Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հաստատումներ
Միջին Արեւելքը պատերազմի դաշտ է, եթէ նկատի ունենանք ռազմական գործողութիւններու տարողութիւնը, մահերը, օգտագործուած միջոցները: Ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, սահմանային միջադէպ չէ: Ինչպէս կը յայտարարուի, ան տեղի կ՛ունենայ նաեւ Միջին Արեւելքի սահմաններէն դուրս ալ:
Արեւմտեան լրատուամիջոցները կ՛անդրադառնան կացութեան, տեղեկահաւաքի քանի մը օրուան արշաւով քաղուած տպաւորութիւններով, կամ ակադեմական տեսութիւններով, որոնք յաճախ վիրաւոր են կողմնակալութիւններով եւ մակերեսայնութեան հետեւանք` անտեղեակութեամբ: Այսինքն չեն ճանչնար միջավայրը եւ կը դատեն աշխարհի այդ շրջանին հետ կապ չունեցող չափանիշներով:
Միջին Արեւելքի մէջ կան հիմնական խնդիրներ, որոնք ծնունդ առին Ա. Աշխարհամարտէն ետք, լուծում չգտան Բ. Աշխարհամարտէն ետք, քանի որ չյարգուեցան խոստումներ եւ դաշնագրեր: Հզօրները աշխարհը բաժնեցին իրարու միջեւ` անտեսելով ժողովուրդները: Պաղ պատերազմի պատճառով դիրքերը կարծրացան երկրաքաղաքական (géopolitique) պատճառներով, զարգացան ընդհանրապէս կենսամակարդակի աչք ծակող տարբերութիւնները նոյն երկրին մէջ եւ միջազգային մակարդակի վրայ` չարաշահումներու որպէս հետեւանք, հաստատելով դրամի «միջազգային կայսերապաշտութիւն»-ը, նկատի չառնուեցան եւ այսօր ալ չեն առնուիր իրաւ արդարութիւնը եւ իրաւունքներու յարգումը` հակառակ միջազգային բեմերէ խօսուած հոգեպարար ճառերու:
Պատերազմի մէջ է Միջին Արեւելքը: Միամիտ չըլլանք. ո՛չ միայն Միջին Արեւելքը, քանի որ անցեալի աշխարհագրական հեռաւորութիւնները անիմաստ են, հեռուն դրկից է այլեւս: Միջազգային կայսերապաշտութիւնը (դրամ) եւ արթնցող կայսերականութիւնը (հողային նուաճում), կողք կողքի կամ իրարու դէմ, երբեմն կողք կողքի եւ միաժամանակ իրարու դէմ ճակատ յարդարած են: Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպա (նախկին գաղութատէրեր), Ռուսիա, որ խորհրդային իր հզօրութիւնը վերագտնելու հետամուտ է, Թուրքիա` Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդի եւ զայն վերստեղծելու երազով, որ չվարանեցաւ յայտարարելու, որ Թուրքիան կը տարածուի Ատրիականէն մինչեւ Չինաստան (Սուլէյման Տեմիրել): Շահախնդիր քաղաքական դէմքեր կամաւոր խուլ եղան եւ այսօր, հիւանդագին յիշողութեան կորուստով, չեն ուզեր անդրադառնալ խաղաղութիւնը եւ արդարութիւնը խախտող մոլեռանդութիւնը ծաղկեցնող եւ հետապնդուած նպատակներու:
Չեմ կասկածիր, որ Թուրքիոյ երկդիմի ընթացքը գաղտնիք ըլլայ: Ան Իսլամական պետութեան զէնք կը տրամադրէ, դէպի արտաքին աշխարհ իր դռները բաց են անոր առջեւ, անոր ծախած քարիւղը կ՛անցնի Թուրքիայէն: Եւ չես գիտեր` ո՞ր (չ)միամիտ վերաբերումով Իսլամական պետութեան դէմ ճակատ յարադարածներ Թուրքիան կը համարեն դաշնակից:
Երբեմն ալ պէտք է խորհիլ, թէ ինչո՞ւ քանդեցին Իրաքը եւ Լիպիան, այժմ կը քանդեն Սուրիան: Իրապէս բարի՞ք կ՛ուզեն բերել այդ երկիրներուն, թէ՞ նաւթային հարստութիւնները կ՛ուզեն խլել: Այդ երկիրներու վարչակարգերը աւելի վա՞տ էին այսօրուան դժոխային եւ մահասփիւռ կացութենէն:
Անմիջականի Ներխուժումը
Այն պահուն, երբ այս տողերը կը գրէի, հեռատեսիլը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ երկու ռումբեր պայթած էին, կային ութսունվեց մեռեալներ եւ հարիւրէ աւելի վիրաւորներ: Արդէն դասական վերլուծումներ սկսած են հաղորդել լրատուամիջոցները, մեկնաբանութիւններ` ճշդելու համար արարքին հեղինակները, բացայայտելու համար դրդապատճառները: Ի հարկէ կան դասական հասցէները` քրտական շարժումները կամ Իսլամական պետութիւնը: Երրորդ վարկած մըն ալ կայ, որուն մասին չի խօսուիր: Դէպքը տեղի կ՛ունենայ Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութեան նախօրեակին ընդդիմութեան կողմէ կազմակերպուած հանրահաւաքի մը վայրը: Նախագահը եւ իր կուսակցութիւնը նախորդ ընտրութեան չէին յաջողած բացարձակ մեծամասնութիւն ունենալ, խորհրդարանը լուծուեցաւ եւ նոր ընտրութիւն տեղի պիտի ունենայ 1 նոյեմբերին: Ո՞վ ի՛նչ կը շահի այս ահաբեկչութենէն: Իսլամական պետութիւնը, երբ կը խանգարուի ժողովրդավարական կարգը, սկզբունքի հարց է: Նաեւ իշխանութեան կուսակցութիւնը, որ կրնայ ներկայանալ որպէս ապահովութեան երաշխիք` խռովութիւններու եւ ապակայունացման դէմ: Նկատի ունենալով թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթի մերկացումները, ըստ որոնց, թրքական գաղտնի սպասարկութիւնները զէնք-զինամթերք կը ղրկեն Իսլամական պետութեան, հաւանական կը դառնայ, որ ահաբեկչական գործողութիւնը ապսպրուած-կազմակերպուած ըլլայ նոյնինքն իշխող կուսակցութեան կողմէ: Տարբեր շահերէ մեկնելով` երբեք բաւարար չափով չպարզաբանուեցան, «Ճումհուրիյէթ»-ի մերկացումներէն ետք, թուրք պետութեան եւ Իսլամական պետութեան կապերը: Կամաւոր կուրութիւնը տեւեց` Թուրքիան սիրաշահելու համար, որ առիթը օգտագործեց Իսլամական պետութեան դէմ կռուող քրտական դիրքերը ռմբակոծելու: Եւրոպա եւ Ամերիկա չեն ճանչնար Թուրքիան եւ Միջին Արեւելքը, անոնց ժողովուրդները եւ պատմութիւնը, ընկերաքաղաքական պայմանները, հակասութիւնները, որոնք ծնունդ առած են Արեւմուտքի մշակած եւ գործադրած վատ համաձայնութիւններով: Երեկոյեան, ֆրանսական հեռատեսիլի մեկնաբանը, միշտ չի պատահիր, ահաբեկչական արարքի հաւանական հեղինակներուն մասին ըրաւ պարկեշտ վերլուծում` յստակօրէն ըսելով, որ քրտական շարժումը չէր կրնար ըլլալ արարքին հեղինակը, կը մնային Իսլամական պետութիւնը եւ թուրք պետութիւնը, որոնց կապերը գաղտնիք չեն: Միամիտ հաւատացողներ կան, որ Իսլամական պետութեան դէմ պատերազմողներուն դաշնակից է Թուրքիան: Անմիջականութենէ թելադրուած այս փակագիծը կը գոցենք:
Իրատես Կողմնորոշում Եւ
Նախաձեռնութիւն Կը Փնտռուի
Արեւմուտքի լրատուամիջոցները եւ տեղի ունեցող ցոյցերը անվարան կը խօսին ահաբեկչութեան ետին կանգնած «դաշնակից» Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի մասին:
Արեւմուտքի մէջ ժողովրդավարութիւնը կը կենակցի դրամի կայսերապաշտութեան հետ, եթէ առաջինը երկրորդին համար շպար չէ: Միջին Արեւելքի մէջ, հոն, ուր կը կարծուի, որ ժողովրդավարութիւն կայ, ան ձեւականութիւն է, քանի որ կը շարունակուի կրօնա-աւատապետական դրութիւն մը` տարբեր երանգներով, ժողովրդավարութիւնը չէ անջատուած կրօնէն, եւ այս պատճառով ալ մոլեռանդութիւնը կը զարգանայ, քանի որ ի վերուստ ստացուած ճշմարտութիւնները քննելի չեն:
Կրօնականները կը մասնակցին, եւ կ՛առաջնորդեն քաղաքականութիւնը, եւ յաճախ վերջին խօսքը իրենց կը պատկանի: Նման մթնոլորտի մէջ բնական կը դառնայ աւատապետութիւնը` թագաւորական, իշխանապետական, ընտանեկան: Ոչ ոք կը զարմանայ, որ ժողովրդավարական ընտրութեան կարգով, նոյն ընտանիքի անդամներ եւ ժառանգներ իրարու կը յաջորդեն, ինչ որ հակասութիւնն իսկ է ժողովրդավարութեան: Ժողովրդավարութիւն կը բեմադրուի առանց ժողովուրդի, առանց ժողովրդային կամքի: Ընտանեկան բնոյթով աւատապետութեան վրայ կը բարդուի դրամատիրական աւատապետութիւնը, ինչ որ յատուկ չէ Միջին Արեւելքի: Ինքզինք ժողովրդավարական կարգերու մայր համարող Ամերիկայի մէջ թաղային դպրոցի մը վարժապետը կամ բժիշկը ոչ մէկ հնարաւորութիւն ունի նախագահ դառնալու… Ընտրապայքարի համար անհրաժեշտ են աստղաբաշխական գումարներ: Արեւելքի մէջ քուէներ կը գնուին, Ամերիկայի մէջ քարոզչութիւնը կը գնուի:
Նոյնիսկ մշակուած անձեր, եւրոպական համալսարաններ յաճախածներ, հետեւելով տիրող մտայնութեան, կ՛որդեգրուին ժառանգական-աւատապետական դրութեան մէջ, որ այդ երկիրներու մշակոյթն է: Դասակարգի մը պատկանողներ կան, որոնք կուտակուած հարստութիւններու ուժով կ՛ուզեն ունենալ քաղաքական իրաւունք, ինչպէս սովորութիւն է ըսել` հանգամանք եւ աթոռ, ինչպէս քիչ մը ամէն տեղ: Մէկ խօսքով, քաղաքական կեանքը եւ ըմբռնումը տարբեր են արեւմտեան աշխարհի արժէքներէն, այս պատճառով ալ, երբ Արեւմուտքը կը միջամտէ, արդիւնքը կ՛ըլլայ ձախաւերութիւն:
Միջին Արեւելքի մէջ հարկ է զարգացնել ոչ թէ ներածուած գաղափարներ, այլ` փոխհասկացողութեան քաղաքական ընթացք, աստիճանաբար անջատելով կրօնը եւ քաղաքականութիւնը, առանց պայքարելու հաւատքի դէմ, հասնելով այն համոզման, որ խիղճի ազատութիւնը մարդկային իրաւունք է, որ կ՛ենթադրէ փոխադարձ յարգանք եւ հանդուրժողութիւն: Բայց այս հոգեկան-հոգեբանական վերականգնումը կարելի է ձգտելով նաեւ դէպի բարօրութիւն: Տնտեսապէս ապահով անհատները դիւրաւ չեն ներքաշուիր ծայրայեղութիւններու մէջ:
Միջին Արեւելքի երկիրները առաջնորդելու միտումը հարկ է փոխարինել խորհրդատուի եւ օժանդակի դերով:
Եթէ այսօր հաշուեկշիռ մը ընենք, պիտի տեսնենք, որ բիրտ ուժի միջամտութեամբ ոչ թէ ժողովրդավարութիւն հաստատուեցաւ, այլ զարգացաւ անդուռ անիշխանութիւնը` մոլեռանդութեան եւ ծայրայեղականութեան աղբիւսին վրայ:
Չար Եւ Չարիք Ինչպէ՞ս Չէզոքացնել
Պա՛րզ. Փարիզի, Ուաշինկթընի, Լոնտոնի կամ Մոսկուայի մէջ պէտք չէ որոշել, թէ ի՛նչ պիտի ընեն այլ երկիրներ: Պէտք է օժանդակել, որ այդ երկիրները վարժուին յարգելու մարդկային իրաւունքները, ազատութիւնները եւ հասկնան, որ ուժով փոխուածը անպայման իր կարգին պիտի փոխուի:
Ոչ միայն դրամատէրերու, իշխաններու, աւատապետներու հետ, այլ ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին վստահութեամբ պէտք է յառաջացնել յաջողութիւնները:
Հանքային եւ մասնաւորաբար նաւթային հարստութիւններու վրայ աչք յառած վայրագ եւ ընչաքաղց դրամատիրութիւնը եւ կրօնական պիտակով ներկայացող մոլեռանդութիւնը հաւասարապէս չարիք են:
Ազատութիւններ եւ բնութեան բարիքներէն հաւասարապէս օգտուելու քաղաքական վարքագիծ կ՛առաջնորդեն խաղաղութեան եւ փոխըմբռնումի:
Միջին Արեւելքը ռմբաձիգներու եւ հրասայլերու ճատրակի տախտակը չէ: Պէտք չէ ըլլայ: Այլապէս մարդկութեան ժառանգութիւնը կը քանդուի, եւ կը սկսինք զոհերը որպէս թուանշան դիմաւորել: Այսօր` ուրիշներու համար, վաղը` մեր թաղին մէջ:
Պատմութեան ներկայ հանգրուանին չստրկացուած եւ դիւանակալ չդարձած մտաւորականութիւնը հրապարակ պէտք է գայ լուռ մեծամասնութիւնը յանձնառութեան ճամբարը բերելու համար, որպէսզի ազատութիւնները, մարդկային իրաւունքը եւ ժողովուրդներու իրաւունքը յարգուին:
Եթէ չենք ուզեր, որ մեր դարը յատկանշուի կրօնական, քաղաքակրթական, լեզուական, դրամատիրական եւ նոր տեսակի «ցեղային» պատերազմով, որուն ելքը ոչ ոք կրնայ նախատեսել, պիտի հասկնանք, որ ան ոչ մէկ ձեւով յաւելեալ արդարութեան արդիւնքին պիտի հասնի: Եւ ըստ այնմ պիտի խօսինք եւ գործենք, քանի որ աւերիչ զէնքերուն տէր են քիչ մը բոլոր կողմերը:
Այսօր եթէ ուշ չէ, վաղը աւելի ուշ պիտի ըլլայ:
9 հոկտեմբեր 2015, Նուազի-լը-կրան