Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Սահմաններն Անառիկ Են…» (Կ՛ըսէ Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուորական Կոմիսարի Տեղակալ, Գնդապետ Սուրէն Գալստեան)

Սեպտեմբեր 21, 2015
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց եւ խմբագրեց`
ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ

12023160_618759654929077_1861096715_nՀայոց սահմանին թշնամիին կողմէն շարունակ կրակոցներ են, սադրանքներ, տեղեկատուական պատերազմ…

Արցախի Հանրապետութեան ազատագրական պայքարի, յաղթանակի, ապա հերթափոխը ստանձնող հայ զինուորի մասին կը պատմէ գնդապետը, որուն կեանքի ուղին անցեր է արցախեան պատերազմէն մինչեւ խաղաղութիւն, մինչեւ մեր զոյգ հանրապետութիւններու ազատութիւնն ու անկախութիւնը, մինչեւ` ճակատագիրն իր ձեռքով տնօրինելու մեր ժողովուրդի լիարժէք կամքի ու իրաւունքներու վերադարձը:

Հ.- Ե՞րբ զգացիք զինուորականի կոչումը ձեր մէջ:

Ա. Գ.- Ես ծնունդով Մարտակերտէն եմ: Մեր տարեցներէն ոմանց կարծիքով, քաղաքի անուան արմատը մարտն էր, ոմանց կարծիքով ալ` մարդը:

Խորհրդային տարիներուն մենք կ՛ապրէինք ազերիներուն հետ` կողք-կողքի, ուր ակնառու էին հայերուս հանդէպ խտրականութիւնն ու անհաւասար իրաւունքները:

Թէ՛ դպրոցը, թէ՛ ընտանիքը մեզ կը կերտէին ազատագրական պայքարի ոգիով: Մեր մանկութեան սիրած խաղալիքը զէնքն էր, մեր խաղերն անգամ զինուորական էին, «բանակ-բանակ», «զինուորական գաղտնիք»… Մարտակերտի մէջ,  ընտանիքէն ու դպրոցէն զատ, փողոցն ալ մեզ կը կերտէր իբրեւ մարդ ու մարտիկ` դարձնելով մեզ հայրենասէր ու ազատատենչ անհատներ:

Հ.- Ո՞րն էր ձեր առաջին քայլը դէպի զինուորական ասպարէզ:

Ս. Գ.- 1985-ին Մարտակերտի միջնակարգ դպրոցը գերազանցութեամբ աւարտելէս ետք հայրս զիս առաջնորդեց Պաքու, ուր քննութիւններ պիտի յանձնէի Մոսկուայի Սուվորովի անուան ռազմական դպրոց ընդունուելու համար, սակայն չընդունուեցայ պարզապէս հայ ըլլալուս պատճառով:

Շարունակելով ուսումս եւ աւարտելով Մարտակերտի երկրորդական վարժարանը, փոխադրուեցայ Հայաստան: 1988-ի արցախեան շարժման օրերը անչափ սպասուած էին ինծի համար:

Մեր ժողովուրդին համար ճակատագրական ժամանակներ էին, զարթօնքի տարիներ, սակայն ողբերգական իրադարձութիւնները արագօրէն կը յաջորդէին իրարու. Սումկայիթի, Պաքուի ջարդեր, պատերազմ… 1992-ին աւարտելով Երեւանի ճարտարապետա-շինարարական համալսարանը, դասընկերներուս հետ որոշեցինք վերադառնալ Մարտակերտ, հայրենի քաղաքն ու երկիրը ազերիներէն ազատագրելու նպատակով:

Հ.- Այլ ընտրանք ունէի՞ք, թէ՞ վերադարձը հանգամանքներու պարտադրանքն էր:

Ա. Գ.- Արդէն իսկ անկախացած Հայաստանի մէջ աշխատանքի համար լայն հեռանկարներ կային, Ռուսաստան մեկնելու հեռանկարն ալ նուազ գայթակղիչ չէր, սակայն եկած էր պահը, երբ մանկութեան խաղերը պէտք էր լրջանային:

Հ.- Ովքե՞ր դարձան ձեր լուրջ ռազմական «խաղընկերները»:

Ա. Գ.- Անմիջապէս զինուորագրուեցայ Վլատիմիր Պապայեանի ջոկատին, որուն հետ ծանօթացած էի 1990-ին` Երեւան: Ծանօթացայ շարժման ղեկավար, դաշնակցական Վիգէն  Շիրինեանին հետ: Նոր միջավայրի երկաթեայ կարգապահութիւնը անչափ կը հրապուրէր զիս:

Մանկութեան հեքիաթները կորսուեցան երկինքէն թափուող ռումբերու մշուշին մէջ: Պատերազմ էր, իսկական պատերազմ, ուր խօսքերը սպառած էին եւ կը գործէր «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն»  կարգախօսը:

Զինակից ընկերներս առիւծի պէս տղաք էին:

Գրոհայինները` Սամանտար Անտոնեան, Ռաֆիկ Խաչատրեան, նորատաղցի Գագիկ, Լեովա Կարապետեան, ճանաթաղցի Սամուէլ, Վլատիմիր Պալայեան, Անարխիստ Ժորիկ, Գարիկ Պօղոսեան, կարմիրաւանցի Եաշա, Վակիֆ Գալուստեան, Սասուն Յակոբեան, Կամօ Մամունց, Լէոնիտ Ազկալտեան… Երիտասարդներ էին, որոնց կը հաւատային եւ կը հետեւէին հարիւրաւոր հերոսներ:

Հ.- Ի՞նչ հիմնական թերութիւններ կային մեր ռազմավարութեան մէջ:

Ս. Գ.- Թերութիւններէն մէկն այն էր, որ ամէն կուսակցութիւն հայթայթած զէնքը  կը բաժնէր իր շարքայիններուն` փոխանակ տրամադրելու այնտեղ, ուր ծայրայեղ անհրաժեշտութիւն կը զգացուէր: Չկայ գործընթաց` առանց թերութիւններու, կարեւորը` զգալ եւ ժամանակին շտկել թերութիւնը:

Հ.- Իսկ ի՞նչ դիրքի վրայ էին մեր երկրի այսօրուան առաջին դէմքերը:

Ս. Գ.- Նախագահ Սերժ Սարգսեանը այն ժամանակ Արցախի ինքնապաշտպանական կոմիտէի ուժերու հրամանատարն էր, որ սկսաւ շինիչ յարաբերութիւններ մշակել Ռուսաստանի հետ, յատկապէս` զէնքի ձեռքբերման հարցով: Ան կը համադրէր ինքնապաշտպանական ջոկատներու բոլոր գործընթացները եւ հարուածի ուղղութիւնները: Նախարար Սէյրան Օհանեանը Շուշիի ազատագրման` Ջանհասանի ուղղութեան գումարտակի հրամանատարն էր, «Հարսանիք լեռներում» գործողութեան կարեւորագոյն դէմքերէն մէկը, այնուհետեւ Մարտակերտի ուղղութեան հրամանատարը, ուր ծանր կերպով վիրաւորուեցաւ` կորսնցնելով ոտքը: Ռոպերթ Քոչարեանը Պետական պաշտպանութեան կոմիտէի նախագահն էր:

Զօրավար Մանուէլը առաջին անգամ փոքր ջոկատով յայտնուեցաւ, ապա ջոկատը մեծցաւ եւ մասնակցեցաւ մեր բոլոր մարտերուն` մեծ դեր խաղալով Մարտակերտի ազատագրման գործին մէջ: Հնարաւոր չէ խօսիլ բոլորի մասին:

Հ.- Դուք ձեր մասին չէք խօսիր. 1993-ի յունիս 27-ին Մարտակերտը ազատագրող ջոկատի հրամանատարն էիք:

Ս. Գ.- Իմ մասիս ալ հաւանաբար կը խօսին զինակից ընկերներս: Զինուորականը չի կրնար խօսիլ իր սխրանքներուն մասին, չի կրնար փառասէր կամ յաւակնոտ ըլլալ, սպասել կոչումներ ու շքանշաններ: Եթէ արժանի ես, փառքը ի՛նքը կու գայ քու ետեւէդ:

Հ.- Ինչի՞ կրնան յանգեցնել անարդարացի կոչումներն ու խրախուսանքները:

Ս. Գ.- Բանակի մէջ անարդարացի կոչումներն ու խրախուսանքները կրնան հանդիսանալ որպէս քայքայիչ գործօն, ինչը բացակայ է մեր բանակին մէջ:

Հ.- Գիտեմ, որ դուք թատերասէր էք: Նոյնը կարելի է ըսել նաեւ թատերակա՞ն ասպարէզի մասին:

Ս. Գ.- Դերասանն ալ թատրոնի ու բեմի զինուորն է եւ անարդարացի խրախուսանքներու պատճառով նոյն քայքայիչ գործօնը կրնայ կատարուիլ թատրոններուն մէջ:

Հ.- Դուք Ցվեթանա Փասքալեւայի «Նուիրեալներ» վաւերագրական ժապաւէնի իրական հերոսներէն էք: Այդ ժապաւէնը առիթ ունեցաւ դիտելու նաեւ լիբանանահայ հանրութիւնը: (https://www.youtube.com/watch?v=f0IUn7oU7dg&app=desktop)

Ի՞նչ կը զգայ այսօրուան գնդապետ Սուրէն Գալստեանը, երբ կը դիտէ ժապաւէնը, ուր շեշտուած է 20-ամեայ ազատամարտիկի տպաւորիչ անհատականութիւնը:

Ս. Գ.- Անցեալի համար եւ զինակից ընկերներուս հանդէպ` հպարտութիւն, ապագայի համար` լաւատեսութիւն, իսկ սխալները կը համարեմ իբրեւ դաս:

Հ.- Ո՞ր տխուր դրուագն է, որ խորը հետք ձգած է ձեր յիշողութեան մէջ:

Ս. Գ.- Պատերազմը ինքնին տխուր ու ողբերգական դրուագներու շարք մըն է: Մարտակերտի ու ամբողջ Արցախի շրջափակումը, երբ ազերիներու օգտին յայտարարուած յատուկ դրութեան պայմաններուն մէջ խորհրդային բանակը ազերի դահիճներուն հետ կը չարչարէր մեր գերիները: Ստիպուած էինք շարունակ համալրել մեր շարքերու ընտրեալ տղոցմով: Այն հրամանատարը, որ խաղաղ  բնակչութեան կամ գերիներու նկատմամբ բռնութիւն կը կիրարկէ, կ՛ենթարկուի բարոյական քայքայման` կորսնցնելով հակառակորդի նկատմամբ յաղթանակ ձեռք բերելու ունակութիւնը: Մենք պատերազմը կը վարէինք քաղաքակիրթ ոճով:

Հ.- Այդ օրերուն ի՞նչ զգացումներ կը տիրէին պարզ քաղաքացիներուն մէջ:

Ս. Գ.- Աւագ սերունդը կողմնակից էր Արցախի ու Հայաստանի վերամիաւորումը խաղաղ բանակցութիւններու ճամբով իրագործելուն, սակայն պատերազմն անխուսափելի էր:

Այլեւս «Չկար ելք ու ճար» եւ մենք` երիտասարդ «խենթերս» պէտք էր գտնէինք հնար:

Հ.- Այժմ, ժամանակի հեռուէն, ինչպէ՞ս կը գնահատէք մեր ներկան:

Ս. Գ.- Արցախն այսօր ինքնիշխան, ազատ ու անկախ այնպիսի պետութիւն է, որ կրնայ իր օրէնքներով, կարգ ու կանոնով, հզօր բանակով ու մշակոյթով օրինակ ծառայել աշխարհի շատ մը առաջադէմ երկիրներու համար:

Խաղաղ բնակչութեան ոտքը ամուր է իր հողին վրայ: Մեր սահմանները անառիկ են:

Հ.- Ի՞նչ խնդիրներ կան այսօր` զօրակոչի առումով:

Ս. Գ.- Զօրակոչը կը համարուի զօրահաւաքի բաղկացուցիչ մասը, որ իր կարգին համապատասխան կարեւորագոյն ձեռնարկ մըն է:

Մեր դպրոցներուն մէջ զինակոչիկը արդէն իսկ անցած է նախազօրակոչային պատրաստութիւն` ռազմահայրենասիրական դաստիարակութեան պարունակին մէջ: Զինուած ուժերու հրամանատարութիւնը մեծ աշխատանք կը կատարէ այդ ուղղութեամբ: Իւրաքանչիւր 18 տարին բոլորած զինակոչիկ պատիւ կը զգայ ծառայելով աշխարհի եզակի բանակներէն մէկուն մէջ, որ մշտապէս մարտական հերթապահութեան մէջ է` գիտակցելով պատասխանատուութեան ամբողջ ծաւալը:

Մեր զինուած ուժերը մշտապէս կը համալրուին պարտադիր ժամկէտային զինակոչիկներով եւ պայմանագրային ծառայողներով: Ծառայելու փափաք կը յայտնեն նաեւ արտասահման ապրող հայաստանցի 18-ամեայ երիտասարդները:

Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագիր ստացած սփիւքահայ երիտասարդներէն ոմանք, ապրած ըլլալով այլ բարքերու մէջ, որոշ դժուարութիւններ կ՛ունենան, սակայն շուտով կը վարժուին մեր բանակի պայմաններուն: Մեր շրջաններէն զօրակոչուած երիտասարդներուն մէջ առաւել բարձր է մարտական ոգին: Կան նաեւ հարկադրուած ծառայողներ, որոնք ամիսներ անց կը հետեւին գաղափարի մարտիկներուն: Ծառայութեան ընթացքին մեր զինուորները կը դառնան մարտական եղբայրներ` գիտակցելով, որ իրենց թիկունքին հայրենի հողն է, մեր ծնողքը, քոյրերն ու եղբայրները, մեր երեխաները…

Հ.- Իսկ հակառակո՞րդը:

Ս. Գ.- Ճիշդ չ՛ըլլար թերագնահատել թշնամին:

Ազերիները Թուրքիոյ մէջ ռազմական պատրաստութիւն կ՛անցնին: Թուրքիան հզօր ուժ է Ազրպէյճանի թիկունքին: Մենք հող հայրենին կը պաշտպանենք, իսկ անոնք շարունակ սադրանքներ կը կազմակերպեն, կրակոցներով կը խախտեն իրենց իսկ կողմէ առաջարկուած զինադադարը, ամէն ատեն սուղ վճարելով ռազմամոլ վարքի համար:

Հ.- Ի՞նչ է ձեր կարծիքը արտագաղթի մասին, որ այսօր մեծ աղէտ մըն է թէ՛ մեր քաղաքացիական, թէ՛ ալ բանակային կեանքին համար:

Ս. Գ.- Արտագաղթը ժամանակաւոր բնոյթ կը կրէ: Ես կ՛ուզեմ հաւատալ, որ վերադարձի օրերը մօտ են:

Հ.- Ի՞նչ կը պակսի Հայաստանին այս օրերուս:

Ս. Գ.- Ծով:

Հ.- Կ՛ունենա՞նք:

Ս. Գ.- Անկասկա՛ծ:

Հ.- Ի՞նչ կարգավիճակ կ՛ունենայ Արցախը քսանհինգ տարի անց:

Ս. Գ.- Քսանհինգ տարի անց Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան այլազան դրօշներու շարքին կը ծածանի նաեւ Արցախի դրօշը:

Ազրպէյճանը ինքն ալ կը հաշտուի իրականութեան հետ, սահմանները կը բացուին, ու երբ սկսի առեւտուրը երկու ժողովուրդներու միջեւ, անմիջապէս կը մոռցուի անցեալը: Շրջադարձը կը սկսի ասկէ տասը տարի վերջ: Սա իմ կողմէս գուշակութիւն չէ, այլ` հիմնաւոր տեսլական:

Հ.- Եղա՞ծ էք Լիբանան:

Ս. Գ.- Լիբանան չեմ եղած, սակայն այդ երկրին հանդէպ ունիմ իւրայատուկ վերաբերմունք:

Լիբանանի եւ Սուրիոյ հանդէպ համակրանքս մեծցաւ այդ երկիրներէն ժամանած ուսանող դասընկներուս շնորհիւ:

Տարբեր երկիրներու մէջ առնչութիւն ունեցած եմ լիբանանցիներու հետ եւ միշտ համակրանքս աւելի ու աւելի մեծացած է այդ երկրին հանդէպ:

Լիբանանի մէջ մենք ունինք խաղաղապահ առաքելութիւն իրագործող ստորաբաժանում: Այդ առիթով ամիսներ առաջ Լիբանան մեկնած էր նախարար Սէյրան Օհանեանը:

Մեզի համար մեծ պատիւ է լիբանանեան բանակի մէջ ունենալ հայ զօրավարներ: Կառավարութեան մէջ` նախարարներ, խորհրդարանի մէջ հայ երեսփոխաններ, երկրի մէջ ունենալ հայ արուեստագէտներ, արհեստաւորներ, բժիշկներ, մարզիկներ, առաքինի վարք ու բարքով ապրող հայ քաղաքացիներ…

Միշտ հպարտութեամբ կը հետեւիմ Ծիծեռնակաբերդի տարածքին` նախագահ Միշել Սիւլէյմանի, վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ այլոց կողմէ ցանուած մայրիի հասակ առնող բարեկամութեան ծառերուն:

Հ.- Ի՞նչ կը մաղթէք «Ազդակ»-ի ընթերցողներուն:

Ս. Գ.- «Ազդակ»ը- այն հազուագիւտ թերթերէն է, որուն քաղաքական լուրերուն ինքս ալ պարբերաբար կը հետեւիմ: «Ազդակ»-ի ընթերցողները եւ ամբողջ լիբանանահայութիւնը, կը շնորհաւորեմ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 24-ամեակի առթիւ` իւրաքանչիւրը համարելով մեր սրբազան հայրենիքի լիարժէք անդամը:

«Արեւելքի Փարիզ»-ի հայրենակիցներս երկար տարիներ տառապած են պատերազմի արհաւիրքներէն եւ արժանի են այսույետ ապրելու խաղաղութեան մէջ: Խաղաղ երկինք, ստեղծագործ աշխատանք եւ երջանկութիւն ձեզ` սիրելի՛ հայրենակիցներ:

Երեւան-Պէյրութ 

Նախորդը

Յատուկ Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին. «Պէտք Չէ Մեր Ետին Նայինք. Մեր Նպատակը Պէտք Է Ըլլայ Լաւ Արդիւնք Արձանագրել Ասիոյ Ախոյեանութեան» Ըսաւ Ուալիտ Նասսար

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Վերականգնումին Զերօ Ժամը Եւ Վերանկախացումին 24 Տարիները

RelatedPosts

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան
Հարցազրոյց

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

Յունիս 24, 2025
«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան
Հարցազրոյց

«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան

Յունիս 20, 2025
«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան
Հարցազրոյց

«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան

Յունիս 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?