Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճակատագրի Գոյները (Հարցազրոյց Հայրենի Ճարտարապետ-Գեղանկարիչ Գագիկ Վանեանի Հետ)

Սեպտեմբեր 10, 2015
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց եւ խմբագրեց`
ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ

11911760_141309642875969_772698052_n

Կեանքի շեմին մարդու ուղին լի է լուսաւոր ծրագիրներով, եռանդով ու լաւատեսութեամբ, սակայն աւելի ուշ կը պարզուի, թէ կան ապրած եւ չապրած տարիներ, երբ կատակերգականն ու ողբերգականը ծաղրախաղի պէս կը յաջորդեն իրարու, երբ յաճախ հարկ կ՛ըլլայ յամառօրէն պայքարիլ` յանուն կեանքի հանդէպ ունեցած մեծ սիրոյ եւ յանուն արարման բերկրանքի:

Այդ սիրոյ ու բերկրանքի ձգտումով էր, որ հայրենի Դսեղ  գիւղի, Մեծ Լոռեցիի անուան դպրոցի 1975-ի, ապա Երեւանի ճարտարագիտական համալսարանի 1981-ի շրջանաւարտ Գագիկ Վանեանը խորհրդային բանակի մէջ հաշմանդամ դառնալէ ետք իր մէջ ուժ գտաւ պայքարելու, ապրելու եւ արարելու` ստեղծելով իր ուրոյն աշխարհը, ուր գերիշխողը սէրն է ու լաւատեսութիւնը: Մեր հարցազրոյցը տաղանդաւոր գեղանկարիչին հետ կայացաւ Դսեղի իր արուեստանոցին մէջ` յատուկ «Ազդակ»-ին համար:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ գերխնդիր ունէիք, երբ համալսարանին մէջ վկայուեցաք որպէս ճարտարապետ-գեղանկարիչ:

Գ. Վ.- Ինչպէս բոլոր նորաթռիչ մասնագէտները, ես ալ այն ժամանակ «վարդագոյն ակնոցներ» կը կրէի:

Կ՛ուզէի իրագործել աւանդականի ու նորի ներդաշնակութեամբ ստեղծուած իմ երազներուս քաղաքը, սակայն անմիջապէս զօրակոչուեցայ խորհրդային բանակ, ուր անցնելով մեծ փորձառութիւններու ու փորձանքներու մէջէն` դարձայ հաշմանդամ: Երազային վարդագոյնը փշրուեցաւ, եւ կեանքը սկսաւ ներկայանալ իրական գոյներով: Ես կորսնցուցած էի ոտքս, սակայն հոգիս ողջ էր: Հարկաւոր էի ապրիլ, արարել, ընտանիք ստեղծել…

Հ.- Ո՞ւր առաջնորդեց ձեզ այս ճակատագրական շրջադարձը:

Գ. Վ.- Ես աշխատանքի անցայ Հայաստանի Հանրապետութեան յուշարձաններու պահպանութեան վարչութեան մէջ` որպէս ճարտարապետ, ուր կրցայ աշխարհին ներկայացնել նախաքրիստոնէական Հայաստանէն մինչեւ մեր օրերը գոյութիւն ունեցող յուշարձանները` զանազան աշխատութիւններու միջոցով:

Ծրագիրները շատ էին, սակայն 1988-ի ղարաբաղեան շարժումը, երկրաշարժը, պատերազմը, ցուրտ ու մութ տարիները նոր պայմաններ կը թելադրէին: Ես վերադարձայ իմ ծննդավայրս` Դսեղ:

Հ.- Նահա՞նջ էր այդ, թէ՞ սկիզբ նոր վերելքի մը:

Գ. Վ.- Նահանջ կ՛ըլլար, եթէ լաւատեսութիւնս կամ կեանքի հանդէպ սէրս խամրէր: Ես սիրով վերադարձայ իմ ակունքներուս: Դսեղը իր անկրկնելի բնութեամբ ու մարդկային իւրօրինակ կենցաղով միշտ ներշնչանքի աղբիւր եղած է հանճարեղ գրողներու, գեղանկարիչներու, երաժիշտներու, բեմադրիչներու եւ այլոց համար:

Դսեղը նոր շրջադարձ մըն էր ինծի համար, նոր վերելքի մը սկիզբը, ներկապնակս նորանոր գոյներով հարստացնելու հզօր միջոց մը:

11850793_129729200700680_926349472_n

Հ.- Ի՞նչ կտաւներ ստեղծուեցան ձեր նոր ու հարուստ ներկապնակին շնորհիւ:

Գ. Վ.- Գեղանկարիչի ստեղծագործութիւնը անմիջականօրէն կապ ունենալով իր ապրած միջավայրին, անձնական եւ հասարակական կեանքին մէջ կատարուող մեծ իրադարձութիւններու հետ` կը բաժնուի հանգրուաններու: Մինչ այդ կտաւներուս մէջ գերիշխող կապոյտին զիջեցաւ կարմիրը: Թեմաներս դարձան հայ ազգային ազատագրական շարժումը, կեանքի հակասութիւնները, աշխատաւոր մարդը… Ստեղծած բնանկարներուս, դիմանկարներուս եւ յառաջապահական ոճի կտաւներուս մէջ կ՛արտացոլային մեր ապրած կեանքի խորքն ու բովանդակութիւնը:

Դսեղը այն միջավայրն է, ուր ստեղծագործողին համար շարունակ նոր հորիզոններ կը բացուին:

Ոմանք Լոռին կը համարեն աշխարհի վերջը, սակայն ինծի համար Դսեղը աշխարհի սկիզբն է:

Հ.- Արհեստի մէջ կարելի՞ է առանց դասականին տիրապետելու` որեւէ փորձառական քայլի ձեռնարկել կամ դիմել այլազան ուղղութիւններու:

Գ. Վ.- Այդ նոյնն է, որ ծառը պատկերացնենք առանց արմատներու, կամ կառոյցը` առանց հիմերու: Դասականին գերազանցապէս տիրապետած են Ֆրանսայի տպաւորապաշտները, Սարեանն ու Մինասը, Շակալն ու Մաթիսը, Սալվատոր Տալին: Ինծի հարազատ են արուեստի բոլոր ուղղութիւնները, սակայն այսօր մակերեսային արուեստը գրաւած է աշխարհի շուկաները: Միայն խորաթափանց աչքը կրնայ զանազանել կեղծը իրականէն:

Հ.- Գեղանկարիչի մը համար ի՞նչ է գիւղի եւ քաղաքի տարբերութիւնը:

Գ. Վ.- Ստեղծագործողի համար Դսեղը անսպառ ներշնչանքի աղբիւր մըն է, սակայն համաշխարհային արուեստի հետ քայլ պահելու առումով քաղաքը ունի իր առաւելութիւնները: Համացանցը բաւարար չէ, անհրաժեշտ է մասնակցիլ ցուցահանդէսներու, գիտաժողովներու` շարունակ գտնուելով մրցակցային դաշտի մէջ: Քանի մը անգամ աշխատանքներս ներկայացուած են Երեւանի եւ Վանաձորի ցուցահանդէսներուն, ստացած եմ հրաւէրներ Հայաստանի եւ արտասահմանեան տարբեր կազմակերպութիւններու կողմէն, սակայն նիւթական որոշ դժուարութիւններու պատճառով յետաձգած եմ այդ հրաւէրներուն ընդառաջումը:

Դսեղի մէջ կազմակերպուող տարեկան թումանեանական օրերուն, Մեծ Լոռեցիի տուն-թանգարանի տարածքին պարբերաբար կը կազմակերպուի աշխատանքներուս ցուցահանդէսը:

Հ.- Իսկ ո՞ւր մնաց ճարտարապետութիւնը, քու երազներուդ քաղաքը:

Գ. Վ.- Տարիներ առաջ հայկական ճարտարապետութեան ոճով ու գունային լուծումներով Դսեղի մէջ նախագծեցի եւ իրագործեցի առանձնատուն մը, որ եղաւ իմ երազներուս դղեակը: Երազային քաղաքը յաւիտեան մնաց երեւակայութեանս մէջ, իսկ վրձինը դարձաւ իմ եւ շրջապատիս մարդոց երազանքներն իրագործող «կախարդական փայտիկը»:

Հ.- Գեղանկարչութենէն զատ ի՞նչ այլ զբաղում ունիք:

Գ. Վ.- Այն, ինչ չի կրնար ընել վրձինը, կ՛ընէ գրիչը: Ես բազմաթիւ բանաստեղծութիւններու հեղինակ եմ, կը գրեմ հայրենիքի, բնութեան, սիրոյ, գիւղի մարդոց մասին: Կը զբաղիմ մեղուաբուծութեամբ: Բոլոր մեղուափեթակներուն վրայ իմ գեղանկարներս են: Այդ ոճը իմ անձնականս է: Ես զայն կոչած եմ` փեթականկարչութիւն:

Հ.- Ինչպէ՞ս կ՛ապրի այսօր հայ գիւղացին:

Գ. Վ.- Ինչպէս քաղաքի, նոյնպէս եւ գիւղի մէջ կան ծայրայեղ աղքատներ եւ մեծահարուստներ:

Վերջերս լրագրող մը մեր գիւղի տարեցներէն մէկուն կը հարցնէր, թէ` «Գո՞հ էք արդեօք մեր երկրի իշխանութիւններէն»: Մարդը երկար մտածեց, ապա արտաբերեց` «մեր իշխանութիւններէն շա՜տ գոհ ենք, բայց մեր կեանքի պայմաններէն ենք դժգոհ…»:

Հ.- Իւրաքանչիւր մարդ իր կեանքին մէջ ունի երկար սպասուած բան մը: Ինչի՞ կը սպասէք դուք:

Գ. Վ.- Կը սպասեմ այն երջանիկ օրուան, երբ գիւղի բոլոր լքուած տուներուն լոյսերը դարձեալ կը վառին, եւ ծուխը դարձեալ կը բարձրանայ երդիքներէն:

Հ.- Ի՞նչ մաղթանք ունիք լիբանանահայութեան:

Գ. Վ.- Սփիւռքահայ գաղթօճախներու ընդհանուր մտահոգութիւնը հայապահպանութեան խնդիրն է: Գիտեմ, որ լիբանանահայութիւնը չունի այդ խնդիրը: Կը մաղթեմ, որ հայրենակիցներս շարունակեն պահպանել իրենց հայեցի բարձր ոգին` յաւերժական օրինակ հանդիսանալով ամբողջ աշխարհի հայութեան համար:

Երեւան – Պէյրութ

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Նամակ Երկրէն. Իսկական Հերոսները

RelatedPosts

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած
Հարցազրոյց

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած

Ապրիլ 18, 2025
Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները
Հարցազրոյց

Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները

Մարտ 18, 2025
Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան
Հարցազրոյց

Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան

Յունուար 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?