Այսօր` հինգշաբթի, 24 սեպտեմբերին, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին Հայաստան – Միքա մրցումը, որ կը կրէ Յակոբ Տոխոյեանի անունը:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ այս մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ Սուրէն Բալիեան, իսկ կողմի իրաւարարները` Մեսրոպ Ղազարեան եւ Էդիկ Արեւշատեան: