Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

30-Ամեակ` Գաղափարի Մարտիկին Առեւանգման Եւ Նահատակութեան

October 22, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

4437810488_ba217e890f_f

ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ

Աներազ ազգերը ապագայ չունին: Ապագայ չունին մանաւանդ անհորիզոն ժողովուրդները: Բոլո՛ր անոնք, անհատ թէ հաւաքականութիւն, որոնք կը մոռնան խաղին օրէնքը եւ կը կարծեն, թէ առանց բոլորանուէր, գերագոյն զոհաբերութեանց, առանց հաւաքական կամքի եւ կազմակերպական հզօրանքի, առանց համապարփակ ու յարատեւ պայքարի հնարաւոր է վերապրիլ եւ պատմութիւն կերտել:

Արտաքին պայմաններու նպաստաւոր դասաւորումը հրամայական անհրաժեշտութիւն է, անշուշտ, ազգային ազատագրական կամ ինքնացման որեւէ պայքարի, քաղաքական որեւէ դատի յաղթանակին համար:

Սակայն արտաքին պայմաններէն առաջ, առարկայական նշանակութիւն ունի ներքին ուժերու արժեւորումը, ներքին ճակատի ամրապնդումը:

Արդարեւ, ո՛րքան ալ ձեռնտու ըլլան արտաքին, առարկայական պայմանները, ո՛րքան ալ բարենպաստ կացութիւն առաջացնէ միջազգային քաղաքական կեանքի հոլովոյթը, դրական կամ գործնական որեւէ արժէք չունի ոեւէ ազգի, ազատագրական ո՛րեւէ շարժումի համար, եթէ խնդրոյ առարկայ ազգը կամ ազգային ազատագրական շարժումը ի՛նք ներքնապէս պատրաստ չէ առիթէն օգտուելու եւ իր ճակատագիրը տնօրինելու համար:

Այն ազգերը, ազատագրական այն շարժումները, որոնք յուսատու պայմաններու կը սպասեն, որպէսզի ճիգերու առաւելագոյն լարումով հրապարակ իջնեն եւ համապարփակ պայքարի ձեռնարկեն, դատապարտուած են անխուսափելի սնանկութեան, որովհետեւ նախապայմանը այն չէ, որ նախ դէպքերը հասուննան, ապա՛ ճամբայ ելլելու համար, այլ այն, որ ենթակայ ազգերը կամ ազատագրական շարժումները իրե՛նք պատրաստ ու հասուն վիճակի մէջ գտնուին` պատեհ առիթին իրենց ճակատագիրը վերափոխելու աստիճան անհրաժեշտ ուժն ու կարողութիւնը ցուցաբերելու համար:

Պատմութիւնը, բոլոր յեղափոխութեանց եւ ազատագրական բոլոր շարժումներու պատմութիւնը ցոյց կու տայ աներկբայօրէն, որ ոչ մէկ ազգ, ազատագրական ոչ մէկ շարժում ճամբայ ելած է յուսատու պայմաններու հետ որոշակի… ժամադրութեամբ: Ժողովուրդներու, առհասարակ քաղաքական եւ յեղափոխական կեանքի պատմութիւնը նման «ժամադրութիւն»-ներ ու «ժամադիր»-ներ չի ճանչնար եւ այս տարրական կանոնը անսաստողները կը տրորէ իր անողոք հոլովոյթի գլաններուն տակ:

Հետեւաբար, յուսատու պայմանները պէտք է որոնել, – բայց մանաւանդ ստեղծե՛լ ի գին ամէն բանի, – ոչ թէ դուրսը, արտաքին մակարդակներու վրայ, այլ ներսը, ներքին ճակատի վրայ:

 

 

 

Նախորդը

Փոլ Կիրակոսեան Դարձաւ Հիմնաքարը Պոլսոյ 14-րդ Պիենալէի Հայկական Նախագիծին

Յաջորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Կինը Եւ Առողջութիւնը` Մանկութենէն Մինչեւ Հասուն Տարիք» Նիւթով

RelatedPosts

Ապրուած Օրեր.  Զ. Երկու Ապրիլ 24
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Զ. Երկու Ապրիլ 24

October 6, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Սփիւռք. Քննարկումէն Եւ Ախտաճանաչումէն` Դէպի Նոր Մեկնարկ

October 6, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Վերամո՛ւտ` Լաւատեսական Եւ Հարցադրական Եզրերով

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.