ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Անցեալները 1954 թուականը կրող «Անի» ամսագրի հին ու գունաթափ թիւ մը ինկաւ ձեռքս:
Հաճոյքով թղթատեցի զայն, ընթերցումներ կատարեցի հոսկէ-հոնկէ, մասնաւորաբար հետաքրքրուելով, թէ որո՛նք աշխատակցեր էին գրական որակաւոր այս պարբերականին:
«Անի»-ն լոյս տեսած է լիբանանահայ գրագէտ-բանաստեղծ Վահէ-Վահեանի (1908-1998) խմբագրութեամբ, Պէյրութ, 1946-1955: Ժամանակաշրջան մըն էր ասիկա, երբ սփիւռքեան իւրաքանչիւր գաղութ ունէր իր գրական պարբերաթերթը, երբեմն` մէկէ աւելի: Պոսթընը ունէր «Հայրենիք» ամսագիրը, Նիւ Եորքը` Բենիամին Նուրիկեանի «Նոր Գիր»-ը, Գահիրէն` «Յուսաբեր» ամսագիրը (համանուն օրաթերթին կողքին), Պոլիսը` Կեդրոնականի «Հանդէս Մշակոյթի»-ն ու Մխիթարեանի «Սան»-ը, Թեհրանը` «Նոր Էջ»-ը, Պէյրութը` «Ակօս»-ը, «Ծիածան»-ն ու Ծառուկեանի «Նայիրի»-ն, Փարիզը` Հրանդ Բալուեանի «Զուարթնոց»-ն ու Բիւզանդ Թոփալեանի «Անդաստան»-ը…
Երջանի՜կ շրջան, քանի որ մեծ էր թիւը գրականութիւն մշակողներուն, ու արհամարհելի չէր թիւը գրականութեան ընթերցողներուն ալ:
«Անի»-ի 1954-ի այս թիւը յուշեց ինծի, թէ այդ թուականներուն վրայէն սահեր-անցեր են աւելի քան վաթսուն տարիներ:
Վաթսուն տարուան ամսագիր մը կար ափերուս մէջ, ու հոն կը տողանցէին թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ սփիւռքէն ծանօթ անուններ:
Վահէ-Վահեան բծախնդիր ու խստապահանջ խմբագիր մըն էր, միաժամանակ` կրթական հեղինակաւոր մշակ մը, որ «Անի»-ի միջոցով գեղարուեստական ճաշակաւոր գրականութիւն կը մատուցէր ընթերցասէր հանրութեան` ամսէ ամիս, հաւատքով ու լրջագոյն մերձեցումով:
Որո՞նք կային ամսագրին այս միակ թիւին մէջ:
Նախ` Վախթանգ Անանեանը: Որսորդական պատմուածքներու այս անկրկնելի գրողը հոս ստորագրած է չորս կարճ պատումներ` առաջնորդելով մեզ դէպի Հայաստանի ծառախիտ լեռները, հետապնդելու համար այծեամներն ու լօրիկները…
Լիբանանէն տոքթ. Տիգրան Վարժապետեան պատմուածք մը ստորագրած է` ամերիկահայ կեանքէն վերցուած: Այլ պատմուածքի մը հեղինակն ալ Սարգիս Վահագնն է, որ հաւանաբար միակ անուն է` որ դեռ ի կեանս է 2015-ին:
Բանաստեղծութիւններ ունին` Ս. Սահակեան, Սիլվա Կապուտիկեան, Գառնիկ Ադդարեան, Վարուժան Պետիկեան, Յ. Մաթեան եւ Յովհ. Շիրազ, որ «Մարդկանց անունները» խորագրեալ իր չափածոյ երկարաշունչ գրութեամբ խստօրէն կը պախարակէ այն հայերը, որոնք օտար անուններով կը մկրտեն իրենց զաւակները… Շիրազ ի միջի այլոց կը գրէ.
Մի Յասմիկ է երբ մէկն ասում`
Կարծես ծաղիկն ինքն է խօսում:
Թէ ի՛նչ Հոռոմ, երբ կայ Նուարդ,
Նուարդն ինքն էլ հայրենի վարդ:
Թէ ի՜նչ ասեմ ես էն հային,
Որ սէր չունի էլ ազգային,
Որ մայր հողից չի ամաչում`
Իր հայ որդուն Ջոն է կանչում,
Կամ այլ մի բան, եւ անվրդով
Ամէն որդու մի ծնունդով
Թաղում անուն մի հայկական…
Այս է ցաւը, ո՛վ մտակոյր,
Պահիր անունդ հայրենաթոյր:
Պահիր Աստղիկն ամենագեղ`
Անո՛ւնն անգամ բախտի կանթեղ.
Պահիր քո այս Ցօղիկն անոյշ,
Այս նայիրեան Շողիկն անոյշ,
Այս Ծովինարն իմ ծովաքոյր,
Այս ՆունուՖարն անուշաբոյր,
Այս Երազիկն իմ նազելի,
Այս իմ Նազիկն երազելի,
Այս Նարինէն իմ նազիրան,
Այս Կարինէն մեղրաբերան,
Այս Մանուշակն անուշահոտ,
Այս Սիրարփին սիրակարօտ,
Այս Գայիանէն իմ գեղանի,
Այս Անահիտն հուր ու գինի,
Այս իմ Նեկտարն հայրենաբոյր,
Անո՛ւնն անգամ մեզ հող ու ջուր.
Այս իմ Արմէն, Արմենուհին,-
Անունն ինչո՛ւ զոհես մահին.
Այս Մարգարիտն իմ ծովագանձ,-
Գանձերդ ինչո՞ւ թողնես կորած:
Կամ երբ մի նոր մանչ ես ծնում,
Անունն ինչո՞ւ Հայկ չես դնում,
Անո՛ւնն անգամ զրահ հագին.
Կամ ի՞նչ վատ է մի Գարեգին,
Կամ այս Շաւարշն հայրենաշէն,
Այս իմ Տիգրանն ու Եղիշէն,
Այս իմ Արան գեղեցկաթով,
Այս իմ Մհերն իր քաջ Դաւթով,
Այս իմ Վահանն ու Վրթանէս.
Քո վահաններն ինչո՞ւ վանես,
Անո՛ւնն էլ քեզ բերդ ու վահան`
Ընդդէմ չարի ու չար անուան:
Երբ կը դարձնենք «Անի»-ի էջերը, իր անձնական «Օրագիր»-էն փրցուած էջերով մեր դիմաց կը ցցուի նաեւ ֆրանսահայ արձակագիր Զարեհ Որբունին: Օրագիրներու այս փունջը կը կրէ 1950 թուականը:
Արձակագիր Անդրանիկ Սարեան, Իրանի Ապատան քաղաքէն, մեզի կը ծանօթացնէ պարսկահայ մանրանկարիչ Աբրահամ Գուրգէնեանի արուեստը:
Ալեքսանտր Սարուխան, Գահիրէէն, ունի ծաղրանկար մը` դաշնակահար ՐաՖՖի Պետրոսեանը մարմնաւորող:
Վերջաւորութեան կան երկու գրախօսականներ` նորատիպ գիրքերու մասին:
Թիւը 56 էջ է, բովանդակալից ու շահեկան:
Ամսագրին շապիկին Բ. էջին վրայ ծանուցուած է անունները այն գրասէր հայորդիներուն, որոնք մէկ տարուան «Անի» նուիրած են իրենց բարեկամներուն: Այդ տարիներուն գեղեցիկ սովորութիւն մըն էր ասիկա, որ մեծապէս կը սատարէր նմանօրինակ հրատարակութիւններու տարածումին` միեւնոյն ատեն խթանելով ընթերցանութիւնը: Այսպէս, տոքթ. Գարեգին Վարդապետեան (Պէյրութէն) տարուան մը «Անի» նուիրած է Մարի Տումանեանին (Պէյրութ), Նուպար Մարթայեան (Պէյրութէն)` Ա. Մարթայեանին (Պէյրութ), Հրայր Տէօքմէճեան (Լոս Անճելըսէն)` Հրանդ Տէօքմէճեանին (Հալէպ), եւ Լիւսի Եղիայեան (Անթիլիասէն)` Ճ. Կիւլմեզեանին (Մոնրէալ):
Պատկերազարդ պատմութիւն հայոց…
Հալէպ