Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայ-Իրանական Յարաբերութիւններու Մակարդակի Բարձրացման Ժամանակը Հասած Է» Նշեց Նախագահ Սարգսեան

October 16, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

iran_10-15-15

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 15 հոկտեմբերին ընդունած է պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Իրանի առաջին փոխնախագահ Էսհաղ Ճահանկիրիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Նախագահը ողջունած է հիւրը եւ ընդգծած, որ Հայաստանի մէջ միշտ ալ առիթը կ՛օգտագործեն խօսելու բարեկամ Իրանի հետ դարերու ընթացքին ձեւաւորուած ջերմ յարաբերութիւններուն մասին, որոնք Հայաստանի համար կենսական նշանակութիւն ունին եւ պայմանաւորուած են ո՛չ միայն պատմամշակութային ընդհանրութիւններով, այլ նաեւ փոխադարձ տնտեսական շահերով, աշխարհաքաղաքական դիրքի առանձնայատկութիւններով, շրջանային շարք մը խնդիրներու նկատմամբ ընդհանուր մօտեցումներով:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշած է, որ Հայաստան շահագրգռուած է Իրանի հետ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան եւ համագործակցութեան աւելի խորացումով, բոլոր մարզերուն մէջ: Նախագահը համոզում յայտնած է այն մասին, որ եկած է ժամանակը երկկողմանի օրակարգը ընդլայնելու եւ հայ-իրանական յարաբերութիւններու մակարդակը աստիճանով մըն ալ բարձրացնելու: Այս ծիրին մէջ նախագահը շատ կարեւոր նկատած է Ճահանկիրիի Հայաստան այցելութիւնը, որուն ընթացքին տեղի ունեցած  քննարկումներուն, ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն իբրեւ հետեւանք, նախագահին համոզումով, կարելիութիւնը կայ երկկողմանի յարաբերութիւններու նոր հանգրուանի մը սկիզբ դնելու:

Էսհաղ Ճահանկիրին շնորհակալութիւն յայտնած է հրաւէրին եւ ջերմ ընդունելութեան համար` Հայաստանի նախագահին փոխանցելով Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի ջերմ ողջոյնները: Իրանի նախագահի առաջին տեղակալը գոհունակութեամբ խօսած է Հայաստանի կառավարութեան մէջ ունեցած բանակցութիւններուն արդիւնքներուն մասին, նշած է, որ այցելութեան օրակարգը բաւական յագեցած է` Երեւանի մէջ նախատեսուած են շարք մը այլ հանդիպումներ, որոնք, ըստ իրեն, աւելիով պիտի ամրապնդեն կապերը բարի դրացիական յարաբերութիւններ ունեցող Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ: Էսհաղ Ճահանկիրի ընդգծած է, որ Հայաստանը, իբրեւ բարեկամ եւ դրացի երկիր, իր ուրոյն տեղը ունի Իրանի արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ: «Հայաստան մեր բարեկամը եղած է մեր ամէնէն դժուար ժամանակներուն եւ կը շարունակէ մնալ բարեկամ մը, որուն հետ Իրան պատրաստակամ է զարգացնելու ոչ մէկ սահմանափակում ունեցող յարաբերութիւնները», յայտնած է ան` կարեւոր նկատելով յատկապէս առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու աշխուժացումը:

Հայաստանի նախագահը եւ Էսհաղ Ճահանկիրի քննարկած են հայ-իրանական փոխադարձ գործակցութեան զարգացման առումով մեծ կարեւորութիւն ունեցող ուժանիւթի եւ փոխադրութեան մարզերուն մէջ նախատեսուած մեծ ծրագիրներու իրականացման ընթացքն ու փոխշահաւէտ այլ մարզերու մէջ նոր նախաձեռնութիւններու իրագործման հեռանկարը` նկատի առնելով Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ Հայաստանի հետ տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան աւելի լայն կարելիութիւնները:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձած են նաեւ շրջանի խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի բանակցային հոլովոյթին` կարեւոր նկատելով հիմնախնդիրի խաղաղ լուծումը միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն համապատասխան:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Միջին Արեւելքի, յատկապէս Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն շուրջ: Երկուստեք կարեւոր նկատած են սուրիական ճգնաժամի լուծումը երկխօսութեան, խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Սահնաուին

Յաջորդը

Նախագահը Կարեւոր Կը Նկատէ Ցեղասպանութեան Հարցով Գիտական-Հետազօտական Համաժողովները

RelatedPosts

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Այցելած Են  Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանատուն` Գրառում Կատարելով Սգամատեանին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Այցելած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանատուն` Գրառում Կատարելով Սգամատեանին Մէջ

March 5, 2026
Հայ-Իրանական Սահմանը Նորտուզի Անցակէտէն  Փակ Է Քաղաքացիներուն Համար
Հայկական

Հայ-Իրանական Սահմանը Նորտուզի Անցակէտէն Փակ Է Քաղաքացիներուն Համար

March 5, 2026
Միրզոյեան Քալլասի Եւ Պարոյի Հետ  Քննարկած Է Միջին Արեւելքի Իրավիճակը
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Քալլասի Եւ Պարոյի Հետ Քննարկած Է Միջին Արեւելքի Իրավիճակը

March 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.