ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Շատ վերապահ էք, նոյնիսկ ձեր սէրը յայտնելու դժուարութիւնը ունիք: Ձեր զգացումները արտայայտելու մի՛ վարանիք, որպէսզի աւելի դիւրին ապրիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Կարգ մը սխալներ ձեզի փորձառութիւն պիտի բերեն եւ ձեզի աւելի լաւ ծրագիրներ պիտի յայտնաբերեն, որոնք մեծ յաջողութեամբ պիտի պսակուին:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Աշխատանքի դժուարութիւն ունիք: Եթէ գործով մը հետաքրքրուած էք, ձեռնարկեցէք այդ գործին: Ժամանակի ընթացքին յաջողութիւն պիտի ունենաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ ձեր գործը կը գնահատուի ձեր վարպետներէն, մի՛ վարանիք յաւելում մը պահանջելու: Ձեր պահանջը պիտի կատարուի:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր պաշտօնատեղիին մէջ կատարեալ համերաշխութիւն կը տիրէ, որուն շնորհիւ ձեր գործը միշտ յաջողութեամբ կը պսակուի: Նոյն ընթացքով շարունակեցէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Անհամբեր էք եւ կ՛ուզէք, որ ամէն գործ շուտով վերջանայ: Հանդարտութեամբ եւ մտածուած կատարուած գործ մը աւելի յաջողութիւն կը գտնէ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Վերամուտ է: Հաճելի արձակուրդէ մը ետք լաւ տրամադրութեամբ պիտի վերագտնէք ձեր գործակիցները եւ նոր թափով պիտի ստանձնէք ձեր գործը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մեծ խանդավառութեամբ նոր գործի մը ձեռնարկած էք. ինքնավստահ էք եւ քայլ առ քայլ պիտի յառաջդիմէք: Համբերութեամբ ամէն դժուարութիւն պիտի չքանայ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մեծ գործերու մէջ մխրճուած էք եւ օգնութեան կարիքը ունիք: Մի՛ մտահոգուիք, բարեկամները ձեզի օգնութեան պիտի հասնին եւ ձեր գործը պիտի դիւրացնեն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր ծրագիրները բազմաթիւ են. աճապարելու պէտք չունիք, իւրաքանչիւր ծրագիր ժամանակի ընթացքին պիտի կատարուի եւ այսպէս` յաջորդաբար:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր աշխատատեղիին մէջ ընտրեցէք ձեր գործակիցները. ամէնքը նոյն կարողութիւնները չունին. լաւ ընտրութենէ մը ետք գործը աւելի արդիւնաբեր կ՛ըլլայ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Աշխատանքի նոր դուռ մը պիտի բացուի ձեր դիմաց: Մի՛ մերժէք, որովհետեւ ձեր ապագան այդ գործէն կախեալ է: Յաջողութիւն: