Երէկ` չորեքշաբթի, 23 սեպտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը:
Նկատի ունենալով, որ խումբերը ընդամէնը ութ են, մրցաշարքը կը սկսի քառորդ աւարտականէն` ստորեւ տրուած յայտագիրին հիմամբ.
Միքա – Շիրակ
Փիւնիկ – Գանձասար Կապան
Ուլիս – Բանանց
Ալաշկերտ – Արարատ
Սկիզբը նշուած խումբերը երթի մրցումները կը կատարեն իրենց դաշտերուն վրայ:
Նշենք, որ կիսաւարտականին, առաջին մրցումին իրարու դէմ կը ճակատին Միքա – Շիրակ եւ Փիւնիկ – Գանձասար – Կապան մրցումին յաղթականները, իսկ երկրորդին` Ուլիս – Բանանց եւ Ալաշկերտ – Արարատ մրցումին յաղթականները: