Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 21, 2015
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց
Լիբանանի Մշակոյթի Նախարարը

arayji_10-11-15

Հոկտեմբեր 11-ին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժին` ուղեկցութեամբ Հայաստանի մէջ Լիբանանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժան Մաքարոնի:

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր գնահատանքը յայտնեց նախարարին` գոհունակութեամբ ընդգծելով այն սերտ համագործակցութիւնը, որ մնայուն առկայ է Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ: Կաթողիկոսը կարեւոր նկատեց նաեւ Լիբանանի իշխանութիւններու եւ ժողովուրդի կողմէ հայկական համայնքին հանդէպ ցուցաբերուող հոգածու վերաբերմունքը, որով եւս մէկ անգամ կը յատկանշուի երկու բարեկամ ժողովուրդներու դարաւոր եղբայրական ոգին:

Իր հերթին մշակոյթի նախարարը ընդգծեց, որ մեծ պատրաստակամութեամբ եւ սիրով կը համագործակցի հայ համայնքին հետ: Նախարար Արայժի անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի մշակութային կեանքին մէջ հայկական համայնքի բերած կարեւոր ներդրման:

Զրոյցի ընթացքին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը եւ Լիբանանի մշակոյթի նախարարը մտահոգութեամբ անդրադարձան Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող ծանր կացութեան: Այս առիթով վեհափառը մաղթեց, որ Ամենակալ Աստուծոյ ողորմութեամբ խաղաղութիւնը վերահաստատուի տարածաշրջանին վրայ, եւ մարդիկ շարունակեն ապրիլ իրենց խաղաղ եւ անվրդով կեանքը:

Հանդիպման ներկայ էր Մայր Աթոռի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննիսեանը:

Ընթացք Առաւ «Վերադարձ»-ի
Փառատօնը

veratarts_10-16-15

Հոկտեմբեր 16-ին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Մարիամ Շահինեան ազդարարեց «Վերադարձ»-ի 8-րդ փառատօնին սկիզբը: Փառատօնը նպատակ ունի Հայաստանի երաժշտասէրներուն ներկայացնել Հայաստանէն տարբեր պատճառներով հեռացած եւ այլ երկիրներու մէջ բնակութիւն հաստատած երաժիշտ կատարողները, ինչպէս նաեւ` սփիւռքահայ երաժիշտներուն տաղանդը:

Հոկտեմբեր 19-ին «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ հանդէս պիտի գայ Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Վահան Մարտիրոսեանի, մենակատարներու կարգին է նշանաւոր դաշնակահար Սվետլանա Նաւասարդեան:

«Իւրայատուկ փառատօն է, որուն նմանը աշխարհի մէջ չկայ, եւ շարոնց նշանակալի երեւոյթ է մեր երաժշտական կեանքին մէջ: Այս փառատօնին գաղափարը ծնած է ժամանակի թելադրանքով եւ պարագաներու բերումով. մեր երաժիշտներէն շատերը տարբեր առիթներով հեռացած են Հայաստանէն, եւ այս փառատօնը կարելիութիւն կ՛ընձեռէ, որպէսզի անոնք վերադառնան Հայաստան եւ ներկայանան մեր ունկնդրին` թերեւս իւրօրինակ հաշուետուութեամբ: Կայ երկրորդ կէտ մը, ինչ որ ես շատ աւելի կարեւոր կը տեսնեմ, այն է, որ չկտրուի իրենց կենսագրականը հայրենիքի կապէն, եւ ըլլայ միշտ շարունակական», յայտնած է Նաւասարդեան:

Փառատօնի բացման համերգին ընթացքին, ի շարս այլ ստեղծագործութիւններու, պիտի հնչէ Տիգրան Մանսուրեանի «Ֆանթազիա դաշնամուրի եւ լարայիններու համար» ստեղծագործութիւնը, որուն կատարման պիտի մասնակցին նաեւ արտասահման ապրող հայ երիտասարդ երաժիշտները:

«Կը պարզուի, որ առանձնայատուկ երաժշտական կարողութիւն ունեցող ազգ ենք հայերս, շատ նուիրուած` երաժշտութեան: Տարբեր երկիրներու մէջ շատ է մեր թիւը: Եւ լաւ է, որ կայ այս փառատօնը: Մեծ առաքելութիւն ունի միայն գեղագիտական վայելքի կարելիութիւն չէ սա, նաեւ շատ հեռահար եւ բեղմնաւոր երաժշտական քաղաքականութիւն` դէպի Հայաստան մեր տաղանդաւոր երաժիշտներուն ուղղուած կոչ: Դէպի Հայաստան, դէպի հայ ունկնդիր, դէպի արմատներ, դէպի հիմք: Մարդը հարուստ է իր արմատներով: Որքան  ամուր կապուած ենք մեր արմատներուն, այնքան մեր թռիչքը բարձր է, այնքան բովանդակութիւն ունի», դիտել տուած է Տիգրան Մանսուրեան:

Նշենք, որ փառատօնը պիտի տեւէ մինչեւ 7 նոյեմբեր, եւ փառատօնի ծիրին մէջ տեղի ունեցող իւրաքանչիւր համերգ առանձնայատուկ բնոյթ պիտի կրէ:

Մարիամ Շահինեան դիտել տուած է, որ այս տարի կարելի եղած է իրականացնել տարիներ շարունակ փայփայած իրենց երազը. «Ստեղծուած է «Վերադարձ» անունով հնգեակ, որուն մէջ երաժիշտներուն ազգութիւնը շատ տարբեր են: Երկու արուեստագէտներ միայն հայ են` Լիլիթ Գրիգորեանը եւ Դաւիթ Գրիգորեանը: Կան նաեւ ազգութեամբ ճափոնցի Թոմոքոյ Աքասական` ալթահարուհի, եւ երկու ֆրանսացիներ»:

Լոյս Տեսած Է «Հայ Գրատպութեան Եւ
Գրքարուեստի» Հանրագիտարան

encyclopedia_10-21-15

«Հայկական հանրագիտարան» հրատարակչութեան կողմէ այս օրերուն լոյս տեսած է «Հայ գրատպութեան եւ գրքարուեստի» հանրագիտարանը, որ վերջերս լրագրողներուն ներկայացուցած է հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրէն Յովհաննէս Այվազեան. հանրագիտարանը 500-ամեայ հայ գրատպութեան ամբողջ պատմութեան մասին է:

«Այս գիրքը կը ներկայացնէ մեր գրատպութեան մշակոյթը, գիրքը կ՛ամփոփէ մեր 500-ամեայ գրատպութեան պատմութիւնը` ներկայացնելով տպարանները, հրատարակիչները, ներկայացուած են արժէքաւոր ձեռագրեր: Այսինքն գիրքին մասին աւելին ըսելը կարելի չէ, բայց կը կարծեմ, որ այն պէտք է լայն ընդունելութիւն գտնէ հասարակութեան մէջ», նշած է ան:

Յովհաննէս Այվազեան ըսած է, որ գիրքին պատրաստութիւնը տեւած է 3-4 տարի, ինչ որ երկար ժամանակ չէ` նկատի առնելով բարդութիւնը: Յովհաննէս Այվազեան նշած է, որ այս տարիներուն պետութեան կողմէ ստացած են 14 միլիոն դրամ, որ առաջին ակնարկով մեծ գումար կը թուի, բայց քանի մը տարիներու վրայ երկարող աշխատանքով հանրագիտարան կազմելու համար քիչ է:

«Գիրքին տպաքանակը կը կազմէ 1500 օրինակ, մեծ մասը արդէն պատրաստ է: Այն կազմուած է մէկ հատորէ` 1200 էջով», ըսած է ան:

Պարգեւատրուած Է Ամերիկահայ Բարերար
Վարուժան Գունտաքճեան

parerer_10-21-15f

«Համայնքներու գիւղատնտեսական պաշարներու կառավարման եւ մրցունակութեան» ծրագիրը, հիմնականօրէն, կ՛իրականացուի Հայաստանի սահմանամերձ եւ լեռնային այն գիւղերուն մէջ, ուր բնակչութեան հիմնական զբաղմունքը անասնապահութիւնն է: Ծրագիրին նպատակն է աջակցիլ անասնապահութեամբ զբաղող ագարակային տնտեսութիւններուն` առկայ պաշարները առաւել արդիւնաւէտ օգտագործելու ոլորտին մէջ եւ բարձրացնելու անասնապահութեան արդիւնաւէտութիւնը: Ծրագիրին արդիւնաւէտ իրականացման համար առանց յաւելեալ ֆինանսաւորման, նախատեսուած 55 գիւղի փոխարէն աշխատանքներ կը տարուին 81 գիւղի մէջ, որոնցմէ է նաեւ Շիրակի մարզի Գուսանագիւղ գիւղը, ուր աւարտած է ծրագիրը, որուն ծիրին մէջ տրամադրուած են անհրաժեշտ քանակի գիւղական արհեստագիտական միջոցներ եւ ջրարբիացուած են գիւղին արօտավայրերը:

Գուսանագիւղին մէջ ծրագիրի աւարտին նուիրուած արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգօ Կարապետեան, Համաշխարհային դրամատան Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Լորա Պէյլի, Շիրակի մարզպետ Ֆելիքս Ցոլակեան, Գիւղատնտեսական ծրագիրներու իրականացման գրասենեակի տնօրէն Գագիկ Խաչատրեան, այլ պաշտօնատար անձեր եւ հիւրեր: Ներկայ էր նաեւ ամերիկահայ բարերար Վարուժան Գունտաքճեան, որ կարեւոր մասնակցութիւն ունեցած է գիւղին մէջ ծրագիրին իրականացման եւ իր անմիջական ներդրումով աւարտած է ծրագիրը:

Ձեռնարկին ընթացքին Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Ս. Կարապետեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ Գիւղատնտեսական ծրագիրներու իրականացման գրասենեակը սոյն թուականի փետրուար ամիսէն «Համայնքներու գիւղատնտեսական պաշարներու կառավարման եւ մրցունակութեան» ծրագիրին զուգահեռ կը սկսի իրականացնել «Համայնքներու գիւղատնտեսական պաշարներու կառավարման եւ մրցունակութեան» երկրորդ ծրագիրը, որ կը շարունակէ եւս 100 գիւղի մէջ իրականացնել ծրագիրը եւ աջակցութիւն ցուցաբերել անասնապահութեամբ զբաղող տնտեսութիւններուն, ինչպէս նաեւ օժանդակել գիւղատնտեսական մթերքներու վերամշակումով զբաղող փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու` աւելցնելու իրենց արտադրանքին ծաւալները, բարձրացնելու արտադրանքի որակը, նպաստելու շուկայահանման կարելիութիւններու յաւելման:

Համաշխարհային դրամատան Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Լորա Պէյլի իր խօսքին մէջ նշեց, որ տպաւորուած է ծրագիրին արդիւնքներով եւ յոյս ունի, որ անոնք կը նպաստեն համայնքի բնակիչներուն կենսամակարդակին բարձրացման: Ընդգծելով, որ գիւղատնտեսութիւնը եւ գիւղը Հայաստանի տնտեսութեան սիրտն են, ան նաեւ աւելցուցած է, որ իրենց լաւագոյն ծրագիրները գիւղական համայնքներուն մէջ իրականացուածներն են: Ընդհանուր առմամբ այս համայնքին մէջ եւ ծրագիրի շրջանակներուն մէջ 150 միլիոն դրամի ներդրում կատարուած է, որուն կէսը ուղղուած է ջրարբիացման համակարգի կառուցմանը, իսկ մնացած միջոցներով ձեռք բերուած է գիւղատնտեսական սարքեր:

Գուսանագիւղին մէջ ջրարբիացման համակարգի կառուցման համար լիարժէք օգտագործելի դարձած են ո՛չ միայն նախապէս մասնակիօրէն օգտագործուող մօտաւորապէս 1000 հեկտար արօտներ, այլեւ անասուններու խմելու ջուրի բացակայութեան պատճառով ընդհանրապէս չօգտագործուող մօտաւորապէս 300 հեկտար արօտ:

Գիւղին գիւղատնտեսական սարքաւորումներու տրամադրման համար` գիւղը ֆինանսաւորած է արժէքին 50 առ հարիւրը:

Ծրագիրի շրջանակներուն մէջ իրականացուած ջրարբիացման աշխատանքի եւ գիւղատնտեսական սարքերու տրամադրման համար ձեռք կը բերուի միջին հաշիւով տարեկան մօտաւորապէս 74 միլիոն դրամ, իբրեւ եկամուտ:

Ծրագիրի շրջանակներուն մէջ իրականացուած միջոցառումներուն պարբերական դիտարկումի իբրեւ արդիւնք արձանագրուած է կաթնատուութեան 20 առ հարիւր աճ եւ մօտաւորապէս 19 առ հարիւր քաշաճ:

Ձեռնարկին աւարտին տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւն, որուն ընթացքին ծրագիրի իրականացման օժանդակելու համար Գուսանագիւղի գիւղապետարանին կողմէ պարգեւատրուեցան Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարը, Համաշխարհային դրամատան Երեւանի գրասենեակի տնօրէնը, Շիրակի մարզպետը, Գիւղատնտեսական ծրագիրներու իրականացման գրասենեակի տնօրէնը եւ ամերիկահայ բարերար Վարուժան Գունտաքճեան:

Ստեփանակերտի «ԹՈՒՄՕ»-ի Կեդրոն
Կը Յաճախեն Աւելի Քան 700 Պատանիներ

tumo_10-21-15

Ստեփանակերտէն, Շուշիէն եւ Ասկերանի շրջաններէն 12-18 տարեկան աւելի քան 700 արցախցի պատանիներ արդէն սկսած են յաճախելու Ստեփանակերտի «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոն: «ԹՈՒՄՕ»-ի կեդրոնին մէջ դասերը սկսած են 5 հոկտեմբերին, սակայն ընդունելութիւնը տակաւին կը շարունակուի:

Ապագայ ծրագրաւորող, 13-ամեայ Թամարա Սարգսեան առաջին անգամ «ԹՈՒՄՕ»-ի մասին լսած է Գիւմրիի մէջ, ուր այն ատեն տակաւին նոր բացումը կատարուած էր կեդրոնին:

«Երբ տեսայ Գիւմրիի «ԹՈՒՄՕ»-ն, կ՛երազէի, որ օր մը Ստեփանակերտի մէջ նման կեդրոն մը բացուի: Երազս իրականացաւ, ու ես այստեղ կայքերու ծրագրաւորում կը սորվիմ», ըսած է Թամարա:

Ստեփանակերտի «ԹՈՒՄՕ»-ի տնօրէն Վիգէն Բալայեանի համաձայն, իրենք պատրաստ են ընդունելու մինչեւ 900 դիմող: Սահմանուած տեղերու ամբողջացումէն ետք եւս կը շարունակուի դիմումներու ընդունելութիւնը: Ուշացածները կրնան արձանագրուիլ «սպասողներու ցանկ»-ին մէջ, որպէսզի եթէ կարելիութիւն եւ առիթ ըլլայ, միանան:

«Աշխատանքային երկրորդ շաբաթն է, եւ մենք շատ տպաւորուած ենք: Փոքրիկները շատ արագ կը կատարեն բոլոր վարժութիւնները, եւ մենք կը ստիպուինք աւելի բարդացնել զանոնք: Կը ջանանք կարելի եղածին չափ շատ նիւթ տալ, որովհետեւ այստեղի պատանիները շատ խելացի են», դիտել տուած է Վ. Բալայեան:

Հիմնական վարժութիւններէն բացի, շուտով պիտի սկսի առաջին յատուկ դասընթացքը, զոր պիտի վարէ իտալացի յայտնի ռազմական լուսանկարիչ Փիեռ Փաոլօ Ճիթոն:

«ԹՈՒՄՕ»-ի մէջ պատանիները կ՛ուսանին 4 հիմնական ուղղութիւններով` կայքեր, խաղերու, ժապաւէններու ստեղծում եւ գծանկարչութիւն:

«Օրրան»-ի 10-րդ Տարեկան Բարեգործական
Ընթրիքին Ընթացքին «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը
Նուիրած Է 50 Միլիոն Դրամ

_MG_5019

Վերջերս կայացած է «Օրրան» բարեգործական-հասարակական կազմակերպութեան 10-րդ տարեկան բարեգործական ընթրիքը: Ձեռնարկին նպատակն էր նիւթական միջոցներ հայթայթել` Երեւանի եւ Վանաձորի կեդրոններ այցելող մօտաւորապէս 200 կարիքաւոր փոքրիկի եւ միայնակ աւելի քան 90 տարեցի սնունդի, կրթական, ընկերային, հոգեբանական, բժշկական, մշակութային համալիր ծառայութիւններ մատուցելու համար:

Այս տարուան ընթրիքը եղած է յոբելենական. լրացած է «Օրրան»-ի գործունէութեան 15-ամեակը: Բարեգործական ճաշին մասնակցած են «Օրրան»-ի` տարբեր երկիրներէ եկած եւ հայաստանաբնակ բարեկամները: Հետաքրքրական ժամանցային ծրագիրով յագեցած երեկոյին ընթացքին մատուցուած են տարբեր ազգերու խոհանոցներու խորտիկներ, կազմակերպուած են աւանդական դարձած կենդանի աճուրդ եւ բարեգործական վիճակախաղ:

Ամէն տարի «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը իր զգալի ներդրումը կ՛ունենայ ընթրիքի նպատակին իրագործման հարցին մէջ: 2006-էն ցարդ ընկերութիւնը «Օրրան»-ի ծրագիրներուն իրականացման նպատակով կատարած է աւելի քան 331 միլիոն դրամի ներդրում: Այս տարուան ընթրիքին ընթացքին ընդհանուր առմամբ հաւաքուած է 74 միլիոն դրամ, որուն 50 միլիոնը նուիրած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը, իսկ 2 միլիոն 840 հազար դրամ` Եիրիկեաններու ընտանիքը:

«Կ՛ողջունեմ իր առջեւ չափազանց բարդ հարց դրած եւ համարձակ լուծումներ առաջարկող այս կազմակերպութեան նախաձեռնութիւնները, որոնց նպատակն է Հայաստանի մէջ խոցելի խումբերը` փոքրիկները եւ տարեցները մնայուն հոգածութեան կեդրոնին մէջ պահելը», նշած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:

 

Նախորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Պէյրութ Եւ Շրջակայքը Վայրագ Ռմբակոծումներու Տարափին Տակ

Յաջորդը

Ցեղասպանութիւնը Եւ Արխիւի Խնդիրը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?