Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ Հարաւային Քորէայի Մունկեոնկ քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք բանակայիններու 6-րդ աշխարհի ախոյեանութեան, Հայաստան հանդէս պիտի գայ 6 ըմբիշով (4-ը` յունահռոմէական ոճի):
Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Եւրոպայի երիտասարդներու կրկնակի ախոյեան Գէորգ Ղարիբեան (59 քկ), երիտասարդներու աշխարհի ախոյեան Կարէն Ասլանեան (66 քկ), միջազգային մրցաշարքերու յաղթական Ռաֆայէլ Ալեքսանեան (71 քկ) եւ 23 տարեկանէն վար Եւրոպայի փոխախոյեան Սարգիս Քոչարեան (80 քկ):
Ասիկա յունահռոմէական հաւաքականին կազմն է, որուն կու գան միանալու ազատ ոճի 2 ըմբիշները:
Նշենք, որ երիտասարդական հաւաքականին այդ 4 ըմբիշներուն գլխաւոր մարզիչն է Արմէն Պապալարեան:
Հայկական աղբիւրը իր այս լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ յունահռոմէական ըմբշամարտի բանակայիններու աշխարհի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 7-9 հոկտեմբերին: