ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր բարեձեւութեան եւ առողջութեան հոգ չէք տանիր. լաւ է, որ քիչ մը թեթեւ մարզանքներու հետեւիք, ինչ որ պիտի նպաստէ նաեւ ձեր տրամադրութեան:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ընտանիքին մէջ բոլոր գործերը դուք ստանձնած էք, ինչ որ սխալ է. պէտք է պարտականութիւնները բաժնուիլ, ձեր կրցած գործը ընտանիքին միւս անդամներն ալ կրնան ընել:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Այսօր ձեր տրամադրութիւնը շատ բարձր է եւ ձեր օրը պիտի տրամադրէք ձեր զաւակներուն, որոնք մեծ հաճոյքով պիտի հետեւին ձեզի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Անսակարկ կը նուիրուիք եւ օգնութեան կը հասնիք. անշուշտ լաւ նկարագիր մըն է, սակայն ձեր հանգիստի մասին ալ մտածեցէք, որպէսզի կարենաք օգտակար ըլլալ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Շատ կարեւոր որոշումներ ունիք տալու եւ մտահոգ էք. դուք ձեր կարողութիւնը լաւ գիտէք. առանց տատամսելու գործադրեցէք եւ յաջողութիւնը դիմաւորեցէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ինքնագլուխ էք եւ ուրիշներուն կարծիքը կարեւոր չէ ձեզի համար. գոնէ այսօր կարեւոր գործի մը համար ձեր շուրջիններուն կարծիքը մի՛ մերժէք, որպէսզի յաջողութիւն ունենաք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Բարեկամի մը հետ նոր գործի մը պիտի ձեռնարկէք. անվարան գործի լծուեցէք, քանի որ ձեր բարեկամը արդէն փորձառու է եւ կրնայ գործը լաւ ընթացքի մէջ դնել:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր ասպարէզին մէջ նորութիւններ պիտի աւելցնէք. ձեր շուրջինները պիտի ուզեն օգտակար ըլլալ ձեզի. օգտուեցէք այդ առաջարկէն, որպէսզի դիւրութեամբ կատարէք ձեր գործը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Այսօրուան համար ճամբորդութիւն մը կը նախատեսուի, որ միայն ձեր ասպարէզին համար է. պիտի հանդիպիք եւ ծանօթանաք կարեւոր անձերու, որոնք իրենց խորհուրդներով օգտակար պիտի ըլլան ձեզի:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Բացայայտօրէն արտայայտեցէք ձեր միտքերը եւ ծրագիրները. մարդիկ կրնան օգտակար գաղափարներ տալ ձեզի. անոնց կարծիքները մի՛ անտեսէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ ձեր շուրջը անհասկացողութիւններ կան, անմիջապէս մի՛ պատասխանէք, սպասեցէք, որ մթնոլորտը հանդարտի եւ վերջը մատնանշէք եղած սխալները: Դիւանագէտ եղէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Այսօր դժուարութեամբ պիտի արթննաք եւ աշխատանքի երթալ պիտի չուզէք. կազդուրուեցէք եւ գործատեղի գացէք, որպէսզի օրը չթունաւորուի: