հարեւանութեամբ տարածք մը ձեռք բերել եւ կառուցել եւս 2 շէնք, որոնց 3 յարկերը արդէն իսկ կառուցուած են: Այս 2 շէնքերուն մէջ եւս 164 բնակարան կայ, որոնցմէ 11 հատը արդէն վաճառուած են. նաեւ ստորգետնեայ կայանատեղի եւ գործարարութեան համար նախատեսուած տարածքներ պիտի ըլլան հոն», նշած է Հրայր Ակիլեան: Ան աւելցուցած է նաեւ, որ վերջին երկու շէնքերուն մէջ բնակարանի 1 քառ. մեթրը կ՛արժէ 650 տոլարի համարժէք դրամ` նկատի ունենալով, որ այդ տարածքին վրայ սովորաբար բնակարանները կը վաճառուին 1 քառ. մեթրը 850 տոլարով:
Թիւ 62 Աւագ Դպրոցը Կոչուած Է
Թաթուլ Կրպէեանի Անունով
Հայաստանի կառավարութեան որոշումով, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան Երեւանի թիւ 62 աւագ դպրոցը անուանակոչուած է ազգային հերոս, արցախեան ազատամարտի` Գետաշէնի ինքնապաշտպանական մարտերու հրամանատար Թաթուլ Կրպէեանի անունով` ի յիշատակ հերոսի 50-ամեակին:
Այդ առիթով դպրոցին մէջ տեղի ունեցած է յատուկ հանդիսութիւն, որուն ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի տեղակալ Մանուկ Մկրտչեան, Նոր Նորք վարչական շրջանի ղեկավար Արմէն Ուլիխանեան, Թաթուլ Կրպէեանի ընտանիքի անդամները, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներ:
Նախարարի տեղակալ Մ. Մկրտչեան` շնորհաւորելով դպրոցին սաները եւ մանկավարժները, ընդգծած է, որ հերոսին անունով դպրոցի անուանակոչումը անհրաժեշտ էր ո՛չ միայն Թաթուլ Կրպէեանի յիշատակի մեծարման, այլ նաեւ նոր սերունդին մէջ այդ արժէքներու ներարկման համար: Ձեռնարկին ընթացքին խօսք առած է նաեւ Թաթուլ Կրպէեանի եղբայրը` Սերգէյ Կրպէեան, որ ըսած է. «Մենք եղած ենք 5 եղբայր, Թաթուլը մեր մէջ ամէնէն փոքրն էր, բայց եւ` ամէնէն նուիրեալը, ամէնէն ուժեղը եւ ամէնէն հզօրը: Մէկ մաղթանք ունիմ` եղէք Թաթուլի պէս նուիրեալ եւ տէր կանգնեցէք մեր հողերուն, մեր յաղթանակներուն եւ մեր հայրենիքին: Թաթուլ Կրպէեանի անուանատախտակի բացման պատիւը վերապահուած է հերոսի եղբօրը եւ դպրոցի տնօրէն Մ. Սողոմոնեանին: Հանդիսութեան ընթացքին դպրոցի սաները ներկայացուցած են գեղարուեստական յայտագիր, որուն մէջ` են Թաթուլ Կրպէեանի բանաստեղծութիւններն ու միտքերը: