ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Արեւմտեան Պէյրութը եւ հարաւային արուարձանները պաշարման տակ առած իսրայէլեան ուժերուն եւ պաղեստինեան ու յառաջդիմական ուժերուն միջեւ բախումները, շուրջ երկօրեայ մասնակի զինադուլէ մը ետք, վերսկսան ուրբաթ, 30 յուլիս 1982-ի երեկոյեան ժամը 5:00-էն ետք, երբ Հայ Սըլլոմ, Լէյլաքի եւ Լիբանանեան համալսարանի գիտական բաժանմունքի շրջանները թիրախ դարձան իսրայէլեան թնդանօթներու սաստիկ ռմբակոծումներուն: Կարճ ատեն մը ետք, իսրայէլեան մարտանաւեր եւ օդանաւեր միացան ռմբակոծումներուն, որոնք հրաբխային պատկերի մը վերածեցին հարաւային արուարձաններէն մինչեւ Պէյրութի հարաւային թաղամասերը տարածուող շրջանները: Օդակայանի մայրուղիէն մինչեւ Պուրճ Պարաժնէ, Շաթիլա, Ֆաքհանի, Մարզական աւան, Պիր Հասան, Ռամլէթ Պայտա, Մազրաայի Քոռնիշը, ԵՈՒՆԵՍՔՕ, Սփինիս, Ռաուշէ, Վերտէօն, ձիարձակարանի շրջանը, ու ապա նաեւ` Մար Իլիաս, Ապու Թալէպ եւ Պապ Իտրիս թիրախ դարձան ահաւոր ռմբակոծումներու, որոնք հրդեհներ, աւեր եւ զոհեր տարածեցին ամէնուրեք: Օդանաւային ռմբակոծումը դադրեցաւ ժամը 7:00-էն ետք, սակայն մարտանաւերու եւ թնդանօթային ռմբակոծումներու սաստկութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ ժամը 8:45-ին:
Ռմբակոծումներու ընթացքին բազմաթիւ հրդեհներ ծագեցան պաղեստինեան գաղթակայաններէ եւ բնակարանային թաղամասերէ ներս. մեծագոյն հրդեհները ծագեցան ձիարձակարանին եւ խորհրդային դեսպանատան մօտակայ շրջաններուն մէջ:
Իբրեւ հակադարձութիւն իսրայէլեան ռմբակոծումներուն, ժամը 6:00-էն ետք հրթիռներ արձակուեցան դէպի Հատէթ, Հազմիէ, Պատարօ, արդարութեան պալատի շրջանը, Այն Ռըմմանէ, Էշրեֆիէ, Ֆըրն Շըպպէք եւ Թահուիթա:
Գիշերը զինադուլ հաստատուեցաւ, որ սակայն կարճատեւ եղաւ եւ խախտեցաւ մօտաւորապէս 28 ժամ ետք:
***
Կիրակի, 1 օգոստոսի արեւածագէն ժամեր առաջ, ժամը 3:00-ի շուրջ, օդակայանին մօտակայ ճակատի մը վրայ ծայր առին մասնակի բախումներ եւ հրթիռարձակումներ, որոնք ատեն մը ետք վերածուեցան գիշերային լռութիւնն ու խաղաղութիւնը պատռող թնդանօթներու անհատնում որոտի մը, որ առաջին հերթին կրակէ գօտիի մը մէջ առաւ Ուզահիէն մինչե Շուէյֆաթ եւ պաղեստինեան գաղթակայաններ տարածուող շրջանը, իսկ աւելի ուշ, տարածուեցաւ նաեւ դէպի արեւմտեան Պէյրութ, այնուհետեւ արձագանգ գտնելով արեւելեան արուարձաններու, Մեթնի եւ Քեսրուանի ծովեզերեայ ու լեռնային բազմաթիւ շրջաններու մէջ:
Հրետանիի մարտերով սկսած ռմբակոծումներուն առաջին հերթին միացան իսրայէլեան մարտանաւերը, իսկ առաւօտեան ժամը 6:00-էն սկսեալ, նաեւ իսրայէլեան օդուժը: Ամբողջ տասնչորս ժամ անդադար շարունակուած փոխադարձ ռմբակոծումները շնչասպառ ըրին ստորերկրեայ ապաստանարաններու մէջ ծուարած քաղաքացիները, ամայացուցին փողոցները, այն աստիճան որ հրշէջներ եւ հիւանդատար ինքնաշարժներ իսկ զգուշացան նետուելէ մահասփիւռ ռմբակոծումներու թիրախ եղող թաղերէն ներս:
Իսկ ռմբակոծումներուն ծիրը աւելի ընդարձակ էր: Արդարեւ, Շուէյֆաթէն եւ Ուզահիէն մինչեւ Պիր Հասան, Մարզական աւան, Ռամլէթ Պայտա, Ռաուշէ, Զինուորական բաղնիք, Այն Մրէյսէ եւ պանդոկներու շրջան, ապա նաեւ` Համրա, Վերտէօն, Ռիատ Սոլհ հրապարակ, Մուսայթպէ, Ռաս Նապաա, Նուէյրի, Թալլէթ Խայեաթ, ԵՈՒՆԵՍՔՕ, Սփինիս, Ֆաքհանի, Սապրա, Շաթիլա եւ Պուրճ Պարաժնէ գաղթակայանները, Թարիք Ժըտիտէ, Մազրաայի քոռնիշի ամբողջ երկայնքը, Թանգարան-Պարպիր շրջանը-ձիարձակարանն ու անոր մօտակայ թաղամասերը եղան օդանաւային, հրետանիի եւ մարտաւաներու ռմբկոծումներու թիրախները, իսկ արեւելեան շրջաններու պարագային, բազմաթիւ հրթիռներ ինկան Հատէթի, Հազմիէի, Եարզէի, Մոնթէ Վերտիի, Պատարոյի, Այն Ռըմմանէի, Էշրեֆիէի, Սին Էլ Ֆիլի, Պուրճ Համուտի, Տորայի, Պաուշըրիէի, Զալքայի, Ժունիէի, Մաամըլթէյնի, Պիքֆայայի եւ այլ շրջաններու մէջ: Ինկան աւելի քան հարիւր զոհեր եւ 120 վիրաւորներ: Զոհերու շարքին էին տէր եւ տիկին Զատիկ (ծնած` 1930-ին) եւ Մարի (ծնած` 1940-ին) Գույումճեանները:
Սաստիկ ռմբակոծումներուն ընթացքին, ռումբեր եւ հրթիռներ ինկան նաեւ Սուրբ Նշան մայր եկեղեցւոյ եւ ազգային առաջնորդարանի շէնքին վրայ, պատճառելով նիւթական նկատառելի վնասներ:
Ռմբակոծումներու առաջին ժամերէն սկսեալ, ռազմաճակատներու հարաւային ծայրամասին` օդակայանի շրջանին մէջ ծայր առին հրետանիի մարտերը, երբ Շուէյֆաթի մէջ հաստատուած իսրայէլեան ուժեր յարձակման անցան օդակայանին ուղղութեամբ: Կէսօրէ առաջ, օդակայանի շէնքն ու անոր էջուղիները գրաւուեցան իսրայէլեան ուժերու կողմէ, որոնք այնուհետեւ յառաջացան դէպի Քոքոտի եւ արաբական զսպիչ ուժերու շրջանի դիրքը առին իրենց հակակշիռին տակ: Այնուհետեւ, ճակատամարտը շարունակուեցաւ Քոքոտի-օդակայանի բոլորակ-քույէթեան դեսպանատան անկիւնին վրայ. պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերը ձախողութեան մատնեցին իսրայէլեան նոր յառաջխաղացքներ:
Երկրորդ յարձակում մը տեղի ունեցաւ Խալտէի առանցքին վրայ, որ սակայն ետ մղուեցաւ պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերուն կողմէ: Կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին Ժընահ-Սամըրլէնտի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ իսրայէլեան ցամաքահանումի փորձ մը, որ նախ ձախողեցաւ, իսկ երկրորդ փորձ մը մասամբ յաջողեցաւ:
Աննախընթաց սաստկութեան հասած ռմբակոծումները դադրեցնելու նպատակով, պետական պատասխանատուներ բազմակողմանի շփումներու ձեռնարկեցին, որոնց իբրեւ արդիւնք երեկոյեան զինադուլ հաստատուեցաւ:
***
Զինադուլի հաստատումէն ետք, Պէյրութն ու արուարձանները անցուցին ընդհանուր առմամբ խաղաղ գիշեր մը, որուն ընթացքին անընդհատ շարունակուեցան ծագած բազմաթիւ հրդեհները մարելու, փուլ եկած բնակարաններու մէջ աղիտեալներու փրկութեան եւ վիրաւորներու փոխադրութեան աշխատանքները:
Երկուշաբթի, օգոստոս 2-ին, կէսօրէ առաջ, հարաւային արուարձաններուն մէջ հրետանիի կռիւներ ծայր առին իսրայէլեան բանակին եւ պաղեստինեան ու յառաջդիմական ուժերուն միջեւ, երբ իսրայէլեան միաւորներ սկսան յառաջանալ դէպի Հայ Սըլլոմ, Լէյլաքի եւ Մըրէյժէ, նախորդ օր իրենց գրաւած դիրքերուն թիկունքն ու կողմնակի դիրքերը ամրապնդելու նպատակով: Իսրայէլեան հրասայլեր հասան Մըրէյժէ, ուր կանգ առին: Այդ առանցքին վրայ ընդհատ ռմբակոծումները շարունակուեցան ամբողջ օրը:
Միւս կողմէ, նաւահանգիստին մէջ աշխատանքները անդամալուծուեցան արձակազինութեան հետեւանքով, իսկ Թանգարանին մօտ իսրայէլեան ուժերը իրենց դիրքերը ամրապնդեցին 30 հրասայլերով:
Իսրայէլի հիւսիսի հրամանատար զօրավար Տրուրի անհրաժեշտ նկատեց պաղեստինեան ուժերու Պէյրութէն անյապաղ հեռացումը, դիտել տալով որ արեւտեան Պէյրութի բնակչութեան բաւարար ժամանակ տրուած է, որպէսզի հեռանայ շրջանէն, ու Պէյրութի ուղղութեամբ իսրայէլեան գոծողութեան մը պարագային, իսրայէլեան ուժերը միջոց չունին անոնց կեանքը ապահովելու:
Իսկ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Արիէլ Շարոն յայտարարեց, որ Իսրայէլ կրնայ գործադրութեան դնել Սալամիի ռազմավարութիւն մը, այսինքն` զինուորական գործողութեանց ճամբով մասնատել պաղեստինեան ուժերը եւ զինուորապէս նուաճել զանոնք:
Մինչ այդ, արեւմտեան Պէյրութի շուրջ հաստատուած սննդանիւթի, ջուրի եւ ելեկտրականութեան պաշարումը թեւակոխած էր ծանրակշիռ փուլ մը: Սուր բնոյթ ստացած էր յատկապէս ջուրի տագնապը, իսկ կարգ մը սննդանիւթերու պակասը զգալի էր:
***
«Ազդակ», 3-էն 7 օգոստոս 1982-ի թիւերով եւ «Որպէսզի Լիբանան ապրի» ընդհանուր խորագիրը կրող յաջորդական հինգ խմբագրականներով համակողմանի վերլուծումներու կ՛ենթարկէր Լիբանանի քաղաքական իրավիճակը, ախտաճանաչումներ եւ պարզաբանումներ կը կատարէր եւ կարծիք ու տեսակէտ կ՛արտայայտէր:
«Ազդակ» կ՛ըսէր, որ իր ներքին հակասութւններուն, բայց մանաւանդ շրջանային թէ մեծապետական հակամարտութեանց ամբողջ բեռը իր տկար ուսերուն վրայ շալկելէ եւ փուլ գալէ ետք, Լիբանան կանգնած է իր ապագան շահելու մեծ հարցականին առջեւ:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ միջազգային ճանաչում գտած 1943-ի Լիբանանէն մնացած է միայն իր օրինականութիւնը, հանրապետութեան նախագահութիւնը, որ թէեւ իրողապէս շատ բան կորսնցուցած է իր կշիռէն, բայց որ իրաւապէս կը մարմնաւորէ լիբանանեան պետութիւնը եւ անոր անկախութեան, ազգային միութեան, հողային ամբողջականութեան եւ քաղաքական գերիշխանութեան կառչած լիբանացիներուն հաւաքական կամքը:
«Ազդակ» կը շեշտէր, որ հանրապետութեան նոր նախագահի մը ընտրութիւնը կը նկատուի ոչ միայն տագնապէն դուրս գալու յոյսի աղբիւր մը, այլեւ ու մանաւանդ` Լիբանանի գոյատեւումն ու ապագան ապահովելու կարեւորագոյն քայլը, որովհետեւ անոր կապուած է այս հայրենիքին սահմանադրական հիմերուն վերահաստատումը:
«Ազդակ» կը պարզաբանէր շեշտելով որ ծայր աստիճան վտանգաւոր է հայրենիքին առջեւ պարզուած անկիւնադարձը եւ հանրապետութեան նոր նախագահին կը սպասէ միջլիբանանեան զգայուն եւ խախուտ հաւասարակշռութիւնները շրջանցելու, բայց միաժամանակ զանոնք չգրգռելու դժուարին առաքելութիւնը: Պէտք է շրջանցել այդ հաւասարակշռութիւնները եւ հասնիլ հատուածական ամէն պատկանելիութենէ վեր լիբանանեան օրինականութեան տէր կանգնելու հասունութեան, որովհետեւ միայն այդ գնով` հայրենիքին հաւասարապէս տէր զգալու, անոր պետական կառոյցներուն մէջ անվերապահօրէն ներկայացուելու եւ անոր ընկերային բարիքները հաւասարապէս վայելելու իր զգացումով միայն, լիբանանցին կրնայ դիմադրել իր ներքին հակասութեանց հրահրումին, շրջանային թէ մեծապետական ի՛նչ տագնապ որ ալ գտնուի այդ հրահրումի ետին: Բայց միաժամանակ պէտք չէ գրգռել այդ հաւասարակշռութիւնները եւ առաջքը առնել համայնքային թէ կուսակցական անտեսումներու, որովհետեւ միայն այդ գնով` բիրտ ուժի ճամբով կացութիւններ շրջելու կամ պարտադրելու փորձութենէն հեռու մնալով, ժողովրդավարական կեանքի սկզբունքները յարգելով եւ ամրապնդելով միայն, լիբանանցին կրնայ ազգային, կրօնական ու գաղափարական տարբեր ժառանգութեանց խճանկար իր հայրենիքին ապահովել ազատութեան, իրաւունքի եւ արդարութեան վրայ խարսխուած կայուն ապագայ մը:
***
Խմբագրականին երկրորդ բաժինով եւ օգոստոս 4-ի թիւով «Ազդակ» կ՛ըսէր, որ իր անկախութենէն ասդին, Լիբանան կ՛ապրի տարբեր տեսլականներու փարած իր զաւակներուն միջեւ հաւասարակշռութիւն մը գտնելու տագնապը:
Այդ տագնապով սկսաւ նոյնի՛նքն անկախութեան պատմութիւնը, երբ 1943-ին, Ազգային Ուխտին շուրջ համաձայնելով, լիբանանցիները գտան իրենց տարբերութիւնները միատեղ զարգացնելու սահմանադրական հիմք մը:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ 1958-ի, 1969-ի եւ 1973-ի քաղաքացիական ցնցումները, իրենց չափերուն մէջ, եկան հաստատելու որ հայրենիք մը համակեցութենէն աւելին կը պահանջէ, որպէսզի կարենայ տոկալ իր շրջապատը յուզող տագնապներուն դէմ: Իսկ 1975-ի քաղաքացիական պատերազմը աննախընթաց ուժգնութեամբ սրեց այդ տագնապը, երբ հարցականի տակ առաւ լիբանանցիները միացնող բոլոր արժէքները եւ կռուանները:
Եթէ մինչեւ 1969 այդ տագնապը կ՛արտայայտուէր արաբականութեան թեր եւ դէմ դիրքորոշումներով, 1969-էն ասդին հակադիր նոյն կողմերը եւ դիրքորոշումները լարուած կը պահէր այս անգամ պաղեստինեան ազդակին շուրջ:
«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով, որ մենք Լիբանանին ուժը կը տեսնենք իր տագնապները յաղթահարելու պատմական այս ժառանգութեան մէջ: Ճիշդ է որ մինչեւ ներկայ տագնապը գտնուած ամէն լուծում խորքին մէջ միայն ծածկած է գալիք ցնցումներու պատճառները: Բայց նաեւ եւ աւելիով ճիշդ է, որ վերամիանալու իրենց որոշումով` լիբանանցիները փաստօրէն իրենց գրաւը դրած են ժամանակին վրայ, նոյն հայրենիքին մէջ ապրելու իրենց փորձառութեան վրայ, յուսալով որ այդ ճամբով պիտի կարենան հարթել իրենց տարբերութիւնները:
Շարունակելով, «Ազդակ» կը հաստատէր, որ Լիբանան մինչեւ հիմա արդէն իսկ չափազանց սուղ գին վճարած է, սորվելու եւ իր զաւակներուն սորվեցնելու համար, որ իրենց ինքնուրոյնութիւնը կրնան անկաշկանդ զարգացնել եւ ազատութեան եւ արդարութեան իրենց տեսլականներով ապրիլ միայն ա՛յն ատեն, երբ այս հայրենիքին ու պետական գերիշխանութեան ամրապնդումը կը դարձնեն իրենց քաղաքացիական յանձնառութեանց առանցքը:
Նորագոյն Լիբանանի մէկուկէս դարու պատմութեան մէջ մենք կը տեսնենք ազատութեան եւ արդարութեան յառաջապահ հայրենիքը դառնալու հետեւողական այդ գիծը: Սկսելով տարբեր փոքրամասնութիւններ ապրեցնելու իր առանձնայատկութենէն, հասնելով արաբական աշխարհի արդար ձգտումներուն դրօշակիրը դառնալու լիբանանցիներու աւանդին` Լիբանան փաստօրէն եղաւ ու կը մնայ աշխարհի այս շրջանէն ներս ապրող հանդուրժողականութեան օրրանը, կ՛եզրափակէր «Ազդակ»:
***
Իսկ խմբագրականին երրորդ բաժինով եւ օգոստոս 5-ի թիւով «Ազդակ» կ՛ըսէր, որ իր պատմութեան ամէնէն սեւ այս հանգրուանին, կրակներէն եւ փլատակներէն վերականգնելու իր ուղին փնտռելով, Լիբանան ամէն յոյս կը կապէ վաղուան իր զօրաւոր պետականութեան:
«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով, որ ազգային ու պետական կռուանները միշտ ալ ստորադասուեցան համայնքային ու հատուածական պատկանելիութեանց եւ շահերու: Իր անկախութենէն ասդին լիբանանցին շարունակ պատճառ մը գտաւ, օրինական իր իշխանութեանց օտարի աչքով նայելու համար: Երբեմն դժգոհեցաւ որ լիբանանեան համայնքները ներկայացուած չեն հայրենիքին իշխանութիւնը ստանձնած օրէնսդիր, գործադիր կամ դատական կառոյցներուն մէջ: Ուրիշ առիթներով դատապարտեց Լիբանանը միայն մայրաքաղաքով ըմբռնելու եւ շրջանները անտեսելու պետական վարչամեքենային կողմնակալութիւնը: Իսկ այլապէս ընդվզեցաւ որ հայրենիքին ու պետութեան բարիքները հաւասարապէս մատչելի չեն բոլոր լիբանանցիներուն, բարգաւաճ ու բարօր շրջաններու կողքին անորոշութեան ու յուսահատութեան մատնելով թշուառութեան գօտիներու մէջ ապրող նոյն հայրենիքին զաւակները:
«Ազդակ» կ՛ընդգծէր ըսելով, որ անտեսումները վերջ կը գտնեն, երբ վաղուան Լիբանանի ղեկավարութիւնը ստանձնած ուժերը կ՛աշխատին լիբանանեան պետութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն անփոխարինելի կռուանը դարձնելու ուղղութեամբ: Միայն այդ ճամբով Լիբանանի առանձնայատկութիւնը կազմող արժէքները կը դադրին վէճի առարկայ նկատուելէ եւ իրապէս նոյն պատկանելիութիւնը ներշնչող կռուանի կը վերածուին:
Վաղուան Լիբանանը իր համայնքային դրութեան պէտք է վերադարձնէ ինքնուրոյնութեանց ճանաչումի, փոխադարձ յարգանքի եւ սերտ գործակցութեան իմաստը:
«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ վաղուան Լիբանանը պէտք չէ մոռնայ, որ պետական իր կառոյցները անխտիր բոլոր լիբանանցիներուն հարազատ կռուանները կրնան դառնալ միայն այն ատեն, երբ առաջքը կ՛առնեն վարչական կեդրոնացումին ու անոր հետեւող դիւանակալական անփութութեան: Բայց յատկապէս իր ազգային բանակին զօրացման ու բարեկարգման մէջ Լիբանան պէտք է գործէր իր բոլոր զաւակները հայրենիքի պաշտպանութեան մասնակից դարձնելու նախանձախնդրութեամբ: