Հարցազրոյցը Վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ
Պոլսոյ միջազգային պիենալէն ժամանակակից արուեստի մեծագոյն ցուցահանդէսներէն մէկն է: Այս տարուան պիենալէն «Աղի ջուր. մտապատկերներու տեսութիւն» խորագիրը կը կրէր, իսկ կազմակերպողն ու հեղինակն էր Քարոլին Քրիստով-Պաքարճիեւը: Պիենալէի հայկական ծրագիրը` Հայոց ցեղասպանութեան կապակցութեամբ ամենանշանակալի իրադարձութիւններէն մէկն էր եւ ամենասուր շեշտադրումը ունէր: Պիենալէին մասնակցած են թուրք եւ հայ, սփիւռքէն եւ ամբողջ աշխարհէն նկարիչներ, արուեստագէտներ, որոնք իրենց գործերուն մէջ արծարծած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս ծանրակշիռ ցուցահանդէսին ազդու ներկայութիւն եղած են Փոլ Կիրակոսեանի նկարները: Պիենալէին ընդհանրապէս եւ մասնաւորապէս Փոլ Կիրակոսեանի արուեստին մասնակցութեան մասին տեղեկանալու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ հռչակաւոր գեղանկարիչ Փոլ Կիրակոսեանի դստեր` Մանուելլա Կիրակոսեանին հետ, որ մանրամասնօրէն պատմեց իրենց մասնակցութեան ամբողջ ընթացքին մասին:
«ԱԶԴԱԿ».- Խնդրեմ` ներկայացուցէք, թէ ինչպէ՛ս տեղի ունեցաւ ձեր մասնակցութիւնը Պոլսոյ 14-րդ պիենալէին:
ՄԱՆՈՒԵԼԼԱ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ.- Պոլսոյ 14-րդ պիենալէն, որ տեղի ունեցաւ անուանի արուեստաբան Քարոլին Քրիստով-Պաքարճիեւի ղեկավարութեամբ, կ՛ընդգրկէր ամբողջ Պոլիսը: Պիենալէն տաղաւարներով չէր կազմակերպուած, այլ Պոլսոյ տարբեր շրջաններուն մէջ պատրաստուած էին ցուցահանդէսներ` մասնակցութեամբ հայ եւ օտար արուեստագէտներու: Ցուցահանդէսի հիմնական նախագիծերէն մէկը հայկական թեման էր` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի կապակցութեամբ: Քարոլին Քրիստով-Պաքարճիեւի համար ցեղասպանութեան նիւթը նորութիւն չէր: Ան ծանօթ էր ցեղասպանութեան ենթարկուած ազգերու պատմութեան: Պոլսոյ պիենալէին Հայոց ցեղասպանութեան թեման ուղղակիօրէն չէր ներկայացուած, այլ` զուտ արուեստի միջոցով. օրինակ` հոլանտացի արուեստագէտ մը Ֆրանսիս Ալեըս Անի քաղաքի թռչուններուն մասին ուսումնասիրութիւն մը կատարած էր եւ կարճ ժապաւէն մը պատրաստած` «Անիի լռութիւնը» խորագիրով: Ցուցասրահին մէջ ներկայացուեցաւ ժապաւէնը, որուն մէջ 140 մանուկներ «Անիի աւերակներուն մէջ վազվզելով` ամէն մէկը իր սուլիչը կը փչէր թռչունի մը ձայնով: Ցուցադրութեան աւարտին երբ պատկերը անհետացաւ, մնացին ձայները միայն: Տարօրինակ խաղաղութիւն տիրեց ցուցասրահին մէջ: Եթէ անգամ հայ չես, ակամայ կը մտածես եւ կ՛ուզես անպայման գիտնալ, թէ ո՛ւր կը գտնուի Անի քաղաքը, ի՞նչ թռչուններ են, ովքե՞ր են փոքրիկները եւ ի՞նչ պատմութիւն ունին: Ուրիշ տեղ մըն ալ Լիբանանէն արուեստագէտ Հայկ Այվազեանին ջանքերով Պոլսոյ յունական դպրոցի մը մէջ Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցւոյ երգչախումբը յարկ առ յարկ բարձրանալով` կատարեց Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած, պոլսեցի յայտնի ուտի վարպետ Հրանդ Կենկուլեանին մշակած ժողովրդական երգը, որուն միախառնուեցան պատարագէն պատառիկներ: Հետաքրքրականը այն էր, որ այդ դպրոցին ճիշդ դիմացը կը գտնուէր հայկական եկեղեցի մը, որուն մայր դուռը թուրքերը պատած են քարով: Իսկապէս շատ յուզիչ էր տեսնել անդուռ եկեղեցին եւ ճիշդ դիմացը լսել հայկական բարձրորակ երգեցողութիւն: Օտարներն անգամ ազդուեցան այս բոլորին ի տես:
Ինչ կը վերաբերի հօրս` Փոլ Կիրակոսեանի պատկերներու մասնակցութեան` ըսեմ, որ իրականութեան մէջ մենք` Քարոլին Քրիստով-Պաքարճիեւը մօտէն չէինք ճանչնար: Պարզապէս գիտէինք, որ հանրածանօթ արուեստաբան է: Ուրեմն մէկ ու կէս տարի առաջ ստացանք հեռաձայն մը, որ տեղեկացուց, թէ Քարոլին Քրիստով-Պաքարճիեւ Լիբանան պիտի այցելէ եւ կ՛ուզէ անպայման մեզ տեսնել: Արուեստ սիրողներուն համար մեր տունը միշտ բաց եղած է, մանաւանդ անոնց, որոնք կ՛ուզեն Փոլ Կիրակոսեան ուսումնասիրել: Երբ Քարոլին Քրիստով-Պաքարճիեւը եկաւ, պատմեց, թէ ինչպէ՛ս Ֆրանսա ապրող լիբանանցի գրող ու արուեստագէտ Էթել Ատնանին տան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիպած է Փոլ Կիրակոսեանի գործերէն մէկուն, շատ տպաւորուելով` ուզած է տեսակցիլ մեզի հետ: Ան սկսաւ աչքէ անցընել հօրս արխիւները, ծանօթացաւ գործերուն, հիացաւ եւ յայտնեց, թէ ինք Պոլսոյ 14-րդ պիենալէի հեղինակն ու կազմակերպողն է. կ՛ուզէ Փոլ Կիրակոսեանին գործերը Պոլիս տանիլ 2015-ի սեպտեմբերին: Անշուշտ ես սկսայ խնդալ ու միտքէս ըսի, որ այս կինը բան չի գիտեր հայերուն մասին, Ցեղասպանութեան մասին, բարի ու անմեղ մտքով եկեր է եւ հօրս գործերը Պոլիս պիտի տանի: Անմիջապէս նախ յարգանքով շնորհակալութիւն յայտնեցի, որ հետաքրքրուած է Փոլ Կիրակոսեանով, կը մտածէ անոր արուեստին մասին, ապա ըսի, որ աշխարհի վրայ ուր ալ ըլլայ կը մասնակցինք, բացի Պոլիսէն. բացատրեցի, որ Թուրքիա չենք երթար ո՛չ ես, ո՛չ ընտանիքս, իսկ հայրս հոն ոտք դնելու մասին անգամ չէ մտածած: Ինծի համար շատ դժուար է հօրս գործերը Պոլիս տանիլ, այդպէս զինք յարգած չեմ ըլլար ու իր սկզբունքին հակառակ աշխատած կ՛ըլլամ: Քարոլին Քրիստով-Պաքարճիեւ առանց բացատրութիւններ տալու ըսաւ, որ պիենալէին հայ արուեստագէտներ պիտի մասնակցին, իսկ մահացած մեծ արուեստագէտներէն նկատի առած է Արշիլ Կորքին եւ Փոլ Կիրակոսեանը:
Ես զարմացած հարցուցի, թէ ի՛նչ է Ցեղասպանութեան մասին խօսելու նպատակը Պոլսոյ մէջ: Յետոյ բացատրեցի, որ թուրքերը կրնան փճացնել պատկերները, բռնութիւններ կը գործադրեն: Ապա ըսի, որ եթէ 2006-ին Հրանդ Տինքը սպաննեցին, ապա ի՞նչ կրնան ընել հօրս պատկերները: Եւ հաստատեցի, որ Թուրքիա գացողը չենք: Քարոլին Քրիստով-Պաքարճիեւ վերադարձաւ:
Այդ միջոցին հօրս արխիւները մէկտեղելու, կարգաւորելու հսկայ աշխատանքս կը շարունակէի: Կը հաւաքէի անցեալին կազմակերպուած ցուցահանդէսները, հին նկարներ, ժապաւէններ, հօրս ձայնագրած ընտանիքի անդամներուն ձայնագրութիւնները, որոնց մէջ շատ հետաքրքրական էր մեծ մօրս ձայնը: Հայրս հարցազրոյց ըրած էր Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած իր մօր հետ, որուն ձայնը միայն բաւարար է յուզուելու: Մենք ազգովին շատ զգայուն ենք, եւ ունինք տխուր անցեալ ու պատմութիւն: Ձայնագրութեան մէջ հայրս ստիպած է մօր, որ պատմէ, բայց ան մերժած է խօսիլ: Տեղ մը ըսած է. «Ինչո՞ւ կը ստիպես, որ չյիշուելիք բաներ ըսեմ»: Հոս կը զգաս, որ ջարդէն փրկուած հայու բեկորները առաջին յիսուն տարին չեն ուզած անգամ նիւթը բանալ: Յիսուն տարի նախընտրած են լուռ մնալ ու չանդրադառնալ չարչարանքին: Չէին մտածեր իրենց կորսնցուցածին մասին. չէին ուզեր, որ Թուրքիան գոյութիւն ունենայ իրենց համար: Յաճախ անդրադարձած էի, որ այս նոյն տրամադրութիւնը կար նաեւ հօրս քով. ան երբեք չէ ուզած ոտք դնել Արեւմտեան Հայաստան: Կը տեսնեմ` այսօր շատեր Թուրքիա երթալու եւ պտտելու գաղափարին հակառակ չեն, խնդիր չունին ու չեն մերժեր թրքական արտադրութիւնները: Բայց երբ սրտիդ մէջ է Հայոց եղեռնը, զայն կ՛ապրիս ամէն օր, ինչպէ՞ս կրնաս այդպէս վարուիլ: Ես, օրինակ, թրքական արտադրութիւնները կտրականապէս կը մերժեմ: Եթէ յայտնուի, որ գնած ապրանքս թրքական է, հազարաւոր մղոններ կը քշեմ ու ետ կը դարձնեմ: Այս բոլորը կ՛ընեմ ոչ թէ անոր համար, որ այսօրուան թուրքը կ՛ատեմ, այսօրուան թուրքը չի գիտեր իր պատմութիւնը: Իրենց գիրքերուն մէջ բան չէ գրուած Հայոց եղեռնին մասին, բայց եթէ մեր մեծ մայրերուն ու հայրերուն Եղեռնէն փրկուելու ոդիսականները լսես, կու լաս, չես կրնար անտարբեր մնալ: Մենք Լիբանանի պատերազմը տեսանք ու ապրեցանք եւ մօտաւորապէս գաղափար ունինք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ պատերազմ, չարչարանք, սպանութիւն: Այս բոլոր պատմածներս ցաւով ու ծանրութեամբ տարիներով շալկած ենք ու կը շալկենք, յանկարծ արուեստաբան մը շատ պարզութեամբ գայ ու ըսէ, որ Փոլ Կիրակոսեան Պոլիս պիտի տանի: Իրապէս տարօրինակ է:
Եւ այսպէս, բաւական ժամանակ անցաւ: Օր մըն ալ Պոլսոյ ժամանակակից արուեստի թանգարանի տնօրէնը նամակ ղրկեց, որուն մէջ կ՛իմացնէր մեզի, թէ Փոլ Կիրակոսեանին այն պատկերները, որոնք պիտի ներկայացուին ցուցահանդէսին, պէտք է Պոլիս ղրկուին մինչեւ օգոստոս 2015: Ես զարմացայ, թէ «ոչ»-ին ո՛ր մասը յստակ չէր իրենց: Մէջս տակնուվրայութիւն մը սկսաւ: Ուզեցի անմիջապէս Քարոլին Քրիստով-Պաքարճիեւին հետ կապուիլ ու բացատրել, չյաջողեցայ: Միաժամանակ կը մտածէի, որ եթէ իրեն հետ աշխատինք, կրնանք աւելի հռչակ ձեռք բերել, հօրս անունը աւելի կ՛արժեւորուի: Աստուած կարծես երկընտրանքի առջեւ դրած էր մեզ: Իսկ մենք ամէնէն հոյակապ բանը պիտի մերժենք, որովհետեւ սկզբունք մը ունինք, որ շատ աւելի կարեւոր է: Հօրս հռչակը մէկ կողմ պիտի դնենք, որովհետեւ հայ ենք:
Մարտ ամիսը հասանք, ապրիլ 24-ը, 100-ամեակի սեմին էինք: Իսկ ես աւելի տագնապած` մեծ մօրս յուշերը կը շարունակէի ուսումնասիրել. մէջս ինչ որ բան կը ճնշէր, ես դարձայ լարուած ու ընկճուած: Մասնակցի՞նք, թէ՞ չմասնակցինք: Ցեղասպանութեան 100-ամեակի թեմայով կը կազմակերպուին մեծ ձեռնարկներ, իսկ մենք մեր հօր` Փոլ Կիրակոսեանի, որ ամբողջ կեանքը բացայայտօրէն խօսած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին եւ մինակը արդէն ցուցահանդէս է, Հայոց եղեռնի պատկերները Պոլիս պիտի տանինք: Ես ինծի հարց կու տայի, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին Պոլսոյ սրտին մէջ կարելի՞ է խօսիլ Փոլ Կիրակոսեանով: Պոլսոյ պիենալէին կը մասնակցին աշխարհի մեծ թանգարաններու տնօրէններ, կազմակերպիչներ, պատմաբաններ, արուեստաբաններ, միջազգային թերթերը պիտի գրեն այդ մասին. ասկէ մեծ ձեռնարկ կա՞ր մասնակցելու… Բայց միւս կողմէ` մեր ընտանիքէն ոչ ոք Թուրքիա կ՛ուզէր երթալ:
Այս միջոցին Քարոլին Քրիստով-Պաքարճիեւ գործով Լիբանան կը գտնուէր ու հանդիպեցաւ մեզի: Իրմէ իմացանք, որ արդէն ծրագիրը պատրաստած է ու բոլոր դասաւորումները` կատարած: Մենք անակնկալի առջեւ եկանք, որովհետեւ համաձայնութիւն չէինք տուած: Իրեն սկսայ յստակացնել` պատմելով, թէ ինչպէ՛ս տարիներ առաջ առիթ ընծայուած է հօրս տեսնելու իր ծնողներուն ծննդավայրը` Ատըեամանը, բայց հայրս չէ ուզած ոտք դնել Թուրքիա: Պատմեցի նաեւ այլ դէպք մը. երբ աշակերտութեանս տարիներուն փիլիսոփայութեան մեր ուսուցիչը օր մը մեզի հարց տուաւ, որ եթէ մեր ծանօթացած իտէալական տղան թուրք ըլլայ կը շարունակե՞նք կապ հաստատել: Երբ այս մասին հօրս պատմեցի, զայրացաւ` ըսելով. «Պէտք է վճռական ըլլալ: Դուն չես հասկնար` թուրք ի՛նչ կը նշանակէ»: Այս բոլորը աչքիս առջեւն են եւ անկարելի բան է մեր մասնակցութիւնը պիենալէին:
Քարոլին նեղացաւ, որ մենք մեր մերժումով կը քանդենք իր ցուցահանդէսի երկու սիւներէն մէկը, որ Փոլ Կիրակոսեանն է: Եւ իր կարգին բացատրեց, որ Պոլսոյ պիենալէի հայկական ծրագիրը ներկայացուեր է «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի Dilijan Art Initiative Ռուբէն Վարդանեանի եւ Վերոնիքա Զոնապենտի նախագիծի աջակցութեամբ: Անոնք հիմնած են նաեւ «100 կեանք» նախաձեռնութիւնը` երախտագիտութիւն արտայայտելու այն անհատներուն ու կազմակերպութիւններուն, որոնց ջանքերուն շնորհիւ 100 տարի առաջ` Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ, փրկուեցան բազմաթիւ հայեր:
Քարոլին Քրիստով-Պաքարճիեւի այցելութեան ժամանակ մեր ընտանիքի անդամները հաւաքուեցան վերջնական որոշումի մը յանգելու նպատակով: Այս միջոցին նամակներ սկսան հասնիլ մեզի` Ռուբէն Վարդանեանէն եւ Վերոնիքայէն, Հրանդ Տինքի դստեր` Տելալ Տինքէն, պարսիկ արուեստագէտ Ռընէ Կապրիէն, որոնք կը յայտնէին իրենց աջակցութիւնը մեզի, կը քաջալերէին, որ անպայման մասնակցինք: Կը խօսէին Փոլ Կիրակոսեանի ներկայութեան անսահման կարեւորութեան մասին Պոլսոյ պիենալէին: Անոնք յայտնած էին այն միտքը, թէ կարելի չէ անցեալէն կախուած մնալ:
Այս բոլոր նամակները մէկ կողմէ յուզեցին մեզի, իսկ միւս կողմէ` սկսան անդրադարձնել, թէ Փոլ Կիրակոսեանը միայն մեզի չի պատկանիր, այլ` ամբողջ հայութեան, բոլոր ժողովուրդներուն: Մենք իրաւունք չունինք սեփականացնելու անոր վաստակը: Հետզհետէ սկսանք տարբեր անկիւններէն դիտել եւ մտածել, որ Փոլ Կիրակոսեան Հայոց եղեռնի 100-ամեակին Պոլիս տանելով` մեծ իրագործում մը ըրած կ՛ըլլանք ցոյց տալով աշխարհին մեր անցեալը արուեստով: Ցոյց տալով, որ մեր ձայնը ընդմիշտ լռեցնելու իրենց անցեալի ծրագիրը չէ յաջողած, Ցեղասպանութենէն փրկուածներու սերունդները այսօր կ՛ապրին, ցուցահանդէսներ կը հովանաւորեն, Փոլ Կիրակոսեաններն են, Արշիլ Կորքիներն են, որոնք աշխարհի տարածքին մեծ հռչակ կը վայելեն եւ շարունակութիւնն են Եղեռնի սերունդին: Որքան ալ մեզ մեր հողերէն հանեցին, մեր արմատներէն կտրեցին, չկրցան ոչնչացնել. հողով չէ ամէն բան: Մենք այսօր հպարտօրէն պիտի ներկայացնենք մեր գործերը` լռութեամբ ցոյց տալով, որ հայութիւնը այսօր ներկայ է` որպէս ուժ իրենց քաղաքին ճիշդ սիրտը:
Այս բոլորէն ետք սկսայ մտածել, որ պէտք է երթանք Պոլիս, պէտք է հօրս նկարներուն եւ իրենց դիմաց կանգնինք: Պէտք է ծանօթանանք Տելալ Տինքին, Օրհան Փամուքին եւ բոլոր անոնց, որոնք կը յարգեն հայերը:
«Ա.».- Փոլ Կիրակոսեանի ո՞ր գործերը ցուցադրուեցան եւ ի՞նչ արձագանգ ձգեցին: Ի՞նչ էին ձեր տպաւորութիւնները:
Մ. Կ.- Սեպտեմբեր 2-ին պիենալէի պաշտօնական բացումն էր, իսկ 5-ին հանրութեան բացուեցան բոլոր ցուցահանդէսները: Թէեւ մեծ դժուարութեամբ գացինք եւ մեր ճամբորդութենէն առաջ ամիսներով հոգեկան տակնուվրայութիւն ապրեցանք, բայց մեր միտքը հանգիստ էր, որ չենք սխալած: Հոն յարգանքի, ջերմ ընդունելութեան եւ մեծ ուշադրութեան արժանացանք: Նշեմ, որ մեր երթալէն առաջ պիենալէի տնօրէնուհին ալ հեռաձայնեց եւ ներողութիւն խնդրեց` ըսելով, որ ամօթ կը զգայ իրենց կառավարութեան վարմունքէն: Յայտնեց նաեւ, որ պիտի աշխատին բոլոր միջոցներով խաղաղօրէն արդարութեան պատգամը հասցնել աշխարհին, որովհետեւ արուեստը լաւագոյն եւ միակ ձեւն է սերունդները պատմութեան ծանօթացնելու: Ինչո՞ւ համար ամէնէն առաջ արուեստագէտները կը սպաննեն, որովհետեւ արուեստի գործերով գաղափարը կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ:
Մեր կեցութեան չորս օրերու ընթացքին շատ բան սորվեցայ: Ոչ մէկ վայր այցելեցինք ցուցահանդէսներէն զատ: Տելալ Տինքին հետ միասին այցելեցինք իրենց հիմնադրամը: Ան իր հօրը սպանութենէն ետք Պելճիքայէն հաստատուած է Պոլիս, որ շարունակէ հօրը գործը: Տեսայ նաեւ, թէ որքա՜ն թուրքեր կան, որոնք կը բացայայտեն իրենց ինքնութիւնը եւ կը դիմեն հայ եկեղեցիին, որ մկրտուին, անոնք գաղտնի կը սորվին հայերէն:
Լիբանանի մէջ մենք` հայերս, ամէն ազատութիւն կը վայելենք մենք մեզ պաշտպանելու, թոյլ չենք տար, որ մեզ արհամարհեն: Ինծի համար հայ ըլլալս կը հաւասարի լիբանանցի ըլլալուս: Բայց հայերը Պոլսոյ մէջ այնքան ալ ազատութիւն չեն վայելեր:
Եւ երբ այս բոլոր բաները հասկցայ, համոզուեցայ, որ ճիշդ էր մեր մասնակցութիւնը պիենալէին, որովհետեւ մեր ներկայութիւնը ուրախացուց եւ հպարտութիւն ներշնչեց այնտեղ ապրող հայութեան: Պոլսոյ մէջ մեզ շատ լաւ ընդունեցին. շատ զգացուեցանք: Հայկական նախագիծը հոյակապ կազմակերպուած էր եւ ամէնէն գեղեցիկն է պիենալէին: Արուեստագէտներուն բոլոր գործերը հոյակապ ցուցադրուած էին:
Ցուցադրուեցան հօրս 14 գործերը, որոնք գրեթէ Հայոց եղեռնը կը ներկայացնէին: Աբրահամ Գարապաճաքեան եւ Ռոժէ Աուրի թանգարանի Փոլ Կիրակոսեանի հաւաքածոյէն 5 կտոր տարած էինք: 1940-ականներու ռումբէն վիրաւորուած ու վերանորոգուած նկար մը: Ճոնի Մուքպիլի ունեցած հաւաքածոյէն 1958-ի գործ մը տարինք, որ կը կոչուի «Գաղթը» եւ որ Իտալիա ցուցադրուած է 1958-ին: Ընտանիքի նկարներէն` 8 կտոր: Հօրս մահացած օրուան նկարն ալ կար ծրագիրին մէջ, բայց չուզեցինք ղրկել: Մեր խնդրանքին համաձայն, նկարներու ապահովագրութիւնը երաշխաւորող բոլոր միջոցները կիրարկուեցան: 14 պատկերները հիանալի ձեւով ցուցադրուած էին հսկայ սրահի մը մէջ, ուր մտնողը կատարեալ անդորր կը զգար: Գոյներու ներդաշնակութենէն կը բխէր ամէն բան բացատրող լռութիւն մը: Դիտելով` կրնաս լալ, կրնաս խնդալ, եւ բոլոր ցաւերդ, նեղութիւններդ դուրս կ՛ելլեն. ահա այս է, որուն մասին կը խօսի «Աղի ջուր. մտապատկերներու տեսութիւն» խորագիրը, որ խորհրդանշական իմաստ ունի: Ալիքը որքան ալ ծովուն երեսը փրփրի, յատակը խաղաղ կը մնայ. բայց ժամանակի ընթացքին ամէն բան կը պարզուի ու ջուրին երեսը կ՛ելլէ: Մենք պէտք չունինք միշտ բարձրաձայնելու, որ ջարդուած ենք: Երբեմն լռութեամբ աւելի մեծ գործ կրնանք ընել, քան` բարձրաձայն յայտարարել: Ժամանակն է, որ թուրքերը տեսնեն, որ իրենց նախահայրերը սպաններ են գեղեցիկ բաներ ստեղծող ազգ մը, որոնք կը շարունակեն արարելով պատմել իրենց անցեալը: Պիենալէի հայկական նախագիծը թուրք նոր սերունդին եկաւ ցոյց տալու, թէ հայը այսօր կ՛ապրի, ունի իր գործը, իր տեղն ու դերը աշխարհի մէջ: Եթէ Թուրքիոյ մէջ հայուն ձայնը լսելի չէ, չի նշանակեր, թէ ան զօրաւոր չէ. ահա՛ իրենց քաղաքին մէջ ստիպուեցան յարգելու մեզ:
Արուեստաբաններն ու արուեստագէտները խոր յարգանքով վերաբերեցան հօրս գործերուն, ըսին, որ ցուցահանդէսի հիմնաքարն էր Փոլ Կիրակոսեանը: Հօրս «Անցեալ» եւ «Ներկայ» պատկերները, որոնք չափով ամէնէն փոքրերն էին, մեծ ընդունելութիւն գտան օտարներու եւ թուրքերու կողմէ: Ո՛ւր էինք հարիւր տարի առաջ եւ ի՞նչ եղանք 100 տարի ետք:
Միջազգային բոլոր թերթերը խօսեցան Պոլսոյ պիենալէի հայկական նախագիծին մասին. իսկ հայկական բաժինին մէջ ալ Փոլ Կիրակոսեանը գլուխ գործոցն էր, որուն մասին անդրադարձան բոլոր ներկաները, լրագրողները:
Փոլ Կիրակոսեանին գործերը ընդհանրապէս կը ներկայացնեն Հայոց եղեռնը: Իր «Ձմեռ» պաստառը իմաստով ու գոյներով մեծ արժէք կը ներկայացնէ: Նկարին մէջ կը զգաս շուքը խումբ մը մարդոց, որոնք դիմագիծ չունին, յայտնի չէ, թէ ո՛ւր կը քալեն, անապատի մէջ, սառի կամ մթութեան, յայտնի չէ, թէ ո՛ւր կ՛երթան միասին սեղմուած: Հօրս անձնաւորութիւնները միշտ սեղմուած են եւ դիմագիծ չունին, որովհետեւ իր քով չկայ հայ, արաբ, թուրք, քիւրտ, յոյն. կ՛ուզէ զանոնք միացած տեսնել, եթէ ոչ կեանքին մէջ, գոնէ` իր գործին մէջ: Հօրս նկարները ժամանակի չեն պատկանիր: «Ձմեռը» կը ներկայացնէ նաեւ եղանակի մը աւարտը: Գարունը սկիզբն է, իսկ ձմեռը` մահը: Մարդոց խիտ շարքերը ցոյց կու տան, թէ տարբերութիւն չկայ մարդոց միջեւ, բոլորն ալ ձմեռ կը տեսնեն, ցուրտին հաւաքուած ու միացած են, որ կարենան յաղթահարել: Կիներուն քողերը արեւելեան շեշտ կու տան: Իսկ «Անցեալ» եւ «ներկայ» նկարներուն մէջ մարդոց մէկ մասը բռնած է ուղղութիւն մը, մէկ մասը կորսուած է, ոմանք պզտիկներ գրկած, ոմանք ուրախութեան մէջ են, ոմանք սուգի, պարուհիներ կ՛երեւին տեղ մը: Ժողովուրդին մէջ կը տեսնենք ամէն տեսակէն: Հօրս գործածած գոյներէն կը գուշակեմ, որ մարդիկ հագեր այն, ինչ գտած են, ինչ որ ցաւալի իրականութիւն է: Գոյները Արեւելքին կը պատկանին, որովհետեւ բնական երեւոյթ են: Արեւմուտք ապրողին համար գոյնը իսկական չէ, որովհետեւ ինք մշուշի ու մթութեան մէջ կ՛ապրի, եթէ փորձէ գծել, չի յաջողիր: Մենք` արեւելքցիներս, կը տեսնենք գոյները բոլոր եղանակներուն: Գոյները վերածնունդն են:
Երբ հօրս կը հարցուէր, թէ ի՛նչ կը զգայ ինքզինք` հայ, լիբանանցի՞, պաղեստինցի՞, ան միշտ ալ կը պատասխանէր. «Ես բոլորն եմ»: Եթէ Ռուանտայի մէջ մէկը չարչարուի, արուեստագէտը անոր հետ կը զգայ, կը ցաւի, եթէ մէկը անօթութենէն կը տառապի, ինքն ալ կ՛անօթենայ: Եթէ տեղ մը մարդիկ խնճոյքի մէջ են, արուեստագէտն ալ մասնակից կը դառնայ անոնց խնդութեան: Արուեստագէտը բոլոր ազգերուն կը պատկանի, կը լուսաւորէ ժողովուրդին միտքը, հեռուն կը տեսնէ, կը պայքարի մարդկութեան համար, կը խօսի մարդ արարածին աղտոտ եւ սուրբ ըլլալուն մասին: Մարդ արարածը կրնայ սուրբ ըլլալ ու սրտանց օգնել բոլորին` առանց փոխարէնը սպասելուն: Միւս կողմէ` կրնայ սեւ գործեր կատարել, խաբել, սպաննել: Հայրս` Փոլ Կիրակոսեան, մարդ արարածով միշտ ալ զարմացած ու զմայլած էր: Իր նիւթը միշտ մարդն էր: Մարդը իր աղտերով իր վէրքերով կը սիրէր, որովհետեւ ան Աստուծոյ ստեղծագործութիւնն է, եւ ինչ որ Աստուծմէ ստեղծուած է, հիանալի է, կ՛ըսէր հայրս: Ես ուղղակի զարմացած եմ հօրս վրայ, թէ ինչպէ՛ս այսքան մաքուր սիրած է մարդ արարածը մինչեւ վերջ, հակառակ որ շատեր իրեն ցաւ պատճառած են, բայց ինք մնացած է անդրդուելի եւ` բոլորին ձեռք երկարած:
Բայց այս դարուն մարդիկ աւելի չար ու աղտոտ են, քան` բարի: Ես այնքան ալ յոյս չունիմ մարդկութեան վրայ: Մեծ երկիրները պատերազմներ կը ստեղծեն, որ իրենց արտադրած զէնքերն ու զինամթերքը ծախեն: Ծախելէն ետք կ՛ըսեն, թէ խաղաղութիւն պիտի բերեն ու նոր զօրքեր կ՛ուղարկեն: Խաղաղութենէն ետք վերանորոգութեան համաձայնութիւններ կը կնքեն: Այս բոլորը վաճառականութիւն է: Պատերազմին քանի հոգի ջարդուեցաւ, քանի հոգի մորթուեցաւ, քանի հոգի փողոց մնաց, որո՞ւ հոգն է: Մեծ պետութիւնները մարդոց կարգ կը դնեն եւ խտրութիւն կը ստեղծեն. առաջին կարգ, երկրորդ կարգ… Ես կը զզուիմ մարդ արարածէն, բայց հայրս մինչեւ իր կեանքին վերջը ընդվզելով, ուրախանալով, սիրելով` կը հիանար մարդ ստեղծագործութեան վրայ:
«Ա.».- Ձեր խօսքը որպէս ժառանգորդ Փոլ Կիրակոսեանի ուղղութեան ու վաստակին:
Մ. Կ.- Լիբանանի «Արթ ֆէիր»-ին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին Կիրակոսեան ընտանիքի արուեստագէտները միասնաբար ցուցադրեցին իրենց գործերը, որ շարունակելիութեան գաղափարը շեշտուի: Թէեւ շատ մանրամասնութիւններ չենք գիտեր մեր գերդաստանի մասին, բայց գիտենք, որ արուեստի ընտանիք մը կը կազմենք. մեծ հայրս երաժիշտ էր, իր ընտանիքին մէջ մանրանկարող եղած է: Մայրս երաժիշտ էր: Հայրս` Փոլ Կիրակոսեան, առանձին դպրոց մըն էր արուեստի: Երեք զաւակները արուեստագէտ են` Էմանուէլը, Ժան-Փոլը եւ ես: Մեր յաջորդ սերունդն ալ կը շարունակէ արուեստով զբաղիլ. Էմանուէլին զաւակները` Փոլը եւ Մարքը գծագրիչ են, Ռահէլը նորաձեւութեան ոճաբան է: Ան յառաջ տարաւ արուեստի ու նորաձեւութեան հանդիպման գաղափարը. իր հօր եւ մեծ հօր պաստառներուն նկարներով ներկայացուց հագուստներու տեսականի մը եւ «Կուչչի» մրցանակ շահեցաւ:
Ահա այսպէս օտարութեան մէջ ալ ապրինք, արուեստը մեզ կը միացնէ, ու մենք կը շարունակենք ստեղծագործել:
Ներկայիս կ՛աշխատինք գիրք մը հրատարակել Փոլ Կիրակոսեանի մասին` համալրուած նկարներով: Մօտ օրէն Փոլ Կիրակոսեանի կայքէջն ալ պիտի նորոգուի: Հօրս արխիւէն մէկ մաս մը հոն պիտի տեղադրուի, որ մարդիկ կարենան ուսումնասիրել եւ օգտուիլ:
Գալով ինծի` ես Ուոլթ Տիզնիի համալսարանին մէջ սորվեցայ շարժանկարչութիւն: Ներկայի գործերս ազդուած են մանկութեան գործերէս: Ես մեծցած եմ տան մը մէջ, ուր կային արուեստի մեծ ուսուցիչներ` հայրս ու եղբայրս, ենթահողը կար, հիմքը կար, բայց սէր ունէի մանկական շարժանկարներուն հանդէպ: 2000 թուականներուն, երբ սկսայ հօրս արխիւները ուսումնասիրել, դարակներուն մէջ գտայ հօրս պահած իմ մանկութեան գծագրութիւնները: Յիշեցի, որ պատերազմի տարիներուն եղբայրներս ճամբորդած էին, իսկ ես կրտսեր ըլլալով` դպրոցէն ետք հօրս հետ իր արուեստանոցին մէջ թուղթի վրայ կը գծէի, իրարու պատմութիւններ կը պատմէինք, որպէսզի դուրսի պատերազմի ահաւորութիւնը իր վատ անդրադարձը չունենար վրաս: Երբ այս նկարները տեսայ, հասկցայ, որ հայրս ինծի համար աշխարհ մը ստեղծած էր, որ խաղաղ ստեղծագործեմ, հեռու` պատերազմէն: Այսօր ես այդ կեանքին կարօտը ունիմ: Հայրս մեզի կը սորվեցնէր, որ ամէն մէկս իր անհատականութիւնը ունենայ, գործին մէջ իր սեփական կնիքը ունենայ: Ինք ծանօթ էր ու հետեւած` մեծ դպրոցներու. ինչպէս` Վան Կոկ, Կոկոլ, Վերածնունդ, բայց վերջը իր ուղղութիւնը ունեցաւ եւ հիմնեց իր դպրոցը: Շատ դժուար է ստեղծել սեփական ոճ, որ նայողը առաջին անգամէն ըսէ. «Ասիկա Փոլ Կիրակոսեան է»: Ես ալ կ՛աշխատիմ ունենալ իմ անձնական կնիքս. մանկական անաղարտ աշխարհը միակ տեղն է, ուր կրնայ մարդ խաղաղութիւն, ուրախութիւն գտնել եւ փոխանցել ուրիշ մարդոց:
Հայրս միշտ կ՛ըսէր` արուեստդ պէտք է ըլլայ մօտիկ բարեկամդ, ծնողքդ, զաւակդ, սիրածդ, որովհետեւ որքան ալ նեղութիւնդ կամ ուրախութիւնդ արտայայտես պաստառիդ, ան քեզ չի դատապարտեր, չի մեղադրեր, չի նեղացներ: Քեզմէ բացասականը կ՛առնէ ու միշտ դրականը քեզի կու տայ:
Երբ նկարներս դիտողին երեսին վրայ ժպիտ եւ ուրախութիւն կը տեսնեմ, գոհ կ՛ըլլամ, որ կրցայ փոխանցել պատգամս: Երբ արուեստի գործեր ուզեմ գնել, հեռու կը մնամ մահուան, պատերազմի կամ տխուր թեմաներէն, որոնք ամէն օր կ՛ապրինք: Կ՛ուզեմ ժպիտ ու հանգստութիւն պարգեւող գործեր տեսնել: Ասոր համար ալ իմ արուեստս հիմնուած է մանկութեան վրայ, մանկական աշխարհի անմեղութեան վրայ: Գործերս միայն մանուկներուն համար չեն, այլ` բոլորին, որովհետեւ բոլորիս մէջ կայ մանուկը, մեզմէ կախեալ է` զայն խեղդա՞ծ ենք, թէ՞ պահած:
Ահա այսպէս, ամէն մէկուս արուեստը իր տեսակին մէջ ձեւով մը շարունակութիւնն է Փոլ Կիրակոսեանին: Յուսանք` նոր սերունդը նոր ձեռքբերումներ կ՛ունենայ: Կը հաւատանք, որ հայ ազգի զաւակները, ո՛ւր ալ երթան, տաղանդով կը շարունակեն ապրիլ ու ապրեցնել իրենց ժառանգած մշակութային բոլոր արժէքները: