Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

# Կը Շնչէ

Հոկտեմբեր 22, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկակենցաղ էակ ըլլալը այնքան ալ դիւրին չէ` թէ՛ իր պարտականութիւններով, թէ՛ ալ իր պատասխանատուութիւններով: Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ  տարելիցին  սեմին կը գտնուէինք, երբ երակներուս մէջ ելեւէջներ ապրող եւ պահանջող իմիններուս արիւնին ճնշումը աւելի բարձրացաւ նոյնանման, բայց օտար բնոյթով փոթորիկի մը պատճառով: Ան իմ ծննդավայրս եկած էր նախ եւ առաջ իբրեւ  այցելու, աւելի ճիշդը` ժամանակաւոր այցելու, սակայն դժբախտաբար օրըստօրէ դարձաւ տհաճ, մնայուն հիւր մը, որուն ներկայութիւնը ոչ միայն ինծի կամ ինծի նմաններուն վնաս էր, ո՛չ, այլ իր ներկայութիւնը ինծի, անոր, օդին, ծառին, նոյնիսկ քարին վտանգ  էր:

Դրախտավա՞յր, չէ՛ ծննդավայրս այն չէր, որովհետեւ մեր Արցախի հզօր լեռներուն գեղեցկութենէն ոչ մէկ յատկանիշ ունի, այնուհետեւ այդ անգութ փոթորիկը որոշած էր մնալ եւ աւերել ամէն բան, որ իրեն կը սպառնար…

Ըստ դիւանագէտներուն, սոյն փոթորիկը թուաբանական ինչ-ինչ հաշիւներ պիտի լուծէր, բայց ափսո՜ս, որ քաղաքացիներս եւ ես  դարձանք «մեծ»-երուն հաշիւները մաքրող տարրերը …

Եւ այսպէս, այն օրէն, երբ այդ անիրաւ փոթորիկը մուտք գործեց համեստութեամբ եւ մտերմութեամբ բաբախող ծննդավայրս, մենք ալ` իբրեւ տեղացիներ, կամայ ակամայ մտանք աշխարհին չորս կողմ բնակողի մը առօրեային մէջ: Ճակատագի՞րը մեղադրէի, որ երկրորդ անգամ ըլլալով պիտի փորձէինք գաղթականութիւնը,   թէ՞ մնայինք այդ անվերջ փոթորիկին մէջ. այս մէկն ալ մնաց մեր անլուծելի թուաբանական հարցը: Խլե՜ց, այո՛, այս փոթորիկը իր մէջ առաւ ամէն տեսակի գոյներ ու ձեւեր, սակայն որքան մտահոգ էի, որ ան նոյնիսկ պիտի խլէր Անդրանիկ Ծառուկեանի «Երազային Հալէպը»-ին վկաներուն էական փաստերը: Չէի հանդուրժեր, մէկ անգամ կորսնցուցած էի կեսարացիներն ու Կեսարիան, հիմա ալ` հալէպցիներն ու Հալէ՞պը:

Բարեբախտաբար, կիրակի,11 հոկտեմբերին ներկայ գտնուեցայ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ «Հայ գիրքի 36-րդ ցուցահանդէս»-ի բացումին, որ կազմակերպուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին կողմէ: Հոն` մուտքին, լայնատարած պաստառի մը վրայ զետեղուած էր Արամ Ա. կաթողիկոսին  խօսքը, որ կ՛ըսէ. «Գիրք կարդացողը գիրքով կը հարստանայ, գիրք տպողը գիրքով կը բարձրանայ, գիրք պահողը գիրքով կը հզօրանայ, գիրք գրողը գիրքով կ՛անմահանա՜յ …»: Ո՜հ, որքան ընտիր գիրքեր կային հոն, ես ալ մանուկի մը պէս շուարած էի, թէ ո՛ր գիրքերը կրնայի գնել, որովհետեւ միտքս զիս դրամապանակիս կ՛ուղղէր, իսկ սիրտս ալ մերթ գիրքերուն, մերթ ալ` իմ անձնական գրադարանիս, որ մնացած էր այդ փոթորիկին մէջ: Քանի մը վայրկեաններ ապրելով այն իւրայատուկ գոհունակութիւնը, որ հայ գիրքը հոգւոյս կը պատճառէ, յանկարծ նշմարեցի «Լուսնակ» եւ «Ռապիի» հրատարակչութեան անունները, որոնք ծնունդ առած են եւ տակաւին կը գործեն Հալէպի մէջ, եւ քանի մը քայլ առջեւ երթալով, բազմաթիւ հանճարեղներու ստեղծագործութիւններուն կողքին, տեսայ որքա՜ն գիրքեր դրոշմուած են «ՀԱԼԷՊ»-ով` իբրեւ  տպագրուած վայր. աւելի՛ն, քանի գրողներ հասակ առած են այդտեղ: Այն ատեն անգամ մը եւս գլուխս վեր բարձրացուցի մուտքին զետեղուած պաստառին, որ շեշտը կը դնէր գիրք տպողի բարձրանալուն եւ գրողին անմահանալուն վրայ: Հո՛ն, այն վայրկեանն էր, երբ   հաստատեցի, որ ՀԱԼԷՊ-ը կը շնչէ եւ պիտի շարունակէ շնչել, ոչ միայն իր շրջագիծին մէջ, այլ հաստատ ամէնուրեք պիտի շնչէ ՀԱԼԷՊ-ը …

Կեսարացի Հալէպցի
ՄԵՂՐԻ Ա. ՊԱԳԱՐԵԱՆ

Նախորդը

Կին Դէմքեր. Սվեթլանա Ալեքսիեւիչ

Յաջորդը

Միջին Արեւելքի Տագնապը Հակասութիւններու Հետեւանք Բազմաբնոյթ Պատերազմ Է

RelatedPosts

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. Տրամաբանութիւն Մի՛ Փնտռէք

Յունիս 14, 2025
«Մշակուած Են Ճարտարարուեստի Մարզի Սեփականատէրերուն Նպաստաւոր Պայմաններ Եւ Անոնց Աշխատանքը Դիւրացնող Ու Յաւելեալ Շահեր Ապահովող Նոր Դրութիւններ»   Շեշտեց Նազարէթ Սապունճեան
Անդրադարձ

Նազարէթ Սապունճեանի Դամբանական

Յունիս 14, 2025
Եռամիասնութեանց Ուղեւորը
Անդրադարձ

Խստապահանջ ու Պարտաճանաչ Դաշնակցականը` Նազարէթ Սապունճեան

Յունիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?