Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մակ, Մակերեւոյթ… Մակոյկ

October 13, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

mag_10-13-15

Սովորութիւն դարձած է աշնանային առաջին օրերուն Նիւ Եորքի մէջ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը գումարել, որուն կը մասնակցին նախագահներ եւ վարչապետներ:

Բառին բուն իմաստով գագաթներու ժողովն է, որ կը կատարուի այդ քանի մը օրերուն եւ բեմ կը ներկայանան զանազան երկիրներու ներկայացուցիչներ` փոխանցելով իրենց պատգամը:

Հաւանաբար ժողովրդային բառապաշարով եւ ասացուածքով շատ աւելի դիւրին է ներկայացնել իրավիճակը. «Ամէն մարդ իր ցաւը կը պատմէ»: Անշուշտ ներկայացնելու ոճն ու ձիրքը ունին իրենց դերն ու կարեւորութիւնը:

Քննադատելու կամ նսեմացնելու համար չեն այս նկարագրութիւնները:

Ընդհակառակը, իսկական պատկերն է, որ կը ներկայացուի: Իսկ այս պաշտօնական բեմերու ելոյթներէն շատ աւելի կարեւոր եւ արդիւնաբեր են սեղմ շրջանակներով, երբեմն միայն գլուխ գլխի կատարուած հանդիպումները, որոնց ընթացքին շատ աւելի կարեւոր նիւթեր կ՛արծարծուին եւ որոշումներ կը տրուին, քան` ՄԱԿ-ի նշանակով օժտուած այդ հանրածանօթ ժողովասրահէն:

Աշխարհի չորս ծագերուն, հակառակ գոյութիւն ունեցող զանազան հարցերուն` յստակ է, թէ ՄԱԿ-ի վեհաժողովի 70-րդ նստաշրջանին կիզակէտը

Սուրիոյ թնճուկն էր:

Տնտեսական դաժան կացութեան մէջ գտնուող թէ՛ Երրորդ աշխարհի եւ թէ՛ եւրոպական կարգ մը երկիրներէն ներս ստեղծուած իրավիճակը, Պուրքինա Ֆասոյի, Մալիի, Ուքրանիոյ կամ նոյնիսկ Արցախի հիմնահարցերը լուսանցքի մէջ կը գտնուէին… Սուրիոյ մէջ ստեղծուած ահազանգային կացութեան պատճառով:

Լուծո՞ւմ… բեմերէն շատ բաներ խօսուեցան, որոնց արդիւնքները այդքան ալ կարեւոր եւ անկիւնադարձային չէին, համեմատած այդ թաքուն, ընտրանիներու կատարած «փակ» նիստերուն:

Սակայն, դժբախտաբար, ցայսօր ոչ մէկ բան փոխուած է ապահովական գետնի վրայ: Ճակատումները, բախումներն ու սաստիկ ռմբակոծումները կը շարունակուին: Ռուսական եւ ֆրանսական օդուժներն ալ միացած են ամերիկեան եւ անշուշտ տեղւոյն սուրիական բանակի օդուժին` շարունակելու համար ռմբակոծումներ, թիրախ ունենալով Իսլամական պետութեան կեդրոններ:

Դեռ աւելի ցաւալին, սակայն, ՄԱԿ-ի այս վեհաժողովի մակերեւոյթն է. մակոյկը:

Ո՛չ թէ միայն մէկ կամ երկու, այլ տասնեակներով մակոյկներ, հազիւ ջուրին մակարդակին հետ ծփացող մակոյկներ, որոնք յատկապէս թուրք վաճառականներու հովանաւորութեամբ ստեղծած են ծովային խարխուլ եւ վտանգաւոր կամուրջ մը` փոխան բաւական սուղ գումարի մը, փոխադրելով այդ ահաւոր կացութենէն խոյս տուող անմեղներ դէպի «դրախտ» նկատուող եւրոպական կղզիներ:

Թէ ի՛նչ որոշում տուաւ ՄԱԿ-ը, այս մակոյկներուն եւ մակերեւոյթին դէմ…

Հաւանաբար դեռ շատեր ծովամոյն եւ խեղդամահ պիտի դառնան` կրկնելով քանի մը շաբաթ առաջ, հազիւ երեք գարուններ բոլորած Այլան Քիւրտիի անողորմ եւ աղէտալի պատկերը:

 

 

Նախորդը

Տեղեկատուական Գործողութիւններ. Պատմութիւն Եւ Արդիականութիւն ( Ա. Մաս )

Յաջորդը

Նամականի

RelatedPosts

Քոնկրեսականներ Արցախցիներու Վերադարձին  Եւ Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Կոչեր Ուղղեցին
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսականներ Արցախցիներու Վերադարձին Եւ Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Կոչեր Ուղղեցին

September 18, 2026
Հայ Հոգեւոր Առաջնորդները Սպիտակ Տան Մէջ  Հանդիպում Ունեցան Թրամփի Հետ
Հայկական

Հայ Հոգեւոր Առաջնորդները Սպիտակ Տան Մէջ Հանդիպում Ունեցան Թրամփի Հետ

September 18, 2026
Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ`  Տեղական Ինքնակառավարման  Ընտրութիւններու Հետ Կապուած
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ` Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններու Հետ Կապուած

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.